Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գայեանէ» Պարախումբը Այսօր Եւ Վաղը Հանդէս Պիտի Գան «Մոխրիկ» Պարային Ներկայացումով

Յունիս 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Kayane_62316Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան  «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի աշակերտները արդէն իսկ պատրաստ են այսօր` ուրբաթ, 24 եւ վաղը` շաբաթ, 25 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Էմիլ Լահուտ» կեդրոնին մէջ ներկայանալու հանրութեան եւ իրենց տարեշրջանի մը աշխատանքին արդիւնքը ներկայացնելու իրենց ծնողներուն եւ լիբանանահայ արուեստասէրներուն:

Այս մասին կը վկայեն պարուսոյց  եւ գեղարուեստական ղեկավարներ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները, որոնք թէեւ որոշ մտավախութիւններ ունին, սակայն ատիկա բնական է, որպէսզի բոլորը աւելի զգաստ մնան, եւ ելոյթները կարելի եղածին չափ կատարելագոյն կերպով ներկայացուին: Անոնց նպատակն է շուրջ 300 աշակերտներու մէջ սերմանել սէրը հայկական մշակոյթին, պարարուեստին եւ երաժշտութեան նկատմամբ, սակայն միեւնոյն ատեն ծանօթացնել նոր պարերու, նոր մշակութային դրսեւորումներու: Այս տարի «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի աշակերտներու ելոյթներուն նիւթը «Մոխրիկ»-ն է, որ պիտի բեմականացուի պարային ներկայացումներով: Ժաքլին Մակինեանի համաձայն, թէեւ ամբողջ ելոյթը մէկ նիւթի շուրջ կեդրոնացնելը բաւական բարդ է, սակայն անիկա արդէն իրականութիւն դարձած է, ինչպէս նաեւ մեծ հաճոյք կը պատճառէ աշակերտներուն:

Կարէն Մակինեան բացատրեց, որ իրենք իրենց առաւելագոյնը ըրած են, սակայն պէտք է միշտ ի մտի ունենալ այն, որ ասիկա դպրոց է, ոչ թէ արհեստավարժ կեդրոն, ուստի պէտք է այդ մօտեցումով դիտել ելոյթները:

Հայրենիքէն այս առիթով յատուկ հրաւիրուած է արուեստագէտ Աննա Ամասը, որ աւազէ ստուերանկարներ կը պատրաստէ եւ «Գայեանէ»-ին ելոյթներուն առաջին անգամ ըլլալով լիբանանահայութեան պիտի ներկայացնէ այս արուեստը: Ան ըսաւ, որ ասիկա բաւական հետաքրքրական արուեստ է, աւազով «կառուցուող» պատկերները շատ արագ կը փոխուին, հետաքրքրական մթնոլորտ կը ստեղծեն, մանուկներու ելոյթին համար շատ յարիր են:

Լիբանանահայ արուեստասէրները հրաւիրուած են վայելելու «Գայեանէ»-ի ելոյթները եւ ըմբոշխնելու մանկական անմեղութեամբ թաթաւուն պարային ներկայացումները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հրայրի Եւ Անի Տիարպեքիրեան-Սաատէի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?