Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին` Բացում` Արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի Գործերու Ցուցահանդէսին

Ապրիլ 10, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_7845Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանրածանօթ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, արուեստագէտներու, պաշտօնական եւ միութենական անձնաւորութիւններու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանի, նախկին նախարար Ռէյմոն Աուտէի, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութեան:

Նազելի Աւագեան
Նազելի Աւագեան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով Նազելի Աւագեան ողջունեց ներկաները եւ վեր առաւ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի գեղարուեստական ու նկարագրային յատկութիւնները: «Թուրքը փորձեց բնաջնջել հայ մարդը, ոչնչացնել հայ մշակոյթը, բայց չյաջողեցաւ: Փաստը այսօրուան ցուցահանդէսն է», ըսաւ Աւագեան եւ աւելցուց. «Լիւսի Թիւթիւնճեան գեղանկարիչ մը ըլլալու կողքին նաեւ Համազգայինի այս ցուցասրահին հոգեւոր մայրն է»: Ան խիստ բարձր գնահատեց արուեստագէտին նախաձեռնութիւնը` ցուցահանդէսին հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացնելու Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին: Այսօրուան ցուցահանդէսը ինքնին երեւոյթ մըն է եւ բարի օրինակ մը արուեստի մը բոլոր գործիչներուն, ըսաւ Աւագեան եւ կեդրոնական մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիւսի Թիւթիւնճեանին` անոր այս օրինակելի քայլին համար:

 Յակոբ Հաւաթեան
Յակոբ Հաւաթեան

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի հրատարակչատան եւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ ցուցահանդէսի այս առիթը կազմակերպուած է բարի գաղափարի մը, լաւ նպատակի մը համար: «Լիւսի Թիւթիւնճեան մեր հաւաքական կեանքին մէջ երեւոյթ մըն է եւ այս իմաստով բազմաթիւ օրինակելի դասեր ունինք քաղելիք», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Նախ` այս ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ինչ որ արդէն մեծագոյն ապացոյցն է, որ թշնամին ոչ միայն չկրցաւ կասեցնել մեր մշակութային երթը, այլ ընդհակառակն` չկրցաւ խոչընդոտել անոր զարգացումը, բարգաւաճումը եւ միջազգայնացումը»: Երկրորդ, շարունակեց Հաւաթեան, թուրքը ոչ թէ չկրցաւ մեզ մնայուն անօթութեան եւ տառապանքի մատնել, այլ հայութիւնը այս երկիրներուն մէջ իր տարագրուած վիճակէն շատ արագ դուրս գալով յաջողեցաւ իր ներկայութիւնը փաստել, իր կայացումը երաշխաւորել եւ ոչ միայն իր, այլեւ ամբողջ հայկական միջավայրին օգտակար դառնալ: Հետեւաբար, յոյսի վերապրումի եւ վճռակամութեան հարազատ արտայայտութիւնն է նաեւ այսօրուան այս առիթը»:

Երրորդ, մատնանշեց Հաւաթեան, «մենք պէտք ունինք նորահաս սերունդներուն համար վարակիչ օրինակներու, եւ այսօր, այս օրինակին դիմաց պէտք է մեր նորահաս սերունդները յարգանք ունենան եւ պատրաստակամ զգան շարունակելու անոնց գործը:

IMG_7808«Մենք պէտք է ունենանք այն համոզումը, որ այսօրուան սերունդին յաջորդները նաեւ անխափան եւ հաւատաւոր կերպով պիտի շարունակեն այդ գործը, որովհետեւ առանց ազգային հաւաքական կեանքին այսօրուան սերունդին նեցուկին, մեր հաւաքական կեանքը չի կրնար ճառագայթել եւ անոր շարունակականութիւնը մենք չենք կրնար ապահովել», «Հետեւաբար, դէպի նոր 100-ամեակ փոխանցման այս հանգրուանին, հայ ժողովուրդի յաղթական երթին համար, եկէք հաւաքաբար` մենք մեր յարգանքը ցուցաբերենք», եզրափակեց Յակոբ Հաւաթեան:

Իր կարգին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Լիւսի Թիւթիւնճեան` շնորհակալութիւն յայտնելով հոծ բազմութեան ներկայութեան համար:

«Երբ կ՛աշխատիմ, ուրիշ աշխարհի մէջ` հարազատ կը զգամ ինքզինքս, շրջապատիս հետ եւ մեծ հաճոյքով ժամերը կ՛անցնին, եւ կ՛անդրադառնամ, որ այլեւս պէտք է հանգչիմ», ըսաւ արուեստագէտ Թիւթիւնճեան` խոստանալով նմանօրինակ այլ հանդիպումներով եւս հանդիպիլ:

Լիւսի Թիւթիւնճեան
Լիւսի Թիւթիւնճեան

Իր ներաշխարհի ապրումները ցոլացնող արուեստին ընդմէջէն, արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամբողջ ժողովուրդի մը ապրումները կը դրսեւորէ: Տպաւորիչ իր իւղաներկ գեղանկարներուն մէջ կը գտնենք հայը, մա՛րդը իր բոլոր կերպարներով: Հո՛ն է մանուկը, կինը, մայրը, հայրենի քաղցրիկ տունը… կեանքը իր թարմ ու դառն պատկերներով:

Աւերակներու եւ սարսափներու մէջէն յարութիւն առած` հայութեան ցաւը, սէրը, կարօտը, գուրգուրանքն ու յոյսն է, որ կը խորհրդանշեն անոր գործերը:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 16 ապրիլ, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Ցուցահանդէս-վաճառքի ամբողջական հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին:

 

Նախորդը

Քեսապի Արուարձաններուն Վրայ Արձակուած Հրթիռները Վնաս Չպատճառեցին

Յաջորդը

Եւրոպական Պետութիւններու Դեսպանատուներու Դէմ Կատարուած Ցոյցերու Շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Եւ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Անդամները Ցոյց Մը Կատարեցին Գերմանիոյ Դեսպանատան Դիմաց

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?