Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սկսած Է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարի Աշխատանքային Այցելութիւնը Աւստրալիա

July 30, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սկսած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքային այցելութիւնը Աւստրալիա` Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին  հրաւէրով:

Պատուիրակութեան կազմին մէջ է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: Այցելութեան շրջագիծին մէջ նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ Աւստրալիոյ պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային կառոյցներու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու հետ:

Կիրակի, 28 յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Հայկազուն արք. Նաճարեանի հետ: Նոյն օրը Սիտնիի Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է  պատուիրակութեան անդամներուն հանդիպումը հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ. հանդիպումին ընթացքին Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի անկախ եւ ժողովրդավարական պետականաշինութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները:

Այս շրջագիծին մէջ ան կարեւոր նկատած է հայկական սփիւռքի ներդրումը երկրորդ հայկական պետութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ: Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթներուն:

Այնուհետեւ Մասիս Մայիլեան եւ Դաւիթ Իշխանեան պատասխանած են ձեռնարկի մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցումներուն: Հանդիպումներուն կը մասնակցէին նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Հայկ Գայսերեան:

Նախորդը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանի Կողմէ Զինադադարի Միտումնաւոր Եւ Սադրիչ Խախտումները Կը Հակասեն Իր Ստանձնած Պարտաւորութիւններուն

Յաջորդը

«Նոյնպիսի Կերպով Պիտի Պատասխանենք Սէուտական Արաբիայէն Որեւէ Դրական Նշանի» Կ՛ըսէ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.