Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տաւութօղլու Հասաւ Իր Առջեւ Դրուած Նպատակներու Մէկ Մասին» Յայտնեց Կիրօ Մանոյեան

December 14, 2013
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Giro-Manoyan_13122013ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այցելութեան արդիւնքներուն, «Երկիր»-ին յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը որոշ չափով հասաւ իր նպատակին` ցոյց տալ, որ կայ Հայաստան-Թուրքիա որոշ հոլովոյթ մը:

Մինչդեռ իրականութեան մէջ, ըստ Մանոյեանի, այսպիսի հոլովոյթ չկայ` դատելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաստատումէն, որ Հայաստան առանց նախապայմաններու կը պատկերացնէ այդ յարաբերութիւններու հաստատումը: Միաժամանակ, Տաւութօղլու կը շարունակէ խօսիլ նախապայմաններով, եւ այդ նախապայմաններուն մէջ կը մտնէ նոյնիսկ վրաց-աբխազական տագնապի հարցը:

Մանոյեան յայտնեց, որ Թուրքիա Տաւութօղլուի բերնով կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզէ, որ շրջանին մէջ բոլոր տագնապները լուծուած ըլլան, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատել: Ան յայտնեց, որ ուղղակիօրէն յղում կայ թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ, որ Տաւութօղլու ըսած է, թէ նաեւ վրաց-աբխազական խնդիրը պէտք է լուծուի, որ ընդհանրապէս շրջանին  մէջ խաղաղութիւն ըլլայ, որպէսզի Հայաստանի հետ իրենք կարենան յարաբերութիւն հաստատել:

Ըստ Մանոյեանի, ասիկա աւելի եւս ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ համար արձանագրութիւնները ոչ մէկ արժէք ունին: Այսինքն` թէեւ արդէն ուշացած, բայց պատճառ մը եւս աւելցաւ, որ Հայաստանի կողմէ այդ արձանագրութիւնները դադրին գոյութիւն ունենալէ: Իսկ անոր համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստան իր ստորագրութիւնները յետս կոչէ արձանագրութիւններէն:

Մանոյեան յայտնեց, որ Տաւութօղլու Հայոց ցեղասպանութեան մասին ընդամէնը ըսած է տեղահանութիւն, իսկ անոր մէջ ոչ մէկ նորութիւն կայ:

Ինչպէս ներկայացուց Կիրօ Մանոյեան, տակաւին 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ այն ժամանակուան կառավարութեան որոշումը կար, որով Ցեղասպանութեան տեղահանութիւն կ՛ըսուէր:

«Անոր համար ան ոչ մէկ նոր բան ըսած է եւ շատ ետ կը մնայ այն ամէնէն, ինչ որ 1919-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դատավարութիւններուն ընթացքին ըսուած է: Այսինքն, որ պետութեան կողմէ հայ ազգաբնակչութեան բնաջնջելու ճիգ կար: Ինք անոր մասին չի խօսիր, այլ ընդհակառակն, կը փորձէ հաւասարութիւն գտնել, տեսնել ինչ կատարած է պետութիւնը հայերուն նկատմամբ եւ ինչ կատարուած է թուրքերուն կամ իսլամականներու նկատմամբ, ինչ որ, սակայն, հայերուն կողմէ չէ կատարուած: Ինք այդ անհաւասարութեան մէջ կը փորձէ հաւասարութիւն մտցնել», պարզաբանեց Կիրօ Մանոյեան:

Յիշեցնենք, որ նախանցեալ օր Ահմեթ Տաւութօղլու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպումէն ետք թուրք լրագրողներուն համար նախատեսուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, որ հայ գործընկերոջ հետ դռնփակ հանդիպումը ջերմ եւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ ընթացած է: Ան նաեւ նշեց, որ Երեւան ժամանած է վերջին այցելութենէն չորս տարի ետք` ընդգծելով այցելութեան կարեւորութիւնը նաեւ այդ տեսանկիւնէն:

«Թերթ.էյ.էմ» նշեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը թուրք լրագրողներուն յայտնած էր, թէ «1915 թուականին հայերու տեղահանութիւնը անմարդկային էր, եւ Թուրքիա երբեք չէ աջակցած»:

 

Նախորդը

«Ալեքսա» Ձիւնամրրիկը Ուժգնութեամբ Հարուածեց Լեռնային Շրջանները. Լեռնային Բոլոր Ճամբաները` Փակուած Են

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Վիճայարոյց Կենսաթոշակային Բարեփոխումը «Դրական» Կը Գնահատէ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.