Գլխաւոր լուրեր

Aram-I_Leila-Solh

Լէյլա Ռիատ Սոլհ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Լէյլա Սոլհ եւ Արամ Ա. կաթողիկոս Երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց նախկին նախարար, «Ուալիտ պըն Թալալ» հիմնարկի փոխնախագահ Լէյլա Ռիատ Սոլհը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ յիշեալ հիմնարկի տնօրէնը եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Վեհափառ հայրապետը ողջունելով Լէյլա Սոլհը դրուատիքով արտայայտուեցաւ «Ուալիտ պըն Թալալ» հիմնարկի կատարած մարդասիրական գործունէութեան` ընդհանրապէս միջազգային մակարդակի վրայ եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ: Վեհափառ հայրապետը...

Nalbandyan_Davutoglu-agn

Ակնարկ. «Հայրենադարձութեան» Հրաւէր Տաւութօղլուի Կողմէ` Սփիւռքահայութեան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի երեւանեան այցելութեան առիթով եւ անոր ընթացքին շրջանառութեան մէջ դրուեցան  տարբեր «տեղեկութիւն»-ներ: Հիմնականին մէջ բոլորին աղբիւրը թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներն էին: Փաստօրէն, շրջանառութիւնը կ՛ընթանար հետեւեալ կերպով. Անգարայի համապատասխան գերատեսչութիւնները կ՛ընտրէին նիւթ, կը տրուէր պատուէր ընտրուած նիւթի արձագանգումին համար. անպաշտօն խօսափողները  կու տային լրատուութեան մեկնարկի ազդանշանը, եւ սկիզբը թրքական լրատուադաշտը կը հեղեղուէր թիրախային  նշանակէտ ճշդած լրատուութիւններով: Նոյնքան արագ կ՛արձագանգէր...

5010_b

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հանդիպումներ Ունեցան Նախագահ Սարգսեանի Եւ Նալբանդեանի Հետ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), Ժաք Ֆորը (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Նախագահին մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպման ընթացքին համանախագահները ներկայացուցին Պաքուի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահին հետ քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի ծիրին մէջ նախագահական եւ նախարարական մակարդակներով...

arz-016

Այսօր Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ Բողոքի Ցոյցը Տեղի Պիտի Ունենայ

Արծուիկ Մինասեան(Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի) Խօսելով կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրման դէմ Սահմանադրական դատարան դիմելու հոլովոյթին մասին` Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ «Երկիր»-ի կայքէջին յայտնեց, որ գործող օրէնքի ծիրին մէջ երէկ Ազգային ժողովի նախագահին յանձնուեցաւ դիմումը, որ 24 ժամուան ընթացքին պէտք է Սահմանադրական դատարան ուղարկուի: Ան նշեց, որ դիմումը ստորագրած են 36 պատգամաւորներ, իսկ Սահմանադրական դատարանին մէջ դիմումը...

Ըստ Թուրք Երեսփոխանի Մը. Էրտողանի Կուսակցութիւնը Կը Պատրաստուի Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Օքթայ Վուրալ Թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն Տիգրանակերտէն ընտրուած երեսփոխան Օքթայ Վուրալ քննադատած է վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորած Թուրքիոյ կառավարութիւնը` յայտարարելով, որ Թուրքիա մտադիր է 200 հազար հայեր ընդունիլ եւ անոնց հող տրամադրել: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը մտադիր է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Երեսփոխանը նաեւ քննադատած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց...

Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Կ’այցելէ Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ

Ազգային վարժարաններ իր անդրանիկ այցելութեան ծիրին մէջ, երէկ, առաւօտեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան այցելեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, ընկերակցութեամբ Ազգային ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Եագուպեանի եւ Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անդոյեանի: Քոլեճին մուտքին, առաջնորդը դիմաւորուեցաւ քոլեճին տնօրէնութեան, խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ երկրորդականի աշակերտութեան կողմէ: Տեղի ունեցաւ աւանդական աղ ու հացի օրհնութիւն, որմէ ետք առաջնորդը առաջնորդուեցաւ...

Ահմեթ Տաւութօղլուի Աթէնք Այցելութեան Առիթով`. ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ցոյցը Իր Նպատակին Հասաւ

«Ազատ օր» հաղորդեց, որ անցեալ ուրբաթ օր ցուցարարներ հաւաքուեցան Նէա Զմիռնիի «Իմվրիոն» միութեան կեդրոնատեղիին առջեւ, ուր պիտի ժամանէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու` Իմվրոս կղզիի մշակութային ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէսի մը բացման ներկայ գտնուելու համար: ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան անդամներուն ընկերացած էին Պոնտոսի երիտասարդական միութեան նախագահն ու անդամները: Ցուցարարները կանուխէն հաւաքուեցան կեդրոնի մուտքին առջեւ,...

Տեղի Ունեցաւ «Յարափոփոխ Աշխարհ, Փոփոխուող Սփիւռք» Խորագրով Կլոր Սեղան-Քննարկում

Դեկտեմբերի 13-14-ը Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ «Յարափոփոխ աշխարհ, փոփոխուող սփիւռք» խորագրով կլոր սեղան-քննարկումը, որին մասնակցում էին գիտնականներ, հոգեւոր եւ համահայկական կառոյցների ներկայացուցիչներ Հայաստանից եւ սփիւռքից: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, նա ներկայացրեց արագ փոփոխուող, համաշխարհայնացող աշխարհում ի յայտ եկած ժողովրդագրական պատկերը եւ ձեւաւորուած տարբեր ժողովուրդների սփիւռքների ու մասնաւորապէս հայկական սփիւռքի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները:  ...

Արեւելք Կուսակցութիւնը Բողոքի Ցոյց Մը Կը Կատարէ Թրքական Դեսպանատան Դիմաց

Բողոքի ցոյցէն պահ մը Ընդառաջելով Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին կոչին, որուն հիման վրայ ան պահանջած էր բողոքի ցոյցերու ճամբով ճնշում բանեցնել` ազատ արձակելու համար Մաալուլայի մայրապետներն ու Հալէպի մէջ առեւանգուած Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները, Արեւելք կուսակցութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Լիբանանի թրքական դեսպանատան դիմաց կատարեց բողոքի ցոյց մը: Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազեզէն...

Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի Տօնի Հանդիսաւոր Նշոմ` Բարեզարդուած Եւ Բարենորոգուած Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնը այս տարի յատուկ շուքով նշուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մեծաթիւ հաւատացեալներ համախմբուած էին բարեզարդուած եւ բարենորոգուած եկեղեցւոյ մէջ` մասնակցելու համար Ս. պատարագին, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւուր պատշաճի քարոզը արտասանելով, առաջնորդ սրբազան հայրը նախ մէջբերում կատարեց Պօղոս առաքեալէն, ապա խօսեցաւ Մծբնայ Ս. Յակոբ հայրապետին մասին` նշելով,...

Hrant-M_Abaraj

Արցախի Ժողովուրդը Վերջնական Յաղթանակ Է Արձանագրելու Իր Եւ Համայն Հայութեան Համար

Հարցազրոյցը` Ս. ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ Արցախի «Ապառաժ» թերթի ունեցած հարցազրոյցը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայաստանի քաղաքական շրջանակներում, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ գործիչների կողմից մի քանի անգամ յայտարարուել է, որ սեպտեմբերի 3-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Մոսկուայում արած յայտարարութիւնից յետոյ Հայաստանում ստեղծուել է քաղաքական նոր իրադրութիւն: Կը պարզաբանէ՞ք, թէ որն է այդ նոր իրադրութիւնը: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայաստանը յայտնուել...

Նախագահ Սարգսեան Վիճայարոյց Կենսաթոշակային Բարեփոխումը «Դրական» Կը Գնահատէ

Երէկ  տնտեսութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութենէն ետք նախարարութեան աշխատակիցները հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ կենսաթոշակային բարեփոխումներուն` իր դրական վերաբերմունքը արտայայտելով անոնց նկատմամբ: «Գիտէք, այդ խնդիրով ես տեւական ժամանակ անձամբ զբաղած եմ եւ ժամանակին կատարած եմ քանի մը խորհրդակցութիւններ, որոնց շարքին նաեւ` Ազգային ժողովին մէջ ընդգրկուած քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ, որոշակիօրէն` առնուազն չորս խմբակցութիւններու, կուսակցութիւններու ղեկավարներու...

«Տաւութօղլու Հասաւ Իր Առջեւ Դրուած Նպատակներու Մէկ Մասին» Յայտնեց Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այցելութեան արդիւնքներուն, «Երկիր»-ին յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը որոշ չափով հասաւ իր նպատակին` ցոյց տալ, որ կայ Հայաստան-Թուրքիա որոշ հոլովոյթ մը: Մինչդեռ իրականութեան մէջ, ըստ Մանոյեանի, այսպիսի հոլովոյթ չկայ`...

Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի «Հայ Ընտանիքը Դէպի Ու՞ր» Նիւթով Զրոյցին. «Հայ Համալսարանականները Ըսելիք Եւ Ընելիք Ունին Մեր Կեանքին Մէջ» Ըսաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ  Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին, երէկ` ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին շահեկան զրոյց մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի թանգարանին մէջ: Մեծամասնութեամբ համալսարանաւարտներու եւ համալսարանական ուսանողներու ու դասախօսներու ներկայութեան կազմակերպուած այս զրոյցին խօսք առին  Անի Բագրատունի, Կարօ Յովհաննէսեան, տոքթ. Վարուժան Պետիրեան եւ Քրիստին Սարգիսեան: Շուրջ երկու ժամ տեւած այս...

Կազմակերպութեամբ ԶՈՄ ԶՈԳ-ի. Հայկական Վարժարաններու Պաքալորէայի Քննութիւններուն Գերազանց Արդիւնք Ապահոված Աշակերտներու Պարգեւատրում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, երէկ` ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու պետական քննութիւններուն գերազանց արդիւնքներ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման աւանդական դարձած ձեռնարկը: Լոռի Վարդանեան Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Վարդանեան, որ յայտնեց, թէ այս հանդիսութեան նպատակն է գնահատել հայ ուսանողներուն յարատեւ եւ անխոնջ աշխատանքը: Իր խօսքը ուղղելով...

Տաւութօղլու Բողոքի Ցոյցով Դիմաւորուեցաւ Երեւանի Մէջ

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Երէկ առաւօտեան Երեւանի «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մօտ հաւաքուած` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այցելութեան առիթով բողոքի ցոյց կատարող եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող ՀՅԴ երիտասարդական միութեան, «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան եւ ՍԴՀԿ «Սարգիս Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութեան անդամները չտեսան Տաւութօղլուն, որ Հայաստան ժամանեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով: Յայտնի դարձաւ, որ Տաւութօղլու պանդոկ մտած է...

Երեւանի Մէջ Հանդիպում` Տաւութօղլուի Եւ Նալբանդեանի Միջեւ Տաւութօղլու Հանդիպումը «Անկեղծ» Նկատեց

Տաւութօղլու եւ Նալբանդեան Երէկ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստին ընթացքին Հայաստան կազմակերպութեան նախագահութիւնը յանձնեց Պուլկարիոյ: Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումներուն, թէ հանդիպում պիտի ունենա՞յ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ ի՞նչ հարցեր պիտի քննարկէ, Նալբանդեան յայտնեց, որ այո, պիտի հանդիպի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան բոլոր արտաքին գործոց նախարարներուն, որոնց շարքին նաեւ Տաւութօղլուի, եւ իրենց քննարկած հարցերը պիտի ներկայացուին հանդիպումէն ետք: Անդրադառնալով...

Ազգային Ժողովը Ընդունեց 2014 Թուականի Պետական Պիւտճէն

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան եւ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան Հայաստանի իշխող մեծամասնութեան ջանքերով` 70 թեր, 40 դէմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներով, Ազգային ժողովը երէկ ընդունեց 2014 թուականի պետական պիւտճէն: Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան քուէարկութեան նախորդած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրման հարցին: Ըստ անոր, այդ «արդար համակարգը այլընտրանք չունի» եւ անհրաժեշտ է առաւելագոյնս շուտ գործադրել զայն: «Երէկ ես հանդիպեցայ...

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարաւային Ափրիկեան Արձագանգներու Մասին Հազուագիւտ Փաստաթուղթ Մը Յայտնաբերուած Է

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հաւաքչական աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած է հազուագիւտ փաստաթուղթ մը, որ կը վայէ 1921-ին Հարաւային Ափրիկէի ցեղախումբերէն մէկուն կողմէ հայ որբերուն օգնութիւն ցուցաբերելու երեւոյթին մասին: Հարաւային Ափրիկէի Անկախ եկեղեցւոյ պատուելիներէն մէկը իր կարիքաւոր վիճակի մէջ գտնուող շուրջ երկու հարիւր յիսուն մարդոցմէ բաղկացած համայնքին անունով հանգանականութիւն կատարած է յօգուտ թրքական բարբարոսութիւններէն տուժած հայերու: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի կայքէջը նշելէ ետք,...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում

          Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հովանաւորութեամբ երեսփոխան Նաամէ Թոհմէի, երէկ` հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ լիբանանցի չորս գեղանկարիչներու` Զէյնա Պատրանի, Ալի Շամսի, Իսա Հալլումի եւ Ֆաթաթ Պահմատի հաւաքական ցուցահանդէսին բացումը: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Աշոտ Քոչարեան, պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ: Ցուցահանդէսին բացումը  կատարեց Համազգայինի...

Page 879 of 885 1 … 878 879 880 … 885