Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական Գիւմրին Երկրաշարժի Կեդրոն. Գիւմրին Աշխարհաքաղաքական Ուշադրութեան Կեդրոն

Երկրաշարժի 25-ամեակին առիթով լոյսին բերուող մտածումներուն ու հրապարակումներուն  քաղաքական հնչեղութիւն տալը, կամ անոր հետ կապուած երեւոյթները քաղաքականացնելը ճիշդ պիտի չըլլար լրագրական բարոյագիտութեան (էթիքայի) դիտանկիւնէն: Երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի յարգումը ինքզինք կը պարտադրէ նման պահերու, եւ այդ յարգումի սկզբունքէն մեկնած կը դիտարկուին շինարարական աշխատանքները, զոհերու հարազատներուն հասած օժանդակութիւնները, բնակարանային շինութիւնները, քաղաքի վերակառուցումը ընդհանրապէս եւ վերականգնողական համապատասխան աշխատանքները: Աղէտի գօտիի մասին է խօսքը...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Գերագոյն Մարմիններու Ժողով

Ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնին մէջ երեք հայկական կուսակցութիւններու կեդրոնական մարմինները ունեցան միացեալ ժողով մը: Ժողովին կը մասնակցէին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանի եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ատենապետ Մայք Խարապեանի: Այս առումով միացեալ հաղորդագրութիւն մը լոյս...

Սպիտակի Աղէտին 25-ամեակին Առիթով Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «Էլ Աւելի Ենք Հզօրանալու Մեր Համախմբուածութեամբ` Յաղթահարելով Ծառացած Բոլոր Մարտահրաւէրները» Կ՛ըսէ Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Երէկ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան Սպիտակի երկրաշարժին 25-ամեակին առիթով լիբանանահայութեան յղեց հետեւեալ ուղերձը: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Դեկտեմբերի 7-ին լրանում է 1988 թուականի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 25-ամեայ տարելիցը: Կործանարար երկրաշարժի հետեւանքով աւերուեցին 11 քաղաքներ, 58 գիւղեր,  տուժեցին 21 քաղաքներ եւ 342 գիւղեր: Աւերիչ երկրաշարժը պատճառ դարձաւ մեծ թուով մարդկային զոհերի: Երկրաշարժը խլեց աւելի քան 25,000 մարդու կեանք,...

Հարցազրոյց` Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հետ

Երէկ «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ Հայ դատի առնչուող հարցերուն շուրջ հարցազրոյց մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ  2013-ի ընթացքին Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ արձանագրուած հիմնական իրագործումներուն, Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուող հարցերու: Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի...

ՀՅԴ 123-ամեակի Արժանավայել Տօնակատարութիւն.

Խաչերեան. «Դաշնակցութիւնը Կը Գերադասէ Լիբանանահայութեան Անվտանգութիւնը Եւ Կը Մերժէ Ներքաշուիլ Ներլիբանանեան Քաշքշուքներու Մէջ» Մարգարեան. «Ներկայիս Կարեւորութեամբ Կը Շեշտուի Հզօր Պետականութիւն Ունենալը, Ղարաբաղի Հարցն Ու Հայ Դատի Հետապնդումը Ամէն Ինչէ Վեր Դասելը» 123 տարիներ շարունակ միշտ Հայաստանի, հայութեան եւ Հայ դատի ի խնդիր պայքար մղած, հայկական գերագոյն նպատակներուն համար անխոնջ նուիրումով գործած, հայկական արժէքներու եւ ազգային շահերու համար նոյնիսկ կեանքեր զոհած Դաշնակցութիւնը միշտ...

«Ներազգային, Ներպետական Հակադրութիւնները, Տարաձայնութիւնները Պէտք Է Աւարտուեն Այնտեղ, Որտեղ Անհրաժեշտութիւն Եւ Կարելիութիւն Է Ստեղծւում Միասնաբար Պաշտպանելու Ազգային-Պետական Շահերը» Ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան

ՀՅԴ օրուայ իմ խօսքում, անխուսափելիօրէն անդրադառնալու եմ մեր հայրենիքի քաղաքական-ընկերային իրավիճակին, իսկ որովհետեւ խօսքս հնչում է սփիւռքում անհրաժեշտ եմ գտնում, ի սկզբանէ այն սկսել այսպէս. Եթէ ինձ հարցնէին, թէ յանուն քո, քո ընտանիքի քո զաւակների ապագայի որտեղ կ՛ուզէիր ապրել, ես համոզումով, հաւատքով, առանց մէկ վայրկեան իսկ տատանուելու  կը պատասխանէի` Հայաստանում, այսօրուայ Հայաստանում: Այսպէս սկսեցի խօսքս, որովհետեւ քիչ յետոյ, փոխանցելով մեր...

«Երիտասարդութիւնը Պէ՛տք Է Ըլլայ Մեր Ներկան, Որ Նաեւ Պիտի Ճշդէ Մեր Գաղութի Ապագան» Ըսաւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան

Հայ ազատագրական շարժման առաջնորդ կուսակցութիւնը 123 տարեկան է: Թշնամիներու կողմէ «խռովարար» կոչուած, իսկ ժողովուրդին կողմէ` «ֆետայի»: Հակառակորդներուն կողմէ «մաուզերիստ», իսկ ժողովուրդին համար` «անկեղծ զինուոր»: Հայ ժողովուրդը հարուածողներուն համար «ահաբեկիչ», իսկ հայութեան համար` «ազատամարտիկ»: Ժողովուրդի կոչումներուն արժանացած անկեղծ զինուորներու, ջան ֆետայիներու, հերոս ազատամարտիկներու այս կուսակցութեան յոբելեանին, 50 նորագիրներ տալով իրենց դաշնակցականի երդումը` այսօր միացան 123-ամեայ կուսակցութեան շարքերուն, ուխտելով ծառայել երկա՜ր ժամանակ:...

Նալբանդեանի, Մամետեարովի Եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հանդիպումը Քիեւի Մէջ

4 դեկտեմբերին Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ժաք Ֆորի, Ճէյմս Ուորլիքի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հանդիպումը: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու դռնփակ հանդիպումէն ետք անոնց միացան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի...

Խմբագրական. 3 Դարաշրջանի Մէջ Գործած Ու Գործող Կուսակցութիւնը

Ժամանակակից պայմանները` համաշխարհայնացման ճշդած օրինաչափութիւններն ու եղանակները կամ ընդհանրապէս տեղեկագիտութեան ներկայ դարը գաղափարական շարժումներու ծաւալման ու զարգացման համար բարենպաստ չեն: Այս մէկը դասական, ընդհանրացած եւ գրեթէ լափալիսեան ճշմարտութեան հանգամանք ստացած հաստատում է, որ յաճախ կը կրկնուի ամէն անգամ, երբ փորձենք վերլուծել միջազգային թէ ազգային մակարդակներու վրայ գաղափարական շարժումներու ապրած տեղատուութիւնը: Որեւէ երեւոյթի երկարատեւութիւնը, երկարակենցաղութիւնը մանաւանդ այսօրուան գերարագութեամբ յատկանշուած արժէքային համակարգին,...

Ազգային Ժողովը Մերժեց Պարտադիր Կուտակային Համակարգի Կիրարկումը Յետաձգելու Առաջարկը

Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ դէմ քուէարկեց (46 թեր, 54 դէմ, 0 ձեռնպահ) կենսաթոշակային պարտադիր կուտակային համակարգի կիրարկումը մէկ տարիով յետաձգելու առաջարկ-նախագիծին: Քուէարկութենէն առաջ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան յայտարարեց, որ իշխող համաձայնական կառավարութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ նախագիծին: Պարտադիր կուտակային համակարգին` յունուար 2014-էն նախատեսուող կիրարկումը մէկ տարիով յետաձգելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էին ոչ իշխանական խմբակցութիւնները,...

«Բանակը Պիտի Յաջողի Թրիփոլիի Մէջ, Ինչպէս Որ Յաջողած Էր Նահր Պարետի Եւ Սայտայի Մէջ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ցաւակցութիւն յայտնեց Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Հասսան Հաուլօ Լաքքիսի սպանութեան սուգին առիթով: «Բնականաբար մենք կը դատապարտենք այս արարքը եւ մեկնաբանութիւններու սկսելէ առաջ կը սպասենք այդ իմաստով բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն», ըսաւ Յ. Բագրատունի: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական խախտումները մնայուն կերպով առկայ են, եւ լիբանանեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Նախաձեռնութեամբ` 650,000 Ամ. Տոլար` Ի Նպաստ ՀՅԴ-ի Գործունէութեան Եւ Հայ Դատի Աշխատանքներուն

Երեքշաբթի, 3 դեկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հաւաք մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդի անդամներ, ուղեկից միութիւններու ու ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով բարերարներ: Ընթրիք-հաւաքը վարեց Սարգիս Արմէնեան: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք արտասանեց...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Եուհաննա Ժ. Եազիժի Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում

Չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պալամանտ վանքին մէջ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան միջեւ յարաբերութիւններուն առնչուած հարցեր եւ ծրագիրներ: Անդրադարձ եղաւ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ կացութեան...

Այսօր Ցուցարարները Աւելի Մեծ Թիւերով Պիտի Բողոքեն Պարտադիր Կուտակային Կենսաթոշակին Դէմ

Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակի դէմ բողոքող տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի մասնագէտները, ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ նախագահի նստավայրին մօտ նախանցեալ օր բողոքի ցոյցը աւարտեցին իրենց պահանջները ներկայացնող նամակ յանձնելէ ետք: Ցուցարարները կը ցանկային միասին անցնիլ նախագահական նստավայրի մայթ եւ յանձնել նամակը, սակայն ոստիկանները միայն հինգ հոգիի թոյլ տուին անցնիլ փողոցը եւ նամակը յանձնել նամակներու բաժին: ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան...

Աղուան Վարդանեան Կը Բացատրէ, Թէ Ի՛նչ Ունինք Եւ Ի՛նչ Պիտի Ունենանք Պարտադիր Կուտակային Կենսաթոշակի Կիրարկումէն Ետք

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի յայտարարութիւններու ժամուն, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը: Յարգելի՛ խորհրդարան 2014 թուականի յունուարի 1-ը շատ մօտ է: Խորհրդարանի մակարդակով, կարծես, աւարտեցինք կենսաթոշակային պարտադիր կուտակային համակարգի վերաբերեալ քննարկումները: Հանրապետական մեծամասնութիւնը հակուած չէ ընդունել մեր հիմնաւոր, փաստարկուած առաջարկութիւնները: Մեր երկրի, Հայաստանի անխտիր իւրաքանչիւր քաղաքացու համար կենսական նշանակութեան հարցի հանդէպ նրանց մօտեցումը, մեր գնահատմամբ, համարժէք...

Տիգրանակերտի Մէջ ՀՅԴ Երիտասարդականի Հանդիպումները Կը Շարունակուին

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Երիտասարդական խորհուրդին հրաւէրով Տիգրանակերտի մէջ կը գտնուի ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան անդամներն են Ռուբէն Ճանպազեան եւ Սարգիս Տեկիրմենճեան` Հայաստանէն: 30 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Երիտասարդական խորհուրդի անդրանիկ խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին խօսք առին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները: 1 դեկտեմբերին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները հրաւիրեալ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու...

250,000 Տոլարի Նուիրատուութեամբ` Արմէն Եւ Սալբի Յարութիւնեան Կրթանպաստի Ֆոնտ` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Գոհունակութեան խորունկ զգացումով ու հաճոյքով, Հայկազեան համալսարանին մէջ յայտարարուեցաւ հաստատումը Արմէն եւ Սալբի Յարութիւնեան մնայուն կրթանպաստին: Արդարեւ, տէր եւ տիկին Արմէն եւ Սալբի Յարութիւնեաններ 250,000 ամերիկեան տոլարի հայ ուսանողներու կրթանպաստի անձեռնմխելի ֆոնտ մը հաստատեցին Հայկազեան համալսարանին մէջ: Լիբանանահայութեան ծոցին մէջ իր վաթսունամեակի սեմին գտնուող Հայկազեան համալսարանին համար իւրօրինակ այս նուիրատուութեան պաշտօնական արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2013-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ,...

Պաշտօնական Այցելութիւն Տալով Հայաստան`. «Ռուսիա Անդրկովկասէն Հեռանալու Մտադրութիւն Երբեք Չէ Ունեցած» Կ՛ըսէ Վլատիմիր Փութին

Հայ-ռուսական երկկողմանի բարձրաստիճան բանակցութիւններ Երէկ պետական պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Անոր առաջին կանգառը Գիւմրին էր, ուր ան իր պաշտօնակից Սերժ Սարգսեանի հետ մասնակցեցաւ հայ-ռուսական միջշրջանային երրորդ համաժողովին: Իր խօսքին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութիւնը` նշելով այն  տնտեսական առաւելութիւնները, որ Հայաստանին պիտի ապահովէ Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը: «Ընդամէնը երեք ամիս անցած է Մաքսային միութեան...

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հայաստան Կ՛այցելէ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով` Հայաստան կը գտնուի Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի: Զիպարի հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ փոխվարչապետ, հայ-իրաքեան միջկառավարական յանձնախումբի նախագահ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանի հետ:

«Լիբանանահայութիւնը Անսակարկ Նուիրումով Օժանդակած Է Սուրիահայ Գաղթականներուն» Շեշտեց Վ. Եագուպեան

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ յատուկ յայտագիրով մը անդրադարձաւ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին եւ Սուրիայէն գաղթած հայորդիներուն: Յայտագիրին հիւրերն էին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ սուրիացի պատմաբան Սամիր Աարպաշ: Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ հայութեան գոյութեան` Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ անիկա շատ հին է, ԺԶ.-ԺԷ. դարէն սկսեալ, սակայն յետ ցեղասպանութեան անոնց թիւը բազմապատկուած է: «Հայութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ Սուրիա...

Page 881 of 885 1 … 880 881 882 … 885