Հաղորդագրութիւն
Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Ժնահի մէջ գտնուող իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքը, որուն պատճառով զոհուեցան մեծ թիւով անմեղ քաղաքացիներ: ՀՅԴ-ն նկատել կու տայ, որ այս պայթումը թիրախ կը դարձնէ Լիբանանը, որուն գերիշխանութեան դէմ դարձեալ ոտնձգութիւն գործուած է եւ ապահովական կայունութիւնը խախտած: ՀՅԴ-ն կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան քաղաքական...