Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհրապ Մնացականեանն Ու Սերկէյ Լաւրով Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հոլովոյթը

July 10, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սլովաքիոյ Վիսոքէ Թաթրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ-ի ոչ պաշտօնական նախարարական հանդիպումի ծիրին մէջ 8 յուլիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական դաշնակցային օրակարգին, երկկողմանի եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են շրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին:

Հանդիպում` Սերպիոյի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

9 յուլիսին  տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Իվիցա Թաչիչի հանդիպումը, կը յայտնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Կողմերը քննարկեցին երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցեր` ուղենշելով քաղաքական երկխօսութեան աւելի աշխուժացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք յառաջիկայ քայլերը:

Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ միջազգային կառոյցներու մէջ  փոխադարձ գործակցութեան խորացման առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հրատապ խնդիրներ:

Հայաստանի եւ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարները  անդրադարձ կատարեցին ԵԱՀԿ-ի օրակարգային խնդիրներուն, միտքեր փոխանակեցին կազմակերպութեան գործունէութեան եւ անոր  շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան շուրջ:

Նաեւ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու Եւ Մարդու Իրաւունքներու Գրասենեակի Տնօրէնին Հետ

Սլովաքիոյ մէջ ընթացող ԵԱՀԿ-ի ոչ պաշտօնական նախարարական հանդիպման ծիրին մէջ 8 յուլիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) տնօրէն Ինկիպէօրկ Սոլրուն Կիսլատոթիրի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ԵԱՀԿ-ի օրակարգային հարցերուն, կազմակերպութեան գործունէութեան երեք հարթութիւններու վրայ Հայաստանի աշխուժ ներգրաւուածութեան:

Կողմերը անդրադարձ կատարած են նախորդ դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն` այս առնչութեամբ բարձր գնահատելով ընտրական ընթացքին մէջ ԵԱՀԿ/ ԺՀՄԻԳ-ի հետ սերտ համագործակցութիւնը:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ իրականացուող մարդու իրաւունքներու խրախուսման եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերող բարեփոխումներուն շուրջ, որոնց կարգին` դատաիրաւական ոլորտին մէջ: Նախարար Մնացականեան վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը շարունակելու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը միջազգային գործընկերներուն հետ` ուղղուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու խթանման ու մեր ձեռքբերումներու ամրապնդման: Երկուստեք յատուկ կերպով անդրադարձած են ԵԱՀԿ-ի յանձնառութիւններու ծիրին մէջ այս ուղղութիւններով համագործակցութեան առաւել ամրապնդման:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Ստորին Պալատը Վաւերացուցած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ – ԱԺՄ Հանդիպումը

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Խմբագրական.  Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.