Թուրքիոյ Լրատուամիջոցներուն Ծանօթանալու Պատրուակով…
ՏՕՆԻԿ Տ. Նախաբան-Մուտք Յաջորդաբար 5-րդ տարին ըլլալով` «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ին կողմէ երկու (իրարմէ անջատ) ծրագիրներով կը կազմակերպուի հայ լրագրողներու ծանօթացում Թուրքիոյ մէջ գործող թրքական լրատուամիջոցներուն, իսկ Հայաստանի մէջ` թուրք լրագրողներու ծանօթացում Հայաստանի լրատուամիջոցներու գործելաձեւին ու անոնց տարած աշխատանքներուն: Ծրագիրը կազմակերպողներուն նպատակն է երկու պետութիւններուն միջեւ գործող լրատուամիջոցներու աշխատակիցներուն միջեւ երկխօսութեան առիթներ ստեղծել: Հայ լրագրողներու այս տարուան ծրագիրը տեղի ունեցաւ 31...