Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Նախարար Փապլօ Ռոտրիկեզի Հետ
«Հորիզոն» կը հաղորդէ, թէ երկուշաբթի, 29 յուլիս 2019-ին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Քանատայի Ժառանգութեան եւ մշակոյթի նախարար Փապլօ Ռոտրիկեզի հետ: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ հանդիպումին քննարկուեցան Հայ դատի յանձնախումբին յառաջիկայի ծրագիրները, այլ համայնքներու հետ փոխադարձ յարաբերութիւններու ընթացքը, Հայաստան-Քանատա երկկողմանի յարաբերութիւններն ու քաղաքական գետնի վրայ յանձնախումբին առաջնահերթութիւնները: Նախարար Փապլօ Ռոտրիկեզ բարձր գնահատեց Քանատայի հայ համայնքին...



















