Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի Տօնի Հանդիսաւոր Նշոմ` Բարեզարդուած Եւ Բարենորոգուած Եկեղեցւոյ Մէջ

December 16, 2013
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

S.-Hagop-neshoumՍ. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնը այս տարի յատուկ շուքով նշուեցաւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մեծաթիւ հաւատացեալներ համախմբուած էին բարեզարդուած եւ բարենորոգուած եկեղեցւոյ մէջ` մասնակցելու համար Ս. պատարագին, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Յաւուր պատշաճի քարոզը արտասանելով, առաջնորդ սրբազան հայրը նախ մէջբերում կատարեց Պօղոս առաքեալէն, ապա խօսեցաւ Մծբնայ Ս. Յակոբ հայրապետին մասին` նշելով, որ պատմութիւնը մեծ բան չի փոխանցեր մեզի այս սուրբին մասին, բայց հայ եկեղեցւոյ միջոցով ան կ՛ապրի մեր մէջ: Ս. Յակոբ հայ ազգային աւանդութեան մէջ կը յիշատակուի մանաւանդ Արարատի վրայ Նոյեան տապանը փնտռելու աւանդական պատմութեամբ:

Bishop-Shahe-Panossian15122013Առաջնորդ սրբազան հայրը նշեց, որ այսօր մենք հաւաքուած ենք այս եկեղեցւոյ մէջ ոչ թէ Ս. Յակոբին նմանելու համար, այլ հաւաքուած ենք, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէս Աստուած իր արքայութեան մէջէն մարդիկ կ՛ընտրէ` ժողովուրդին ծառայելու համար:

«Այս մտածումներով վերարծարծենք մեր հաւատքը եւ մտաբերենք, որ սուրբերը երկնային արարածներ չեն, այլ մարդոցմէ ընտրուած անհատներ, որոնք կոչուած են Աստուծոյ ծառայելու», ըսաւ առաջնորդ սրբազան հայրը` աւելցնելով. «Այս սրբավայրը հաւատքի արդիւնք է` կառուցուած նախկին սերունդներուն կողմէ, որպէսզի շարունակենք մեր հաւատքի ուղին»:

Իր խօսքը հաւատացեալներուն ուղղելով առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց. «Ս. Յակոբ եկեղեցի իմ անդրանիկ այցելութեանս առիթով կու գամ շնորհաւորելու ձեզ, որ այսպէս խուռներամ շարքերով կու գաք եւ կը յարգէք սուրբին տօնը»: Առաջնորդ սրբազանը յորդորեց ներկաներուն ականջ տալ Պօղոս առաքեալի խօսքերուն, որ չըլլայ թէ հօտ ու հովիւ իրարմէ գժտուին` երկուքին համերաշխութիւնը նկատելով եկեղեցւոյ հզօրացման գրաւականը:

Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եկեղեցւոյ մահացած բարերարներու եւ համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար: Ապա առաջնորդ սրբազանը օրհնեց Ս. Յակոբի տօնին առիթով պատրաստուած մատաղը: Նախքան հաւատացեալներու արձակումը, Շահէ սրբազան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատացեալներուն` իրենց մեծաթիւ ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ բարեզարդումի եւ բարենորոգման բարերար Սարգիս Պուտաքեանին, որ հոգացած էր եկեղեցին ներկելու եւ նոր գորգերով օժտելու ծախսերը:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կազմակերպութեամբ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին խօսք առաւ եկեղեցւոյ բարենորոգումը իրականացուցած բարերար Սարգիս Պուտաքեան, որ յատկապէս շեշտեց կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ շուրջ Էշրեֆիէի հայութեան կեանքի աշխուժացման` նկատի ունենալով երիտասարդութիւնը ներգրաւելու եւ մանաւանդ Պէյրութի մէջ հայ համայնքի ձայնը բարձր պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս առիթով իրենց պատգամները փոխանցեցին նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց եկեղեցւոյ շուրջ կեանքը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերը Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններու Նոր Թուական

Յաջորդը

Դամասկոս. Ձիւնամրրիկը Կարճ Ժամանակով Կը Փակէ Ճամբաները

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.