Յայտարարութիւններ (17 Յուլիս 2019)
ՄԱՀԱԶԴ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը գուժէ իր 1954-ի շրջանաւարտներէն ԱԼԻՍ ՍԻՄՈՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 15 յուլիս 2019-ին: ------------------------------------- Հովանաւորութեամբ` Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարարութեան Կազմակերպութեամբ` «ԼՕԽ»-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ... Շարն.
Լիբանանի Ազգային Խումբը Աւարտեց Ա. Հանգրուանի Իր Փորձերը` Արեւմտեան Ասիոյ Ֆութպոլի Մրցաշարքին Գծով
Անցնող քանի մը օրերուն, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի ռումանացի մարզիչ Լեվիօ Չիոփոթարիօ, շարունակական փորձեր կատարելէ ետք ազգային խումբ հրաւիրուած մարզիկներուն հետ, յայտարարեց, որ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուած Ա. ... Շարն.
Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Ֆութպոլէն
- ԱՀՏԻ ֆութպոլիստ Ահմետ Զըրէյք, երկու շաբթուան իր արձակուրդէն վերադառնալով, միացաւ Ահտի իր խմբակիցներուն` անոնց հետ սկսելով փորձերու: Ան մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ` փաստաթղթային եւ այլ տեսակի կարգ մը գործողութիւններ ... Շարն.
Չարենցաւանի Եւ Էջմիածինի Մէջ Պիտի Բացուին Նորակառոյց Մարզադպրոցներ
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար` Գէորգ Լոռեցեան յայտնեց, որ այս տարի Չարենցաւանի եւ Էջմիածինի մէջ պիտի բացուին մարզադպրոցներ: Երկու մարզադաշտերուն մէջ ալ ստեղծուած են բոլոր պայմանները ո՛չ միայն բարձր մակարդակի ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` «Աիք» – Արարատ Արմենիա Դարձի Մրցումը
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 17 յուլիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ Արմենիա հիւրը պիտի ըլլայ «ԱԻՔ»-ի խումբին, որ իր կարգին Շուէտի ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Ծանր Պարտութիւնը
Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի տղոց պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ (Բ. դասակարգ), Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ կատարեց իր չորրորդ մրցումը, կրեց իր չորրորդ յաջորդական ծանր պարտութիւնը, այս ... Շարն.
«Եւրոպայի Լիկա». Բանանց Ծանր Պարտութեամբ Հրաժեշտ Տուաւ Մրցաշարքին
«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Բանանց իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Չուքարիքին (Պելկրատ): Երթին մրցակիցին դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած Բանանց ... Շարն.
«Ֆորմիւլա-1». «Փիթ-Սթափ»-ի Նոր Մրցանիշ` 1″ 91
Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻԱ, իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց, որ նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ կրան փրիին («Սիլվըրսթոն»-ի վազքուղի) «փիթ-սթափ»-ի նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ «Ռետ-Պուլ»-ի խումբին կողմէ: Արդարեւ, 12-րդ լեփին վերոնշեալ խումբի ... Շարն.
Թենիս. Կարէն Խաչանով Առաջին Անգամ Ըլլալով Գրաւեց 8-րդ Դիրքը
Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, Ռուսիոյ թիւ 1 դասուած հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով բարձրացաւ 8-րդ դիրք (նախապէս` 9-րդ)` իր տրամադրութեան ... Շարն.
Թենիս. Սիմոնա Հալեփ Պիտի Արժանանայ Բարձրագոյն Պետական Պարգեւի
Նախորդ շաբաթավերջին թենիսի Ուիմպըլտընի աղջկանց կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած Սիմոնա Հալեփ պիտի պարգեւատրուի Ռումանիոյ բարձրագոյն պետական պարգեւով, երէկ յայտնեց ռումանական մամուլը: «Ռումանիոյ նախագահը որոշեց Ուիմպըլտընին գերազանց արդիւնքներ ... Շարն.
Թրքական Ակումբը Սխալ Ֆութպոլիստ Մը Գնեց
Թրքական Մենեմենսփոր ակումբը, որ հանդէս կու գայ Բ. դասակարգին մէջ, ծիծաղելի փոխանցում մը իրականացուցած է: Վերոնշեալ ակումբը, մօտէն հետաքրքրուած ըլլալով փորթուգալական Գ. դասակարգին մաս կազմող Ալքոշեթենսէի կամպիացի յառաջապահ Ալֆա Ջալրուով, ... Շարն.
Պաքուի Մէջ Կայացած Է Վրաստան-Ազրպէյճան-Թուրքիա Եռակողմ Հանդիպում Մը
Պաքուի մէջ կայացած է Վրաստան-Ազրպէյճան-Թուրքիա եռակողմ հանդիպում մը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով վրացի պաշտօնատարի մը: Կը նշուի, որ քննարկուած են շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող հոլովոյթները, ... Շարն.
Խամենէի. «Բրիտանիոյ Ծովահէնութիւնը Անպատասխան Պիտի Չմնայ»
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէի յայտարարեց. «Բրիտանիոյ նենգ ծովահէնութիւնը անպատասխան պիտի չմնայ»: Խամենէի ուրբաթ օրուան նամազի ընթացքին Իրանի բոլոր շրջաններէն եկած քարոզիչներուն եւ իմամներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ... Շարն.
Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Անհետացած Է Էմիրաթական Քարիւղատար Նաւ Մը
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկու օր առաջ Հորմուզի նեղուցէն անցած ատեն անհետացած է էմիրաթական քարիւղատար նաւ մը: «Անոր ճակատագիրին շուրջ մտավախութիւններ գոյութիւն ունին», կը նշէ «Անատոլու»: «Սի.Էն.Էն.»` յղում կատարելով ... Շարն.
«Թուրքիոյ Դէմ Որեւէ Որոշում Պիտի Աւելցնէ Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Պեղման Գործողութիւնները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Պիտի աճեցնենք մեր ազդուութիւնն ու գործողութիւնները արեւելեան Միջերկրականի մէջ: Թուրքիոյ դէմ առած Եւրոպական Միութեան քայլերը Կիպրոս կղզիի յունական կողմը գոհացնելու համար է»: Թրքական ... Շարն.
Մոսկուան Դէմ Է Թուրքիոյ Նկատմամբ Որդեգրուած Միակողմանի Պատժամիջոցներուն
Մոսկուան բացասականօրէն կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ դէմ Միջերկրական ծովուն մէջ իրավիճակի սրման առնչուած պատժամիջոցներ կիրարկելու որոշումին, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ Ռուսիան կ՛աջակցի Թուրքիոյ, որ հորատման աշխատանքներ սկսած ... Շարն.
«Հիւլէական Համաձայնագիրին Շուրջ Նոր Բանակցութիւններ Պիտի Չկատարենք. Վերջաւորութեան Մեր Քարիւղը Պիտի Ծախենք, Սակայն Ոչ Մեր Արժանապատուութիւնը» Կ՛ըսէ Զարիֆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որ Նիւ Եորք կ՛այցելէ` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի ժողովին, յայտնեց. «Իրան հիւլէական համաձայնագիրին շուրջ նոր բանակցութիւններ պիտի չկատարէ»: Ան պատկերասփռուած ... Շարն.
Թուրքիա Թունուզին 300 Միլիոն Տոլարի Փոխատուութիւն Կը Կատարէ` Երկրին Մէջ Անվտանգութեան Ու Ներդրումներուն Աջակցելու Համար
Թունուզի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Օմար Ֆարուք Տողան յայտարարեց, որ իր երկիրը 300 միլիոն տոլարի փոխատուութիւն մը կը կատարէ Թունուզի մէջ անվտանգութեան ու ներդրումներուն աջակցելու համար: Թրքական դեսպանատան մէջ տրուած մամլոյ ... Շարն.
Բրիտանիա Կը Բացառէ Ասանժի Արտայանձնումը Այնպիսի Երկրի Մը, Ուր Մահապատիժ Կը Կիրարկուի
«Ուիքիլիքս» կազմակերպութեան հիմնադիր Ճուլիան Ասանժ պիտի չարտայանձնուի այնպիսի որեւէ երկրի, ուր մահապատիժ կը կիրարկուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալան Տանքըն` ... Շարն.
Ծովահէնները Գերի Բռնած Են 10 Թուրքեր
Նիկերիոյ մէջ թրքական նաւ մը ծովահէններու կողմէ յարձակումի ենթարկուած է: Թուրքիոյ 10 քաղաքացիներ գերի բռնուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը: Թրքական նաւը կ՛ուղեւորուէր Քամերուն Տուալա նաւահանգիստէն Ապիճանի ... Շարն.