Խմբագրական. Յաղթահարե՛լ Ժամանակի Պարտադրած Փորձութիւնը (ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 40-ամեակին Առիթով)
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը արդէն քառասուն տարուան փորձառութիւն ունի, իբրեւ կառոյց, իբրեւ գործունէութիւն եւ իբրեւ կայացած միաւոր առ հասարակ` իրեն կապուած տարբեր բաժանմունքներով: ԼԵՄ-ի հիմնադրութիւնը զուգադիպած է լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն եւ բնականաբար անոր գործունէութեան կարեւոր բաժինը պիտի վերաբերէր պատերազմէն բխած անմիջական երեւոյթներու, հետեւանքներու եւ իրականութիւններու: ԼԵՄ-ը բնականաբար իբրեւ դաստիարակչական միաւոր, ապագայ դաշնակցական մարդը կազմաւորելու համար ստեղծուած կառոյց էր: Դաստիարակութիւնը...