Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 120. Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Ներկայացուց Իրավիճակը Տիգրանակերտի, Մուշի, Սասունի, Երզնկայի Եւ Տերսիմի Մէջ` Իր Վերջին Ուղեւորութեան Ընդմէջէն

Յունիս 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

27583963600_e165bb48c3_o

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 23 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ թիւ 120 լսարանը, որուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ներկայացուց իրավիճակը Տիգրանակերտի, Մուշի, Սասունի, Երզնկայի եւ Տերսիմի մէջ` իր կատարած վերջին ուղեւորութեան տպաւորութեան լոյսին տակ:

27249738133_99f7e70afb_o
Վահրամ Էմմիեան

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Թուրքիոյ քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն, քրտամէտ Ժողովուրդի ժողովրդավարական կուսակցութեան վարած քաղաքականութեան,  Էրտողանի ծրագիրին եւ ապա քրտական հարցի խաղաղ լուծման վերջ դրուելուն:

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան իր զեկուցումին սկիզբը խօսեցաւ Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակին մասին` լուսարձակի տակ առնելով անցնող 10 տարիներուն ընթացքին քրտական շրջաններուն մէջ տիրող դրական մթնոլորտը, որուն շնորհիւ քաղաքական առումով դրական փոփոխութիւններ արձանագրուած են: Ան յայտնեց, որ քրտական զինեալ ուժերը նկատելով, որ զինեալ պայքարն ու ռազմական, ահաբեկչական գործողութիւնները ոչ արդիւնաւէտ ընթացք ունին, փոխած են իրենց ռազմավարութիւնը: Անոնք աշխատած են բազմամշակութային տարածք ստեղծել ներգրաւելով փոքրամասնութիւններ, ինչպէս` հայեր, ասորիներ, ալեւիներ եւ այլն: Արձանագրուած այս յաջողութիւններէն եղած է Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութիւնը: Քրտական շրջաններուն մէջ ահաբեկչական կազմակերպութեան պիտակը վերցնելով նոր տարածք բացուած է քրտական ուժերուն դիմաց` Թուրքիոյ քաղաքական հոլովոյթին մէջ: Զեկուցաբերը նշեց, որ ընդհանուր մթնոլորտին մէջ երեւան եկած է հմուտ քաղաքական գործիչներէ բաղկացած քիւրտ սերունդ մը, որ պայքար մղած է ու կը մղէ քաղաքական գետնի վրայ: Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան յայտնեց, որ ստեղծուած դրական մթնոլորտը իր դրական ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ Պոլսոյ եւ իսլամացած հայութեան վրայ: Ապա զեկուցաբերը խօսեցաւ քրտական շրջանակներուն մէջ արձանագրուած յաջողութեան յաջորդած առճակատման, հալածանքներուն եւ ճնշումներուն մասին: Դոկտ. Խ. Մուրատեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս քրտական զինեալ շարժման մէջ զսպողական տրամադրութիւնները սկսած են հետզհետէ նուազիլ, քիւրտերը տարբեր քաղաքներու եւ յատկապէս Տիգրանակերտի մէջ իրենց երիտասարդական թեւը զինած ու ղրկած են թաղամասեր` հետագային ինքնիշխան տարածք յայտարարելու նպատակով, եւ թէ ինչպէ՛ս թրքական բանակի մարտավարութեան իբրեւ հետեւանք Տիգրանակերտի 30 առ հարիւրը դարձած է լրիւ աւերակ: Ան յայտնեց, որ թրքական իշխանութիւնները ներկայիս ծրագիր ունին Տիգրանակերտի պարսպապատ շրջանը ամբողջութեամբ վերաշինել:  Իսկ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ պատասխանատու կազմը  դիմում ներկայացուցած է կառավարութեան, որպէսզի եկեղեցւոյ տարածքը զերծ մնայ այդ ծրագիրէն:

27249731643_7d79e328bd_o
Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան

Դոկտ. Մուրատեան իր զեկուցումի ընթացքին խօսեցաւ նաեւ հայ երիտասարդներու Արեւմտահայաստան այցելութեան, անոնց տպաւորութիւններուն եւ իսլամացած հայերու հետ հանդիպումներուն մասին: Զեկուցաբերը ըսաւ, թէ քրտական պատերազմէն ետք իսլամացած հայութեան քով լաւատեսութեան մթնոլորտը  բոլորովին չէզոքացած է, անոնք ըսած են, թէ այսօր իրենցմով հետաքրքրուող չկայ, այցելու չունին: Դոկտ. Խ. Մուրատեան նկատել տուաւ, թէ դար մը եւ աւելի իսլամացած հայերը դատապարտուած էին լուռ մնալու, եւ երբ հազիւ սկսած են խօսիլ, վերջին քաղաքական-ապահովական զարգացումներուն լոյսին տակ կրկին  դատապարտուած են լռութեան: Ներկայիս ամէն տեղ տիրող  հակահայ շունչը մտահոգիչ դարձած է անոնց համար:

Ան նկարներով ցոյց տուաւ Տիգրանակերտի մէջ իրենց հայու ինքնութիւնը ընդունող հայ անհատներ, որոնց հետ հանդիպումներ ունենալով իրազեկ դարձած է անոնց ապրած վատ վիճակին մասին, որ ա՛լ աւելի վատթարացած է արցախեան քառօրեայ պատերազմէն եւ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի որդեգրումէն ետք:

Զեկուցաբերը խօսելով Տերսիմի հայութեան մասին ըսաւ, որ հակառակ հակաքիւրտ մթնոլորտին, Տերսիմի մէջ տղաքը կը շարունակեն արտայայտուիլ ազատօրէն: Անոնք սկսած են նաեւ հայերէն լեզուի դասընթացքի մը: Ապա զեկուցաբերը ակնարկ մը նետեց Ակնի, Սասունի եւ Երզնկայի վրայ, որոնք անցեալին եղած են  հայ մշակոյթի վառ կեդրոններ, իսկ նոյն վայրերու ներկայ բնակիչները բոլորովին անտեղեակ են դար մը առաջ այդ երդիքներուն տակ ծաղկած հայ արժէքներուն մասին:

Դոկտ. Խ. Մուրատեան եզրափակեց իր զեկուցումը մատնանշելով հայութեան ունենալիք դերը յիշեալ խնդիրներու լուծման մէջ եւ ըսաւ. «Իբրեւ հաւաքականութիւն` հայերը «հրդեհը կանխարգիլելու» մօտեցում պէտք է ունենան: Մեր բոլոր հարցերը միաժամանակ առաջնային պէտք է նկատենք ու ապա լուծումներու յանգինք: Հայկական ինքնութիւնը կը մեռնի, երբ անարձագանգ կը մնայ: Հայ արժէքներուն պահպանումը եւ անոնց վերադառնալը կ՛իրականանայ պապենական հողերուն հետ մնայուն կապով, հոն վերադառնալով եւ անոնց հետ առնչուելով», եզրափակեց դոկտ. Մուրատեան:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հրայրի Եւ Անի Տիարպեքիրեան-Սաատէի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Յաջորդը

«Ասատի Ուժերուն Դէմ Զինուորական Արշաւ Ձեռնարկելու Կոչը Սայթաքեցնող Ճամբայ Մըն Է» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?