Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ցամաքային Ճամբու Կառուցումով Սատարել Օդային Ճամբու Բացումին

November 28, 2013
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Stepanakert-Airport-2012Տարին անգամ մը աշխարհի հայերը իրենց հայեացքները կը սեւեռեն արցախաշինութեան կամ ընդհանրապէս հայրենաշինութեան աշխատանքներէն առաջնային կարեւորութիւն ներկայացնող ծրագիրի մը վրայ: Հայեացքներու համազգային կեդրոնացումը անշուշտ, զուտ ֆինանսական նշանակութիւն չունի: Համաշխարհային ազգ ըլլալու եւ ցանցային կառոյցէ մը ակնկալուած կազմակերպ աշխատանք իրականացնելու կոչուած պետական եւ հասարակական մեքենաներու  նպատակաուղղուած եւ համակարգաւորուած բանելու փաստն է, այն ինչ որ կ՛իրականացուի հերթական տարի այս օրերուն:

Այս ծրագիրը կոչուի թելեթոն, ֆոնեթոն թէ ռատիոթոն կամ դասական ձեւի դրամահաւաք, կը հետապնդէ ազգովին առաջնային օրակարգի մը շուրջ համախմբուելու հրամայականի կենսագործումը: Սկզբնական տարիներուն առաւելաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ կամ առհասարակ դասական սփիւռքի մէջ կեդրոնացած, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ցանցը հետզհետէ ընդարձակեց իր տարածքը` իր աշխատանքային հովանոցին տակ ներառելով նաեւ նոր սփիւռքի տակաւ կազմակերպուող համայնքները: Աւելի՛ն. հայրենիքը Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններով արդէն քանիերրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցի համահայկական տարողութիւն նուաճած այս դրամահաւաքին:

Հերթական տարի ծրագիրի մը ընտրութիւնը անշուշտ պատահականութեան հետ կապ չունի: Ռազմավարական առումով որքան ալ հասկնալի ըլլայ Արցախի իրողական անկախութեան իրաւականացման անհրաժեշտութիւնը` եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման համար Արցախը իր կայացած պետականութեամբ եւ պաշտպանողական հզօր համակարգով անփոխարինելի երաշխիք է, ապա Արցախը իր հերթին կը  շնչէ, կը զարգանայ, կը բարգաւաճի, կ՛ազատագրուի, կ՛ինքնորոշուի, միջազգայնօրէն իբրեւ անկախ կը ճանչցուի եւ կ՛ինքնապաշտպանուի ամէնէն առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան նեցուկով:

Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախի Հանրապետութիւն այս մէկութեան ամրակայման, անքակտելիութեան եւ փոխկապակցուած անվտանգութեան երաշխիքի առաւել արմատաւորման համար կենսական են առարկայական միջոցները, ճամբաները, կապը ընդհանրապէս: Ճամբաներու հարթումը հին պատմական ժամանակներէն ի վեր թագաւորութիւններու եւ կայսրութիւններու համար առաջնային նշանակութիւն ունեցած է: Պատերազմներու գրեթէ աւարտին յաջորդած ճանապարհաշինութիւնները ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցած են: Այդ ճանապարհաշինութիւնը անշուշտ, որ հետապնդած է աւելի հեռահար նպատակներ, որոնց համար տրամադրուած են հսկայական մարդուժ եւ միջոցներ:

Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի կառուցումը առաջին մեծածաւալ ճանապարհաշինութեան ծրագիրն էր, որ յաջողցուց համայն հայութիւնը: Այժմ Վարդենիս-Մարտակերտը պիտի դառնայ այն երկրորդ մայրուղին, որ էապէս նպաստած պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Արցախի Հանրապետութիւն երկկողմանիօրէն ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող համազգային օրակարգին:

Միջազգային ճանաչումի համար բոլոր բաղադրիչները ամբողջացնող Արցախի Հանրապետութեան համար աւելի քան կարեւոր են մայրուղիները, ենթակառոյցները, պետականութենէ մը ակնկալուած բոլոր բաժանմունքներու կայացումը: Մայրուղիներու կառուցման այս կարեւորագոյն աշխատանքին զուգահեռ Ստեփանակերտը օդային տարածքով պատրաստ է կապուելու նախ «Զուարթնոց»-ին, ապա արտաքին աշխարհին: Կապը ուրեմն առհասարակ, ըլլայ ցամաքային թէ օդային, ռազմավարական գերակայ ուղղութիւն է տուեալ պետութեան համար:

Պարզ է, որ Պաքուն այսօր յայտնուած է միջազգային ճնշումի տակ` ընդունելու համար Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման իրականութիւնը: Գործարկումի առկախումը անշուշտ կապ չունի թեքնիք պատճառներու հետ. զուտ քաղաքական է անիկա Պաքուի համար: Հայկական կողմին համար` ռազմավարական անշուշտ:

Գորիս-Ստեփանակերտէն ետք, Վարդենիս-Մարտակերտը միջազգային ընտանիքը աւելիով կը համոզէ, որ ցամաքային կապի խնդիրները լուծած Ստեփանակերտը աւելի քան պատրաստ է օդային կապը իրականացնելու:

«Հայաստան» հիմնադրամի այս տարուան ծրագիրը կարեւոր է նաեւ ա՛յս իմաստով: Լիբանանահայութիւնը պատրաստ է այս ծրագիրին իրականացման նպաստելով սատարելու Արցախի միջազգային ճանաչումին համար հիմնական քայլ նկատուող Ստեփանակերտի օդակայանի բացումին:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Կը Շնորհաւորէ Վրաստանի Վարչապետը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.