Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 23 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Հրայրի եւ իր քրոջ` Անի Տիարպեքիրեան-Սաատէի գործերու ցուցահանդէսին բացումը:
«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին անունով Անժելա Տաղլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ ընտանեկան ծառի մը արուեստի խոր արմատները յայտնաբերող սոյն եզակի ցուցահանդէսը կը յատկանշուի Հրայրի ստեղծագործական կեանքի տարբեր հանգրուաններու արգասիքին գեղեցիկ համադրումով եւ Անի Տիարպեքիրեան-Սաատէի գոյներով, շարժումներով հարուստ եւ ընդհանրապէս գեղեցիկի ու բարիի հարազատ արտայայտչական ոճով: Տաղլեան յաջողութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթեց զոյգ արուեստագէտներուն` հաստատելով, որ Հրայր իր վաստակով ու ներդրումով համալիբանանեան եւ միջազգային մակարդակներ նուաճած արուեստագէտ մըն է եւ հպարտութիւն` բովանդակ հայութեան:
«Այսօր ուրախ ենք ցուցասրահին մէջ հիւրընկալելու լիբանանեան, արաբական եւ միջազգային մակարդակի վրայ մեծ համբաւ վայելող, միջազգային կարեւոր կեդրոններու մէջ իր արուեստի գործերով հանրածանօթ դարձած եւ իր բարձրորակ արուեստով ու տաղանդով իր անունին շուրջ մնայուն շարժում եւ հետաքրքրութիւն ստեղծած, նաեւ հայ մշակոյթի զարգացման ու միջազգայնացման գործին մէջ իր նպաստը բերած Հրայրը», ըսաւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի վարչութեան անդամ արուեստագէտ Միսաք Թերզեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ` աւելցնելով, որ ցուցահանդէսը տարբեր փայլք մը ստացած է, որովհետեւ կը ներկայացնէ ընտանեկան ծառի մը խոր արմատները` նկարչական արուեստի մէջ հարուստ ժառանգութիւն մը, ուր Հրայրին քոյրը` Անի Տիարպեքիրեան-Սաատէ եւս կը ներկայանայ գեղանկարչական արուեստի գեղեցիկ փունջով մը: Թերզեան մաղթեց, որ սոյն ընտանիքի գեղանկարչական արուեստին հարուստ ժառանգութիւնը ուշադրութեան կեդրոնը դառնայ նորահաս սերունդներուն:
Աւարտին շնորհակալական խօսք ուղղեց արուեստագէտ Հրայր:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 15 յուլիս 2016 եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30: