Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոն

Կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյին` գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առնչուած ծրագիրներ եւ աշխատանքներ:

Ակնարկ. Արեւելեան Գործընկերութեան Ծրագիրի Ձախողութեան Թրքական Պատճառները

Վարագոյրը իջաւ այնքան սպասուած Վիլնիուսի վեհաժողովին վրայ: Երեւանը չնախաստորագրեց ընկերակցութեան համաձայնագիրը: Թէեւ յայտնի էր արդէն, որ ստորագրութիւններու արարողակարգի ծրագիրին մէջ, երբ չէր յայտնուած Հայաստանի անունը, պարզ է , որ նախաստորագրութիւն չէր նախատեսուած: Պահ մը, Ուքրանիոյ մերժումը` շարունակելու ընկերակցութեան գործընթացը, երկրորդ գիծ մղեց Հայաստանի` Մաքսային միութեան միացման որոշումով Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան նախաստորագրութեան չեղեալ համարումը: Վիլնիուսի ժողովը ամբողջ իր քննարկումներով, մեկնաբանութիւններով...

Վիլնիուսի Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Եւրոպական Երկիրներէն Կ՛ակնկալէ Լիարժէք Ներգրաւում` Թուրքիոյ Կողմէ Հայաստանի Շրջափակման Վերացման Հարցին Մէջ

Երէկ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ան ի միջի այլոց իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի հնգամեայ պատմութիւնը կը վկայէ այս ձեւաչափի անհրաժեշտութեան եւ կենսունակութեան մասին: «Անիկա արդիւնաւէտ կերպով կը համալրէ համաեւրոպական համագործակցութեան ճարտարապետութիւնը` կարելիութիւն ընձեռելով եւրոպական ընդհանուր արժէքներու հիման վրայ որակապէս նոր, յաւելեալ սերտ եւ ընդլայնուած յարաբերութիւններ կառուցելու համար: Այդպիսի...

Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Միացեալ Յայտարարութիւն (Վիլնիուս, 29 Նոյեմբեր 2013)

Եւրոպական Միութիւնն ու Հայաստանը ունեն սերտ կապեր եւ վերահաստատում են իրենց յանձնառութիւնը աւելի զարգացնել եւ ամրապնդել Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներում փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներում համապարփակ համագործակցութիւնը: Յենուելով ընդհանուր արժէքների վրայ, երկու կողմերը յանձնառու են զարգացնել համագործակցութիւնը` ուղղուած ժողովրդավարական հաստատութիւնների եւ դատական համակարգի շարունակական բարելաւմանը, մարդու իրաւունքների եւ օրէնքի գերակայութեան խթանմանը, արդիւնաւէտ կառավարմանը, փտածութեան դէմ պայքարին, քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդմանը, առեւտրի ու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Երիտասարդականի Պատուիրակութիւնը

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան համահայկական խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան կուսակցութեան երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչները` Հայաստանէն, Ղարաբաղէն. Ջաւախքէն եւ սփիւռքի զանազան գաղութներէն: Խորհրդաժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` իր յարգանքը մատուցելու եւ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու: Այս առիթով Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ երիտասարդութեան դերին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ան...

ԼՕԽ. Հայկական Իւրայատուկ Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Թալին Խաչատուրեանի, երէկ` ուրբաթ, 29 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժել Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի աւանդութիւններուն մաս կազմող եւ յատկանշական նախաձեռնութիւն հանդիսացող հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին բացումը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետ Սօսէ Պոյաճեան, որ լուսարձակի...

92.000 Ամերիկեան Տոլար` Ի Նպաստ Վարդենիս-Մարտակերտ Մայրուղիի Կառուցման

Հաղորդագրութիւն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր տարեկան դրամահաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր նուիրատու անհատներուն, հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք այս տարի եւս ընդառաջեցին հիմնադրամի կոչին: Արդարեւ, անցնող շաբթուան ընթացքին լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ կատարուած դրամահաւաքին եւ հինգշաբթի, 28 նոյեմբերին կազմակերպուած Ռատիոթոնի աւարտին, համայն լիբանանահայութեան միացեալ ջանքերով կարելի եղաւ հաւաքել 92.000 ամերիկեան տոլար` ի նպաստ «Դէպի Արցախ»...

Ռումանիոյ Մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբի Կազմութիւն

23 նոյեմբեր 2013-ին, Ռումանիոյ առաջնորդարանի սրահին մէջ, թեմակալ առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան-Մուրատեանի պատուոյ նախագահութեամբ եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ներկայութեամբ, կազմուեցաւ Ռումանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը: Ներկայ էր նաեւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Իրինա Մանուկեանը: Նիստի սկիզբը առաջնորդ սրբազան հայրը շեշտեց մեր ազգային հիմնահարցերուն համար պայքարող նուիրեալ անձերու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ մէջ Հայ դատի յանձնախումբի...

Լիբանանեան Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ, լիբանանեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը այցելեց Թեհրանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ղազի Զաայթեր եւ Քասեմ Հաշեմ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ Թեհրանի հայոց թեմի խորհուրդի ատենապետ Էդուարդ Բաբախանեանի ու անձնակազմին կողմէ: Հանդիպումին...

Հայաստանի Դեսպանը Անթիլիասի Մէջ

Հինգշաբթի 28, նոյեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի: Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետն ու դեսպան Քոչարեան խօսեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցերու, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» հայկական հիմնադրամի մասին, որ այս օրերուն դրամահաւաք կը կատարէ` նշանաբան ունենալով «Դէպի Արցախ, ազգովին կառուցենք Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին»: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղած էր հայ...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ներկայացուցչական 43-րդ Ժողովը Ընտրեց Նոր Շրջանային Վարչութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ներկայացուցչական 43-րդ ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ ուրբաթ, 22 նոյեմբերի երեկոյեան եւ զանոնք եզրափակեց 27 նոյեմբերին: Ժողովականներուն ներկայացուեցաւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, լուսաբանական հարցումներ ուղղուեցան անոր շուրջ, ապա կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում: Ժողովին մասնակից ՀՄԸՄ-ականները նաեւ առաջարկներ ներկայացուցին նորընտիր Շրջանային վարչութեան: Աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմեն. Հրայր Խաչատուրեան Թալին Օրտողլեան Վաչէ Նաճարեան Վաչէ Ծատուրեան...

Խմբագրական. Ցամաքային Ճամբու Կառուցումով Սատարել Օդային Ճամբու Բացումին

Տարին անգամ մը աշխարհի հայերը իրենց հայեացքները կը սեւեռեն արցախաշինութեան կամ ընդհանրապէս հայրենաշինութեան աշխատանքներէն առաջնային կարեւորութիւն ներկայացնող ծրագիրի մը վրայ: Հայեացքներու համազգային կեդրոնացումը անշուշտ, զուտ ֆինանսական նշանակութիւն չունի: Համաշխարհային ազգ ըլլալու եւ ցանցային կառոյցէ մը ակնկալուած կազմակերպ աշխատանք իրականացնելու կոչուած պետական եւ հասարակական մեքենաներու  նպատակաուղղուած եւ համակարգաւորուած բանելու փաստն է, այն ինչ որ կ՛իրականացուի հերթական տարի այս օրերուն: Այս ծրագիրը...

Արցախի Նախագահի Հանդիպումը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

Երկուշաբթի, 25 նոյեմբերին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըս այցելող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ: Խորհրդակցութեանց առանցքը դարձան Արցախի տագնապին լուծում գտնելու հոլովոյթին առնչուող շարք մը հարցեր: Քննուեցան նաեւ սփիւռքի եւ Արցախի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի պետականութիւնը ամրապնդելու միջոցները: Խորհրդակցութեանց ընթացքին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ նշեալ աշխատանքներուն մէջ...

Լիբանանահայութեան Ուղղուած Իր Ուղերձին Մէջ. «Համատեղ Ջանքերով Կառուցենք Հայաստանի Եւ Արցախի Համար Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունեցող Վարդենիս – Մարտակերտ Ճանապարհը» Ընդգծեց Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Երէկ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան լիբանանահայութեան ուղղեց հետեւեալ ուղերձը` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր վարչութեան կազմակերպած այսօրուան ռատիոթոնին առիթով: Յարգելի՛ հայրենակիցներ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հիմնադրուել է 1992 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով: Հիմնադրամը եզակի մի կառոյց է, որը կոչուած է համախմբելու Հայաստանում եւ աշխարհի տարբեր ծայրերում ապրող հայերին: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շրջանակներում իրականացուող ծրագրերը...

Զրոյց` «Հայ Երիտասարդը Եւ Անոր Դերը Համահայկական Իրականութեան Մէջ» Նիւթով

Երեքշաբթի, 26 նոյեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ երիտասարդը եւ անոր դերը համահայկական իրականութեան մէջ» նիւթով զրոյց մը, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ ԼԵՄի 40-ամեակին առիթով կազմակերպուած սեմինարին եւ ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով Լիբանան գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սագօ Մկրտիչեան,  Հայաստանէն` ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահագն Մաթինեան, Արցախէն` երիտասարդական միաւորման պատասխանատուներէն Վահագն Տատայեան: Զրուցավարն էր...

Ակնարկ. «Բարեկամ»-ին Նախապայմանները «Պոտենցիալ (Կարողական) Բարեկամ»-ին

Բոլոր նախադրեալները կը յուշեն, որ Անգարան  կը շարունակէ խաբկանքի գործողութիւններով շղարշել հայ-թրքական յարաբերութիւնները` իբրեւ թէ նոր մեկնարկ ապահովելու այս մարզին մէջ: Խորքին մէջ, Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութենէն բան չէ փոխուած: Նախ մէջբերենք թուրք թիւ մէկ դիւանագէտին ծխածածկոյթ յառաջացնելու միտումով կատարուած ուաշինկթընեան յայտարարութիւնը: «Գործընթացը տակաւին կը շարունակուի, եւ (հայ-թրքական) արձանագրութիւնները կը գտնուին խորհրդարան: Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը ունի երեք ուղղութիւն: Առաջինը  այն է,...

Վլատիմիր Փութինի Այցելութիւնը Երկկողմանի Կապերու Ամրապնդման Առիթ Է

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստան այցելութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմ կապերու ամրապնդման եւ բխի երկու ժողովուրդներուն շահերէն»: Այս մասին Գիւմրիի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: «Մենք շատ ուրախ ենք, որ Ռուսիոյ նախագահը ոչ միայն Երեւան պիտի այցելէ, այլեւ Գիւմրի: Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու այցելութիւնները կը նպաստեն յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման, երկկողմ կապերու ամրապնդման: Այս այցելութիւնը եւս...

ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի` Գաղափարական Դաստիարակութիւն Ջամբող Դարբնոցի 40-ամեակի Արժանավայել Նշում

40 տարիներ առաջ, յունուար 1973-ին հիմը դրուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան, որուն գլխաւոր նպատակն էր կազմակերպման անհրաժեշտ միջոցները ստեղծել, որպէսզի հայ երիտասարդութիւնը կարենայ իր բեմը ունենալ եւ գործել իբրեւ պահանջատէր երիտասարդութիւն: Այս առաջադրանքներով ստեղծուած եւ արդէն իսկ 40 տարիէ ի վեր լիբանանահայ իրականութեան մէջ պատնէշի վրայ գտնուող ԼԵՄ-ը 40 տարուան իր գոյերթին ընթացքին արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը,...

Դամասկոսի Համալսարանին Մէջ Հայագիտական Բաժանմունք Բանալու Կարելիութեան Քննարկում

Երկուշաբթի, 25 նոյեմբեր, 2013-ին, Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Մոհամետ Ամեր Մարտինին հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան տոքթ. Արշակ Փոլատեանի եւ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի հետ. հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ Դամասկոսի համալսարանին պատկանող «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ին մէջ հայոց լեզուի ուսուցման կարելիութիւնը, առ ի պատրաստութիւն Դամասկոսի համալսարանին մէջ Հայագիտականի բաժանմունքի բացման: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան խորհրդական Տիգրան Գէորգեան,...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը Կրկին Կը Դիմէ Լիբանանահայութեան` «Դէպի Արցախ» Կարգախօսով

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Վերջին երկու տասնամեակներուն, ամէն տարեվերջին, համայն հայութիւնը կ՛անսայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքի կոչին եւ կու գայ փաստելու իր մէկութիւնը` իւրաքանչիւրը իր չափով մասնակից դառնալով հիմնադրամի տուեալ տարուան յայտարարած ազգօգուտ ծրագիրի իրականացման: Նոյնն է նաեւ այս տարի, արդէն իսկ դրամահաւաքի արշաւը ընթացք առած է` «Դէպի Արցախ. ազգովին կառուցենք Վարդենիս-Մարտակերտ» մայրուղին» կարգախօսով: Վաղը` 28 նոյեմբերին լիբանանահայութիւնը ժամադրուած է «Հայաստան»...

Page 882 of 885 1 … 881 882 883 … 885