Սեբաստիոյ Կիւրիւն շրջանին մէջ գտնուող պատմական հայկական եկեղեցւոյ մէջ կը շարունակուին անցեալ տարուընէ ի վեր սկսած վերանորոգման աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Պիզիմսիվաս» կայքը:
Ըստ կայքին, 19-րդ դարու սկիզբը կառուցուած եւ աւերման եզրին գտնուող այս եկեղեցիին վերականգնողական աշխատանքները պիտի աւարտին մինչեւ այս տարուան վերջը, իսկ վերականգնողական ծրագիրը արժած է 3 միլիոն 984 հազար թրքական լիրա:
Կիւրիւնի քաղաքապետ Նամի Չիֆթճի նշած է, որ աշխատանքներու աւարտէն ետք, եկեղեցին պիտի վերածուի թանգարանի, որ պիտի դառնայ թէ՛ մշակութային, թէ՛ ալ զբօսաշրջային կեդրոն:



