Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ. Հայկական Իւրայատուկ Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացում

November 30, 2013
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lokh-ArtisanatԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Թալին Խաչատուրեանի, երէկ` ուրբաթ, 29 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժել Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի աւանդութիւններուն մաս կազմող եւ յատկանշական նախաձեռնութիւն հանդիսացող հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին բացումը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետ Սօսէ Պոյաճեան, որ լուսարձակի տակ առնելով Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առաքելութիւնն ու իր գոյութեան տարբեր հանգրուաններուն կամաւորներու փաղանգին ծաւալած գործունէութիւնը` դիտել տուաւ, որ օրուան կարիքներէն եւ պայմաններէն մեկնած` ընդարձակուած աշխատանքներուն արգասիքներէն կը հանդիսանայ ձեռարուեստի կեդրոնի հիմնումը, ձեռարուեստի եւ ասեղնագործութեան հմտութիւններուն փոխանցումը նոր սերունդներուն, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար հանրութեան ցուցահանդէսով ներկայանալը: Ան հաստատեց, որ ասեղնագործութիւնը, հակառակ իր պահանջած համբերութեան, աչքի լոյսին ու բծախնդիր աշխատանքին, հոգին ազնուացնող, միտք պայծառացնող, ճաշակ բարձրացնող եւ ազգային արժէքները յաւերժացնող իւրայատուկ արուեստ է: Իր խօսքի աւարտին ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն հայկական ձեռարուեստի պահպանման եւ նեցուկ կանգնեցան ցուցահանդէսի յաջողութեան:

lokhԱպա խօսք առաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան, որ գերագնահատելի նկատեց տարուած աշխատանքը, աւելի քան 35 տարուան բեղուն եւ բծախնդիր գործունէութիւնը, այս մարզին ապրած զարգացումն ու այսօր անոր ներկայացուցած կարեւորութիւնը` հայկական ձեռարուեստը կորուստէ փրկելու իմաստով: Ան հաստատեց, որ այս ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուած իւրայատուկ ստեղծագործութիւններով հայկական ոգի, շունչ եւ արժէք կարելի է ներմուծել մեր տուներուն մէջ` կարեւոր նկատելով այս աւանդը նոր սերունդին փոխանցելն ու անոր շարունակականութիւնը ապահովելը:

Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նկատել տուաւ, թէ անցեալէն փրկուած եւ մեզի հասած արժէքաւոր եւ իւրայատուկ պատառիկներ ներկայացուած են ցուցահանդէսին` նշելով, որ անցեալէն եկած գեղեցկութեան իմաստն ու խորհուրդը պէտք է լաւապէս գիտնալ ու պահպանել զայն, որովհետեւ հոն նաեւ կայ ներշնչող ուժականութիւն, մեր արմատներէն յառնող ոգի եւ պատգամ:

Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ ի տես ցուցադրուած ասեղնագործութիւններուն, կարելի է միայն հպարտանալ եւ գոհունակ ըլլալ, որովհետեւ այսպիսով կարելի է մեր ինքնուրոյն դիմագիծով ներկայանալ հանրութեան եւ պահպանել զայն:

Իր խօսքը եզրափակելով` սրբազանը մեծապէս շնորհաւորեց այս աշխատանքին սատար հանդիսացած ու անոր յաջողութեան համար ճիգ չխնայած իւրաքանչիւր անձ` մաղթելով նորանոր նուաճումներ, ներշնչում առթող ծրագիրներու յաջողութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել նուիրական երթը:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2013 ներառեալ` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

Նախորդը

Նախաձեռնութեամբ «Պատկեր» Մշակոյթի Պահպանման Կեդրոնին. Ձեռարուեստի, Գծագրութեան Ու Շարադրութեան Կողքին Ղափամայի Մրցանք

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Երիտասարդականի Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.