Գլխաւոր լուրեր

Hayashen

Հայաշէնի Ժողովրդային Տան «Հրայր Եւ Մարգրիտ Սողոմոնեան» Մարզասրահի Եւ «Սեդրակ Աճէմեան» Վերանորոգուած Սրահի Հանդիսաւոր Բացում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեաններու` շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայաշէնի  ժողովրդային տան մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեան» մարզասրահին եւ «Սեդրակ Աճէմեան» վերանորոգուած սրահին: Համբիկ Միսաքեան ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին սկիզբը` լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Համբիկ Միսաքեան բացուած յայտարարեց...

ARF-_Aleppo

Հակառակ Հալէպի Հայահոծ Թաղերուն Վրայ Հրասանդի Հրթիռներու Տեղատարափին. ՀՅ Դաշնակցութեան 123-ամեակին Նուիրուած Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2013-ին, Հալէպի Սիւլէյմանիէ շրջանի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 123-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը` անտեսելով Հալէպի դիմագրաւած դժուար եւ տագնապալի պայմանները: Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով ՀՅԴ-ի նահատակներուն եւ Սուրիոյ ու սուրիահայութեան բիւրաւոր զոհերուն յիշատակը, ապա հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները: Օրուան պատգամը փոխանցեց տոքթ....

GarDec13-(14)

Համազգայինի «Կարկաչ» Մանկապատանեկան Երգչախումբը Մասնակցեցաւ «Պէյրութ Չանթս» Փառատօնին

Յաջորդաբար 5-րդ տարին ըլլալով` շաբաթ, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը մասնակցեցաւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան նուիրուած «Պէյրութ Չանթս» փառատօնին` մեծաթիւ հանդիսականներու ներկայութեան ելոյթ ունենալով Կեդրոնական Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակահար Կամիլա Քէշիշեանի: Մօտ մէկ ժամ տեւած համերգին ընթացքին երգչախումբը երգեց Արամայիս Սահակեանի «Նոր տարին, Ժուլիեթա Արուստամեանի «Սնդիկ Փիսիկ»-ի, Նանսեն Միքայէլեանի «Քուչիկն...

Seyranian_OSCE

Ստորագրուեցաւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Եւ ԵԱՀԿ-ի Միջեւ Համագործակցութեան 2014-Ի Ծրագիրը

Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակին միջեւ 2013 թուականի համագործակցութեան ծրագիրի ամփոփումը: Իրենց խօսքերուն մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար, դեսպան Անտրէյ Սորոքին գերազանց գնահատեցին կատարուած աշխատանքները` նշելով, որ համագործակցութիւնը մեծապէս նպաստած է զինեալ ուժերուն մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդման եւ լաւ կառավարման ուղղութեամբ...

AJ_12202013

Արտակարգ Նիստ Ազգային Ժողովին Մէջ. ՀՅ Դաշնակցութիւնը Դէմ Պիտի Քուէարկէ Կազի Համաձայնագիրին

ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան առաջարկով` Ազգային ժողովը երէկ արտակարգ նիստ գումարեց: Քննարկուեցաւ 2 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ ստորագրուած «Հայաստանի կառավարութեան եւ Ռուսիոյ կառավարութեան միջեւ «ՀայՌուսկազարդ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան բաժնետոմսերու առքուվաճառքի եւ հետագայ գործունէութեան պայմաններու մասին» համաձայնագիրը: Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկեց Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի` մինչեւ ժամը 20:00 4 նիստեր գումարելու առաջարկին: Վարման կարգով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ խմբակցութեան...

tsouyts2012

Բողոքի Ցոյցեր` Կազին Վերաբերող Համաձայնագիրներուն Դէմ

Ցոյցերէն պահ մը Երէկ կէսօրին, Ազգային ժողովին դիմաց, Ռուսիոյ հետ ստորագրուելիք կազի համաձայնագիրին դէմ բողոքի ցոյց կատարող շուրջ 100 գործիչները իրենց ձայնը լսելի դարձնելու համար քանի մը վայրկեանով փակեցին Բաղրամեան պողոտան: Կարճ ժամանակ ետք յայտնուեցան ոստիկանութեան լրացուցիչ ուժերը, որոնք ուժի գործադրումով բացին պողոտան: Քաղաքացիական հասարակութեան գործիչները սկսան «Ինքնիշխան Հայաստան» եւ «Որոշողը մենք ենք» վանկարկել: Ասոր պատճառով մօտ 10 գործիչներու բռնութեամբ...

Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբը Ազրպէյճանական Նախայարձակումին Գծով Մինսքի Խմբակի Արձագանգը Կը Նկատէ Ուշացած

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներուն աճող անհանգստութեան եւ Ազրպէյճանի յարձակողական կեցուածքը քննադատող յայտարարութիւններուն` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի պատասխանը ուշացած էր եւ ոչ հասցէական: Հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն արձագանգը ուշացած էր, խուլ էր եւ ոչ հասցէական` սահմանափակուած «խաղաղութեան հեռանկարները խարխլող» սահմանային բռնութեան...

Nasrallah

Կոչ Ուղղելով Խուսափելու Կատարուած Իրողութեան Կառավարութեան Կազմութենէն` «Լիբանանցիք Կը Գտնուին Պատմական Առիթի Մը Առջեւ» Յայտարարեց Սէյիտ Նասրալլա

«Լիբանանցիք կը գտնուին պատմական առիթի մը դէմ յանդիման` նախագահական ընտրութեան գծով», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին` մերժելով այս գծով սահմանադրական դատարկութեան յառաջացումը: Կոչ ուղղելով խուսափելու կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կազմելէ` Նասրալլա ընդգծեց, որ (լիբանանեան) բանակին դէմ կարելի չէ կասկածիլ եւ անհրաժեշտ է զայն պաշտպանել ու հեռու պահել վտանգէ: Նախագահական...

GOV19-12

Հայաստանի Կառավարութիւնը Ազգային Ժողովը Արտակարգ Նստաշրջանի Հրաւիրեց

Հայաստանի կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին ընթացքին հաստատեց այսօր Ազգային ժողովի արտակարգ նստաշրջան գումարելու նախաձեռնութիւնը: Ըստ այդ նախաձեռնութեան, կառավարութիւնը Ազգային ժողովի քննարկման պիտի ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի առարկութիւնները «Պետական տուրքի մասին», «Շահումով խաղերու եւ խաղատուներու մասին»,  «Հայաստանի Հանրապետութեան պիւտճէի համակարգի մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներու  նախագիծերուն վերաբերեալ: Արտակարգ նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկուած են նաեւ «Տեղական ինքնակառավարման մասին», ...

Tadaran1

Ռուսիոյ Հետ Կազի Վերաբերող Երեք Համաձայնագիրները Կը Համապատասխանեն Սահմանադրութեան

Սահմանադրական դատարանը երէկ հաստատեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հայաստանեան այցելութեան օրը ստորագրուած կազային երեք համաձայնագիրները կը համապատասխանեն Հայաստանի սահմանադրութեան: «Եթէ Սահմանադրական դատարանը այսպիսի որոշում տայ, ապա կառոյցը պէտք է լուծարել», քանի մը օր առաջ այդ համաձայնագիրներուն առնչուող խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին յայտարարած էր Ազգային ժողովի պատգամաւոր, նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Արզումանեան: Սահմանադրական դատարանի որոշումը հրապարակուեցաւերէկ, սակայն կառավարութիւնը համաձայնագիրներու վաւերացման...

aztag

7 Երկիր, 41 Աշխատակից, 288 Էջ – «Ազդակ-Բացառիկ 2014»

Աւանդութիւնը կը շարունակուի: «Ազդակ» կը պատրաստուի հրատարակութեան յանձնելու 2014-ի բացառիկ թիւը: Անգամ մը եւս «Ազդակ- բացառիկ»-ին աշխատակցած են «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ սփիւռքեան զանազան երկիրներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Զուիցերիայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն «Ազդակ»-ին աշխատակցող մամլոյ գործիչներ: «Ազդակ» համոզուած է, որ հակառակ տպագիր մամուլի եւ առաւել եւս հայ տպագիր մամուլին առջեւ ցցուած դժուարութիւններուն, այս աւանդութիւնը պէտք է շարունակել:...

IMG_0260

Դասական Եւ Ժողովրդական Երաժշտութեան Ունկնդրութիւն

Երէկ` հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական եւ ժողովրդային երաժշտութեան ունկնդրութեան երեկոյ` կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին: Երեկոյին ընթացքին ելոյթ ունեցան երաժշտանոցի ուսուցիչներէն Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեան եղբայրները, Լիւսի Չամսարեան, Արեւիկ Գրիգորեան եւ խումբ մը աշակերտներ: Երաժշտական այս ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենան ամէն ամիս:...

crt102580553

Ակնարկ. Մարդկային Իրաւունքները Ընդդէմ Ազգային Իրաւունքներուն Եւ Առաջնահերթութիւններու Ճշդումի Հարցը

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռը, որուն համաձայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական արարք կարելի չէ նկատել, իբրեւ բացատրութիւն կը հիմնուի ազատ կարծիքի սկզբունքին հիման վրայ: Ածանցեալ հիմնաւորում կայ սակայն Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռին մէջ: Կ՛ըսուի պարզ ձեւով, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով միատեսակ կարծիք չկայ: Ճիշդ այստեղ է, որ մարդկային իրաւունքի եւրոպական կառոյցը ինքզինք կը մատնէ: Հարցը կը համեմատուի հրէական...

Pago_OSCE-Minsk-Group1712

Սահակեանի Եւ Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Որոշակի Հանգրուանի Ընթացքին Ղարաբաղը Պէտք Է Վերադառնայ Բանակցային Հոլովոյթ» Ըսաւ Իկոր Փոփով

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները նախանցեալ օր Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ: Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յայտարարեցին, թէ գիւղատնտեսութեան եւ այլ խնդիրներէն բացի իրենք նաեւ էական հարցեր կը քննարկեն Ղարաբաղ այցելութեան ժամանակ: Ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով մասնաւորաբար ընդգծեց, որ իրենց այցելութիւնները Լեռնային Ղարաբաղ,...

Artsvik_Yerkir.1812

«Պարտադիր Կուտակայինի Երաշխիքային Հիմնադրամը Կեղծ Է» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգը արդարացնելու ընթացքին ԱՊՊԱ-ն (փոխադրական միջոցներու օգտագործումէն բխող պատասխանատուութեան պարտադիր ապահովագրութիւն) իբրեւ օրինակ ներկայացնելը կը խօսի արհեստավարժութեան պակասի եւ հանրութիւնը թիւրիմացութեան մէջ ձգելու մասին: Պէտք է նշել, որ 2014 թուականի պիւտճէի քուէարկութեան ժամանակ Հայաստանի վարչապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ կենսաթոշակային բարեփոխումը համեմատեց ԱՊՊԱ-ի բարեփոխումին հետ` ըսելով,...

logo-FEAJD

Հաղորդագրութիւն

Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց ատեանը 17 դեկտեմբեր 2013-ի իր վճիռով հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն չէ: Ըստ անոր, Լոզանի դատարանի 2007-ի վճիռը` Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքի դէմ, հարուած է ազատ խօսքի իրաւունքին: Փերինչեք իբրեւ ժխտողական դատապարտուած էր զուիցերիական դատարանին կողմէ: Հայ դատի գրասենեակը խստիւ կը դատապարտէ այս վճիռը, որ այնքան վտանգաւոր է եւ ուղղակի զօրակցութիւն եւ Եւրոպայի տարածքին...

Perionews

Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հայ Մը Զոհուեցաւ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ին, ընդիմադիր զինեալներ առաւօտեան ժամերէն մինչեւ կէսօրէ ետք տասնեակ մը հրասանդի հրթիռներ նետեցին Հալէպ քաղաքի կեդրոնը` Մունշիէ, Ապպարա եւ Պուսթան Քըլափ շրջանները: Հրասանդի հրթիռներու պայթումներուն պատճառով զոհուեցան 5 քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 70 հոգիներ: Զոհերու կարգին էր նաեւ 62 տարեկան հայ  Նազարէթ Տրէժեան: Նազարէթ Տրէժեան զոհուեցաւ կէսօրէ ետք` գործատեղիէն տուն վերադարձին:

sahman-006

Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ Դէպի Սահմանադրական Դատարան Երթը Կայացաւ

Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ, Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ ազգային քոնկրես եւ Ժառանգութիւն խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները եւ «Ընդդէմ պարտադիր կենսաթոշակային վճարումներու» նախաձեռնութեան անդամները երէկ հաւաքուեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուրկէ սկիզբ առաւ երթը դէպի Սահմանադրական դատարան` «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները, մասնաւորաբար` պարտադիր բաղադրիչի կիրարկումը հակասահմանադրական ճաչնալու պահանջով: Բողոքի ցոյցին մասնակիցները բարձրացուցին «Կը պահանջենք», «Ոչ թալանին» պաստառները: «Մենք պիտի չարտագաղթենք...

CCAF1712

Ֆրանսահայերու Հանդիպում Նախագահ Հոլլանտի Հետ

Ֆրանսայի նախագահութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեանց համակարգումի խորհուրդի ներկայացուցիչներ Մուրատ Փափազեանը, Արա Թորանեանը եւ Ալեքսիս Կէօվճեանը: Նախագահը գնահատած է մշակոյթի եւ հայկական յիշողութեան պահպանման ի նպաստ խորհուրդին տարած աշխատանքը: Խորհուրդի ներկայացուցիչները իրենց կարգին ներկայացուցած են ազգային յիշողութեան կեդրոն մը ստեղծելու իրենց ծրագիրը, որուն իր զօրակցութիւնը յայտնած է նախագահը: Խորհուրդի ներկայացուցիչները նաեւ...

Ardzvig

Արծուիկ Մինասեան Պարգեւատրուեցաւ Ֆրիտիոֆ Նանսենի Ոսկիէ Յուշամետալով

Նախանցեալ օր Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի Ֆրիտիոֆ Նանսենի անուան լսարանին մէջ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան պարգեւատրուեցաւ մեծ մարդասէր, խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Ֆրիտիոֆ Նանսենի ոսկիէ յուշամետալով: Հայաստանի Ֆրիտիոֆ Նանսենի հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ Ֆելիքս Բախչինեան յայտարարեց հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի որոշումը. Արծուիկ Մինասեան կը պարգեւատրուի հասարակական-քաղաքական մարդասիրական սկզբունքներու հաստատման, Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման ուղղութեամբ ծաւալած աշխատանքներուն համար: Բախչինեան նշեց,...

Page 878 of 885 1 … 877 878 879 … 885