26 յուլիսին Երեւանի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի հանդիպումը:
Արցախի Կեդրոնական կոմիտէէն հանդիպումին մասնակցած են Արթուր Մոսիեան, Սերկէյ Շահվերդեան եւ Վահագն Դադայեան, Հայաստանի Գերագոյն մարմինէն` Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Սիմոն Սիմոնեան, Շաղիկ Մարուխեան, Յակոբ Մաթիլեան եւ Արթուր Խաչատրեան:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Արցախի ներքին քաղաքական իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր` մասնաւորապէս Արցախի յառաջիկայ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան դիրքորոշումն ու ընելիքները: ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները անգամ մը եւս փաստած են, որ Դաշնակցութեան համար Արցախը միշտ եղած է առանցքային եւ առաջնահերթ, վերահաստատած` «Զարգանալ` չզիջելով» հայեցակարգի այժմէականութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուած է նաեւ Արցախի մէջ գործող քաղաքական այլ ուժերու հետ յարաբերութիւններու ներկայ պատկերը, հետագայ ընելիքները եւ կուսակցութեան ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը` ուղղուած Արցախի ներքաղաքական կեանքին մէջ իրավիճակի կայունացման եւ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ երկրի անվտանգութեան պահպանման գործին մէջ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը անգամ մը եւս վստահեցուցած է իր անմնացորդ օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին: