Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վաղուց Ժամանակը Հասած Է, Որ Հայաստանը Ինքնիրմով Զբաղի» Յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան

November 25, 2013
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vahan1124ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան օրերս տեղի ունեցած «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը եւ անվտանգութեան ժամանակակից մարտահրաւէրները» միջազգային խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ «Արմինֆօ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ գրեթէ երեք դար հայ քաղաքագիտական միտքը զբաղած է ռուսերուն իրենց ազգային շահերը պարզաբանելով:

Յովհաննիսեանի համաձայն, եկած է ժամանակը դադրելու ատով զբաղելէ եւ կեդրոնանալու ազգային գերակայութիւններու մշակման վրայ` ազգային շահերու հիման վրայ: Հայերը «որեւէ իրավիճակի մէջ պէտք է հետապնդեն նոյնինքն այդ շահերը, պնդեն անոնց վրայ, եւ չփորձեն միամտաբար սրբագրել եւրոպացիներու, ռուսերու կամ ամերիկացիներու արտաքին քաղաքական գործունէութիւնը, քանի որ միջազգային ասպարէզին մէջ Հայաստանի կշիռը բաւական չէ, որպէսզի զայն լսեն»:

Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Ռուսիա վիթխարի երկիր է` կայսերական անցեալով, դաշնակցային կառուցուածքով եւ մեծ խնդիրներ ունեցող տնտեսութեամբ, այդ իսկ պատճառով ալ բազմաթիւ կենսական շրջանային հարցեր, որոնք Հայաստանի համար առաջնային կարեւորութիւն ունին, Ռուսիոյ մէջ կ՛ընկալուին իբրեւ ոչ էական, ծայրամասային եւ երկրորդական: «Չտեսնել ուղիղ կամրջակ այսօր Մեծն Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ այն վտանգին միջեւ, որ բոյն դրած է Ռուսիոյ մէջ, ատիկա պարզ անհեռատեսութիւն է: Ամենայն հաւանականութեամբ, Ռուսիոյ քաղաքագիտական միտքը չի տեսներ շրջանային մարտահրաւէրներուն եւ երկրին մէջ ապահամարկումի հոլովոյթներուն միջեւ կապը, որ յստակօրէն կ՛ուրուագծուի ազգայնական անջատողական շարժումներու եւ յատկապէս այն շարժումներուն միջոցով, որոնք կը սնուցուին ահաբեկչական խմբակներու միջոցով», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս նշեց Յովհաննիսեան, «վաղուց ժամանակն է, որ Հայաստան ինքնիրմով զբաղի»: «Մեր երկրի նշանակութիւնը համաշխարհային քաղաքական ասպարէզին մէջ դժբախտաբար անկախութեան երկուքէ աւելի տասնամեակին ընթացքին ոչ միայն չէ աւելցած, այլեւ ընդհակառակն` նուազած է: Մենք չենք օգտագործած այն ժամանակահատուածը, երբ աւելի նշանակալի էինք, յատկապէս ղարաբաղեան պատերազմէն եւ զինադադարի կնքումէն ետք: Այդ 20 տարիները մեզի համար միանգամայն անօգուտ դատարկ էին: Այնուհետեւ իրավիճակը սկսաւ վատթարանալ ինչպէս ենթակայական, նոյնպէս ալ առարկայական պատճառներով, սակայն մենք երկիրը ատոր չէինք պատրաստած եւ այժմ կը քաղենք դառն պտուղները», ընդգծեց Յովհաննիսեան:

Այսուհանդերձ, Յովհաննիսեան կը կարծէ, որ իրավիճակը առայժմ անելանելի չէ: «Ելք կայ, թէեւ, եթէ դուն նոյնիսկ յայտնուած ես վատ իրավիճակի մէջ, ապա ատոր յաղթահարման ժամանակ կորուստներ կրնան ըլլալ, հաւանական են նաեւ զոհեր, սակայն պէտք է ընել այնպէս, որ այդ զոհերը չըլլան ճակատագրական, որպէսզի անոնց իբրեւ արդիւնք չկորսնցնենք պետականութիւնն ու ամբողջ բնակչութիւնը: Դժբախտաբար, առաժմ չ՛ուրուագծուիր այն հայեցակարգը, թէ ինչպէ՛ս ատիկա պէտք է ընել, եւ Հայաստանի կառավարութեան գործունէութիւնը կ՛ընթանայ այդ վտանգը չգիտակցելու խորապատկերին վրայ», եզրափակեց Վահան Յովհաննիսեան:

 

Նախորդը

Պըրրի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կ՛ուղղուի Իրան

Յաջորդը

«Սիրիահայութեան Անվտանգութեան Հարցը Այսօր Գերխնդիր Է»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.