Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիբանանեան Փորձադաշտը Եւ Դէպի Ինքնիշխանութիւն Ձգտելու Նախապայմանը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 22, 2013
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lebanon-independence-dayԱյն պահուն, երբ լիբանանեան պետութիւնն ու բանակը կը նախապատրաստուէին տօնակատարելու Լիբանանի անկախութեան օրը, ահաբեկչական զոյգ եւ համաժամանակեայ արարքներ եկան ցնցելու ամբողջ երկիրը:

Հերթական անգամ, լիբանանեան հրապարակը ընտրուած էր քաղաքական թիրախ հարուածելու յարմարագոյն միջավայր: Շրջանային-միջազգային տարողութեամբ տարուող բանակցութիւններ, քաղաքական սակարկութիւններ, անոնցմէ բխած որոշ դրսեւորումներ, մերձեցումներ սկսած էին նախանշել գործընթացներու նոր ուղղութիւններ: Խօսքը առաւելաբար կը վերաբերի Թեհրան-Միացեալ Նահանգներ, Թեհրան-Մեծն Բրիտանիա կամ առհասարակ Թեհրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու նոր ոճի եւ նոր եղանակի ձեւաւորման սկզբնաւորութեան:

Յայտնապէս այս նոր ուղղութիւններու հազիւ տեսանելիութիւնը խանգարած էր այլոց հաշիւները: Սուրիական վարչակազմին դէմ սանձազերծելի ռազմական գործողութիւններու առկախումը, Թեհրանի կողմէ չափաւորականութեամբ յատկանշուող դրսեւորումները, միաժամանակ Թեհրանի հովանաւորութիւնն ու զօրակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի ներգրաւումը սուրիական պատերազմին եւ գետնի վրայ հաւասարակշռութեան կտրուկ փոփոխութիւնը յառաջացուցած էին վերահաշուարկներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Եւ երբ տարածաշրջանային տարողութիւն կը ստանայ  խնդիրը, հարցերու արծարծման կամ քաղաքական ուղերձներու յղումին համար կ՛ընտրուին փորձադաշտեր: Ահա նման տարածաշրջանային եւ միջազգային տարողութեամբ խնդիրներու արծարծման գործնական փորձադաշտ կը համարուի Լիբանանը, ուր տարբեր ուժերու ներկայացուցիչները կայք հաստատած են եւ ուր անդադար կ՛աշխատի քաղաքական տարրալուծարանը: Այստեղ կը բախին, կը համընկնին, կը հեռանան եւ կը մօտենան պետութիւններու շահեր, կը տարուին բանակցութիւններ, կը յղուին ուղերձներ` թէկուզ ռմբահարումներով, ականներով, անձնասպանական գործողութիւններով:

Քաղաքական փորձադաշտի վերածուած Լիբանանը կը նշէ անկախութեան տօնը: Դժուար է արժեւորել երկրի մը անկախութիւնը` նման պայմաններու մէջ: Մանաւանդ, երբ արտաքին ուժերու թափանցուածութեան այս համապատկերին առընթեր, մխիթարական չի նկատուիր ներքին իրավիճակը: Ի հարկէ այստեղ փոխկապակցուած են գործօնները: Արտաքին ուժերը ունին իրենց ազդեցութիւնները համայնքներուն կամ ներքին հոսանքներուն վրայ, եւ հեռակառավարումը կը շարունակէ արդիւնաւէտ աշխատիլ լիբանանեան բաց հրապարակին վրայ:

Ինքնիշխանութեան պահպանումը, մանաւանդ նման բարդ եւ անկանխատեսելի զարգացումներով յատկանշուող պայմաններու մէջ բացարձակօրէն պայմանաւորուած է  համապետական եւ համահասարակական գիտակցութեամբ: Գիտակցութիւն հանդէպ` ազգ եւ պետութիւն յղացքներու շուրջ որոշ անհպելի սահմաններ ճշդելու, որմէ ետք սահմանազանցումներ չկատարելու սկզբունքներուն:

Երբ չկայ, չի գործեր միջհամայնքային այս ինքնագիտակցական բաղադրիչը, աւելի պարարտ կը դառնայ փորձադաշտի վերածուելու ենթահողը: Կը շարունակուին այլոց շահերու բախումներն ու քաղաքական պարանաձգութիւնները` դրսեւորուած նաեւ պայթունավտանգ կացութիւններու յառաջացումով:

Մինչ այժմ տեսանելի չի թուիր կառավարութեան կազմութիւնը: Լիբանանեան հորիզոնին վրայ չ՛երեւիր նաեւ ազգային երկխօսութեան վերաձեռնարկելու հնարաւորութիւնը: Երբ չկայ եւ չէ կայացած երկխօսութիւնը եւ անոր հիման վրայ գոյանալիք համալիբանանեան համաձայնութիւնը, դժուար թէ ամուր հիմերու վրայ յառաջանայ նոր կառավարութիւնը: Չէ բացառուած անշուշտ, որ հեռակառավարման համակարգը յանկարծակի կանաչ լոյսեր վառէ եւ արագ գործընթացներ սկսին աշխատիլ այս ուղղութեամբ: Բայց այդ մէկը արդէն կը խօսի պետական հաստատութիւններու դիւրաբեկութեան մասին եւ ոչ թէ` անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման համար նպատակաուղղուած եւ գիտակցուած աշխատանքին:

Նման բարդ պայմաններու մէջ Լիբանան կը տօնակատարէ իր անկախութիւնը: Համալիբանանեան շահերու գերադասումը եւ դէպի այդ առաջադրանքը առնուած քայլերն են միայն, որ կրնան առաջին նախադրեալները նկատուիլ փորձադաշտի սահմաններէն դուրս գալու եւ լիբանանեան իրողական ինքնիշխանութեան ձգտելու:

Նախորդը

Անգարայի Մէջ. Թուրքիոյ Վարչապետարանին Առջեւ Ձերբակալութիւն

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.