Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հրայրի Եւ Անի Տիարպեքիրեան-Սաատէի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

June 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13535692_10208260051530781_1819760304_n

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 23 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Հրայրի եւ իր քրոջ` Անի Տիարպեքիրեան-Սաատէի գործերու ցուցահանդէսին բացումը:

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին անունով Անժելա Տաղլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ ընտանեկան ծառի մը արուեստի խոր արմատները յայտնաբերող սոյն եզակի ցուցահանդէսը կը յատկանշուի Հրայրի ստեղծագործական կեանքի տարբեր հանգրուաններու արգասիքին գեղեցիկ համադրումով եւ Անի Տիարպեքիրեան-Սաատէի գոյներով, շարժումներով հարուստ եւ ընդհանրապէս գեղեցիկի ու բարիի հարազատ արտայայտչական ոճով: Տաղլեան յաջողութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթեց զոյգ արուեստագէտներուն` հաստատելով, որ Հրայր իր վաստակով ու ներդրումով համալիբանանեան եւ միջազգային  մակարդակներ նուաճած արուեստագէտ մըն է եւ հպարտութիւն` բովանդակ հայութեան:

13511513_10208260051370777_37302981_n13514431_10208260050770762_1036276950_n«Այսօր ուրախ ենք ցուցասրահին մէջ հիւրընկալելու լիբանանեան, արաբական եւ միջազգային մակարդակի վրայ մեծ համբաւ վայելող, միջազգային կարեւոր կեդրոններու մէջ իր արուեստի գործերով հանրածանօթ դարձած եւ իր բարձրորակ արուեստով ու տաղանդով իր անունին շուրջ մնայուն շարժում եւ հետաքրքրութիւն ստեղծած, նաեւ հայ մշակոյթի զարգացման ու միջազգայնացման գործին մէջ իր նպաստը բերած Հրայրը», ըսաւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի վարչութեան անդամ արուեստագէտ Միսաք Թերզեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ` աւելցնելով, որ ցուցահանդէսը տարբեր փայլք մը ստացած է, որովհետեւ կը ներկայացնէ ընտանեկան ծառի մը խոր արմատները` նկարչական արուեստի մէջ հարուստ ժառանգութիւն մը, ուր Հրայրին քոյրը` Անի Տիարպեքիրեան-Սաատէ եւս կը ներկայանայ գեղանկարչական արուեստի գեղեցիկ փունջով մը: Թերզեան մաղթեց, որ սոյն ընտանիքի գեղանկարչական արուեստին հարուստ ժառանգութիւնը ուշադրութեան կեդրոնը դառնայ նորահաս սերունդներուն:

13510605_10208260051650784_1847806572_n

Աւարտին շնորհակալական խօսք ուղղեց արուեստագէտ Հրայր:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 15 յուլիս 2016 եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

Նախորդը

«Գայեանէ» Պարախումբը Այսօր Եւ Վաղը Հանդէս Պիտի Գան «Մոխրիկ» Պարային Ներկայացումով

Յաջորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 120. Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Ներկայացուց Իրավիճակը Տիգրանակերտի, Մուշի, Սասունի, Երզնկայի Եւ Տերսիմի Մէջ` Իր Վերջին Ուղեւորութեան Ընդմէջէն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.