Անդրադարձ. Լեւոն Տէր Պետրոսեան Իր Նախագահական Տարիներուն $153 Միլիոն Տոլար Յափշտակած Եւ Արտասահման Փախցուցած Է
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ազդակ»-ի 8 յունիս 2020-ի թիով, Դերենիկ Մելիքեան «Կորոնայով Կամ Առանց Կորոնայի …» յօդուածին մէջ (1), կը մէջբերէ.«Իր պաշտօնավարման երկրորդ հնգամեան չաւարտած ՀՀ հրաժարեալ նախագահ Լ.Տ. Պետրոսեանի մօտ, սակայն, ... Շարն.
Յայտարարութիւններ (23 Յունիս 2020)
ՄԱՀԱԶԴ Անահիտ Ղազարեան Տէր եւ տիկին Շահան եւ Գոհար Գանտահարեան եւ դուստրը` Ալիք Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան եւ զաւակները` Կալի եւ Կարէն Տէր եւ տիկին Արէն եւ ... Շարն.
Փաշինեանի Քաղաքական Շանթաժը
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին ներքաղաքական իրադարձութիւններուն լոյսին տակ եկէք արձանագրենք, որ 2018-ին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ խոստացուած իրաւական եւ ժողովրդավարական, սիրոյ եւ համերաշխութեան պետութիւն մը ունենալու երազանքը փաստօրէն տապալած է։ ... Շարն.
Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. 2020-2021 Տարեշրջանի Ախոյեանութեան Ազդանշանը Պիտի Տրուի 15 Նոյեմբերին
Երէկ՝ երկուշաբթի, 22 յունիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ Էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր ժողովը, նախագահութեամբ իր նախագահին՝ Աքրամ Հալապիի: Անոր ներկայ եղան ֆետերասիոնին բոլոր անդամները: Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ... Շարն.
Ճատրակ. Շանթ Սարգսեան՝ Արսէն Եղիազարեանի Յուշամրցաշարքին Տիտղոսակիր
Մասնակցութեամբ՝ 54 ճատրակ խաղացողներու, որոնց կարգին՝ 8 կրանտմասթըրներ, տեղի ունեցաւ Արսէն Եղիազարեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի առցանց մրցաշարքը: Առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով, մրցաշարքին տիտղոսակիր դարձաւ կրանտմասթըր՝ Շանթ Սարգսեան: Հայկ ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր՝ Պարսելոնա-Աթլեթիք Պիլպաօ
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-ի 31–րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր՝ երեքշաբթի, Պարսելոնա իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիք Պիլպաոյին: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 23:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Քաթալոնիական կազմը իր ... Շարն.
Ճեմարանի Հիմնադրութեան 90-ամեակ. Հայրենիքը Օտարութեան Մէջ
ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ Եթէ երբեք նախնական ու համեստ բնութագրում մըն է դպրոց հասկացողութիւնը, ճեմարանը բաւարար է գոհացնելու ակադեմական որակումը 90-ամեայ կրթական այս օճախին, որ կոչուեցաւ «Հայ Ճեմարան» բառին իսկական տարողութեամբ ու ... Շարն.
Ճեֆրի. «Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր, Որ Ասատ Իշխանութենէն Հեռանայ, Այլ` Իր Վարմունքը Փոխէ»
Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի նշեց, թէ իր երկիրը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` իշխանութենէն հեռացումը չի պահանջեր, այլ կ՛ուզէ, որ անիկա փոխէ իր վարմունքը: «Մենք ամբողջական յաղթանակ ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիպիոյ Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Բանակցութիւնները Շարունակելու
Իրան Կը Զօրակցի Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան. Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց` «Լիպիոյ մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու եւ բանակցութիւնները շարունակելու»: Խորհուրդը յայտնեց, թէ դէմ է Լիպիոյ մէջ որեւէ ... Շարն.
Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Լիպիոյ Հարցով Արտակարգ Ժողովը Այսօրուան Յետաձգուեցաւ
Արաբական լիկան յայտարարեց, որ Լիպիոյ մէջ զարգացումներուն եւ Նեղոս գետին վրայ Եթովպիոյ կառուցած «Նահտա» ամբարտակի հարցերու քննարկման համար, Եգիպտոսի պահանջով հրաւիրուած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ ժողովը յետաձգուած է այսօրուան: ... Շարն.
Սալեհ Եգիպտոսին Կոչ Կ՛ուղղէ` Միջամտելու Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմին Ու Լիպիոյ Օժանդակելու Օտարերկրեայ Ներխուժման Դէմ
Լիպիոյ արեւելքը գտնուող խորհրդարանի նախագահ Աքիլա Սալեհ ողջունեց ու իր զօրակցութիւնը յայտնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի արտասանած խօսքին եւ անոր կոչ ուղղեց` միջամտելու եւ ահաբեկչութեան ու օտար ուժերու ներխուժման ... Շարն.
Իրան Սէուտական Արաբիոյ Եւ Պահրէյնին Կոչ Ուղղած Է` Չխաղալու Կրակին Հետ
Սէուտական Արաբիան ու Պահրէյնը Թեհրանէն ստացած են Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման վերաբերեալ նախազգուշացումներ: «Էյ.Էմ.Էն.» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերով յատուկ օգնական Հուսէյն ... Շարն.
Իրան Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Զինուորներու Տեղաշարժին
Իրանի որոշումներու ընդունման քաղաքական նպատակայարմարութիւնը ճշգրտող խորհուրդի քարտուղար, Յեղափոխութեան պահակագունդի նախկին հրամանատար Մոհսեն Ռեզայի մատնանշած է, որ Թեհրան մեծ յառաջընթաց արձանագրած է տիեզերական ոլորտին մէջ, ինչ որ կ՛արտօնէ «մանրամասնօրէն հետեւիլ» ... Շարն.
Թրամփ Մատուրոյի Հետ Հանդիպումի Կարելիութիւն Կը Նկատէ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւանական նկատած է Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հետ հանդիպումը: Այս մասին ան յայտարարած է «Աքսիոս» կայքի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ ... Շարն.
Նիւ Եորքի Մէջ Կը Կազմաքանդուի Թէոտոր Ռուզվելթի Արձանը
Միացեալ Նահանգներու 26-րդ նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթի յուշարձանը, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի Բնութեան պատմութեան ամերիկեան թանգարանի մուտքին դիմաց, կը կազմաքանդուի: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը` նշելով, որ թանգարանի ... Շարն.
«Խորհրդային Միութեան Պետութիւնները Հսկայական Տարածքով Ռուսական Հողեր Ստացած Են», Կ՛ըսէ Փութին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանի «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» հաղորդման ժամանակ յայտարարած է, թէ Խորհրդային Միութեան ստեղծման ժամանակ անոր կազմին մէջ մտած հանրապետութիւնները «ստացած են հսկայական տարածութեամբ ռուսական ... Շարն.
«Քորոնա» Ժահրով Վարակման Պարագաներուն Թիւը Մրցանշային Աճ Կ՛արձանագրէ
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակման պարագաներուն թիւը կիրակի օր մրցանշային աճ արձանագրած է: Այդ թիւը 24 ժամուան ընթացքին բարձրացած է 183.020-ով: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը ... Շարն.
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Սահմանադրական Փոփոխութիւնը Անթոյլատրելի Նկատող
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 22 յունիսին հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը` սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերող: «Սահմանադրական փոփոխութիւններու արագընթաց եւ անպատասխանատու կերպով Ազգային ժողովում ներկայացումը, քննարկումն ու ընդունումը փաստում են, որ. 1.- ... Շարն.
Իշխան Սաղաթէլեան. «Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Դիմէ Սահմանադրական Դատարան»
Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պէտք է իրմէ կախեալ անհրաժեշտ քայլերուն ձեռնարկէ այս հակաօրինական, հակասահմանադրական ընթացքը կասեցնելու համար եւ պէտք է դիմէ Սահմանադրական դատարան, որովհետեւ ան ունի անհրաժեշտ գործիքակազմը: «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ... Շարն.
Ազգային Ժողովը Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Նախագիծը Ընդունեց` 89 Թեր Քուէով
Ազգային ժողովը 89 թեր, 0 դէմ ձայներով, երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու» նախագիծը: Ընդունուած օրինագիծով դադրեցաւ Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ Ալվինա Գիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Հրանտ Նազարեանի պաշտօնավարումը, ... Շարն.