Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ընկերակցութեամբ ճարտարարուեստի մարզին մէջ գործող երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեց նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ճարտարարուեստին ներկայացուցած իրավիճակը եւ անոր ապագան ամրապնդելու նպատակով որդեգրուելիք քայլերը:
Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզը բարելաւում արձանագրէ եւ ելեւմտական առումով Լիբանան հանգիստ վիճակ ունենայ:
«Այսօր մենք կը գտնուինք ծովուն յատակը եւ բոլորս` պետական թէ սեփական մարզ, պէտք է գործակցինք` սկսելու համար վերելքի փուլ մը», շեշտեց նախագահ Աուն:
Ան յայտնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացումէն ետք երկրին բոլոր մարզերը պիտի փորձենք բարելաւել` երկրագործական, ճարտարարուեստի թէ կենսոլորտի առումով, որպէսզի կարենանք երկրին տնտեսական կացութիւնը ամրապնդել եւ տնտեսական աճ արձանագրել:
Անդրադառնալով դէպի Լիբանան ապօրինի անցքերով այլ արտադրութեանց մուտքը ապահովելու եւ օտար քաղաքացիութիւն կրող անհատներուն աշխատանքի արտօնութիւն տալու երեւոյթներուն` նախագահ Աուն յայտնեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը քաղաքապետարաններուն հետ որոշ քայլեր որդեգրած է, սակայն քաղաքապետարաններուն մեծ մասը չի գործակցիր այդ նպատակին իրագործումին համար:
Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Ապու Ֆաուր ողջունեց նախագահ Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն գործակցութիւնը` բարելաւելու համար երկրին ճարտարարուեստի իրավիճակը:
Այս առիթով երեսփոխան Յակոբ Թերզեան անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի ցամաքային անցքերով այլ արտադրութիւններու մաքսանենգումին դէմ պայքարը` նկատի ունենալով մաքսանենգումի երեւոյթին` լիբանանեան արտադրութիւններուն հասցուցած վնասները:
Նախագահ Աուն ընդունեց երկրագործութեան նախարար Հասան Լաքքիսը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Այս առիթով Լաքքիս յայտնեց, որ Լիբանան Յորդանանի հետ համաձայնած է լիբանանեան արտադրութիւնները Իրաք արտածել` Թարապիլի անցքին ընդմէջէն:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ:
Քննարկուեցան յառաջիկայ ամսուան ընթացքին վճռաբեկ ատեանի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ 2019-ի պետական ամավարկին շուրջ խորհրդակցութիւններուն վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ Ֆահըտ շեշտեց դատաւորներուն իրաւունքները պաշտպանելու անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Դատաւորներու հատուցումներու սնտուկին եւ անոր անկախ գործունէութեան: