Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընկերային Ծառայութիւնը Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Առանցքը Կը Կազմէ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

December 25, 2013
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, Արամ Ա. կաթողիկոս հերթաբար այցելեց Պուրճ Համուտի «Հաուըրտ Գարակէօզեան» մանկախնամ կեդրոն, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ Ազգային ծերանոց: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերակցէին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու խումբ մը միաբաններ: Պուրճ Համուտի մէջ վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան միացան պետական նախարարի պաշտօնակատար Փանոս Մանճեան, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան:

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Մանկախնամ Կեդրոն

3-24122013Վեհափառ հայրապետին «Գարակէօզեան» կեդրոնին տուած այցելութեան ընթացքին, հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնի (Միացեալ Նահանգներ) բարեմաղթութիւնները Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով: Իր հայրական խօսքին ընթացքին, վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ «Գարակէօզեան»-ի կատարած ծառայութեան` մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, գնահատեց տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնն ու պաշտօնէութիւնը, որոնք նուիրումով լծուած են իրենց ծառայական լուման նետելու մեր ազգի գանձանակին մէջ:

Վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով հաւաքական ծառայութեան ըսաւ. «Առօրեային մէջ մեր ձեռք բերած իրագործումները հաւաքական ծառայութեամբ կը կատարուին: Իւրաքանչիւր անհատ իր տալիքը ունի, իր տալու կերպն ու ոճը ունի: Սակայն էականը ոգի՛ն է: Ժողովուրդին հետ ըլլալ, ժողովուրդին կարիքները հոգալ, ա՛յս է ծառայութեան ու մանաւանդ հաւաքական ծառայութեան նպատակը: Եկեղեցին ամբողջութեամբ այն անձին ու հաստատութեան կողքին է, որոնք իրենք զիրենք ծառայութեամբ կ՛իրագործեն: Մենք խօսողներու, կարծիք տուողներու պէտք չունինք, մենք ծառայողներու պէ՛տք ունինք»: Աւարտին վեհափառ հայրապետը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով շնորհաւորեց ներկաները` մաղթելով անոնց ուժ, կորով եւ համբերատարութիւն իրենց կատարած աստուածահաճոյ գործին մէջ:

ԼՕԽ–ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»
Ընկերաբժշկական Կեդրոն

4-24122013Ապա, վեհափառ հայրապետը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան ու ԼՕԽ-ականներու կողմէ:

Լիբանանեան, հայկական ու ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն Նազելի Աւագեան բարի գալուստ մաղթեց եւ ողջունեց ներկաները: «83-ամեայ ԼՕԽ-ին բազմաճիւղ եւ բեղուն գործունէութեան պատմութեան էջերը այսօր կը զգենուն յաւելեալ իմաստ: Հայրական եւ օրհնաբեր Ձեր այս այցելութիւնը կը գօտեպնդէ հայ կնոջ եւ ի մասնաւորի` իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի կամաւոր աշխատանքի կորովը ու մղիչ ուժ կը հանդիսանայ աւելի բծախնդրութեամբ, պարտականութեան գիտակցութեամբ շարունակելու իւրաքանչիւրիս վստահուած առաքելութիւնը` ի նպաստ հայ կարիքաւորին,  աշակերտին, ծերունիին թէ հիւանդին», ըսաւ Աւագեան: Ան վեր առաւ վեհափառ հօր հետեւողական զօրակցութեան յանձնառութիւնը ԼՕԽ-ի նկատմամբ` սատար հանդիսանալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան շարունակականութեան: «Ընդունեցէք մեր որդիական, երախտագիտական ջերմ զգացումները, վստահ ենք, որ Ձեր հայրական այս այցելութիւնը օրհնաբեր պիտի դառնայ ԼՕԽ-ին համար եւ անոր նուիրական բարիքները պիտի բաշխուին հայ ժողովուրդին», ընդգծեց Աւագեան:

Ապա ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին անունով խօսք առաւ Վերժին  Խորշիտեան, որ անդրադառնալով այս կեդրոնի գործունէութեան, ընդգծեց վեհափառ հօր ներդրումը անոր առաքելութեան արդիւնաւորման մէջ: «27 տարիներ առաջ` լիբանանեան պատերազմի դժուար տարիներուն, ԼՕԽ-ի կեդրոնի գործունէութեան առաջին օրերէն իսկ Դուք` իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, ունեցաք կենսական բաժին այս ազգանուէր առաքելութեան ծրագրումին, իրագործման ու տարիներու ընթացքին զարգացման» մէջ, շեշտեց Խորշիտեան: Ան նշեց, թէ այսօր կեդրոնը ունի ինը բաժանմունքներ, 27 պաշտօնեաներ եւ քառասուն բժիշկներ: «Տարիներու ընթացքին կեդրոնի բաժանմունքները աւելցան, շնորհիւ լիբանանցի եւ յատկապէս` հայ ժողովուրդի ցուցաբերած հաւատքին ու վստահութեան», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Այս կեդրոնը ներկայիս մաս կը կազմէ առողջապահական նախարարութեան նախնական օգնութիւն մատուցող կեդրոններու ցանցին եւ ընտրուեցաւ Լիբանանի առաջնակարգ հինգ ընկերային կեդրոններէն մին ու հոկտեմբեր 2011-ին վարկաւորուեցաւ «Քանատա Աքրիտիթէյշըն»-ի վարկանիշով եւ արժանացաւ բարձր գնահատանքի: Իսկ յունուար 2013-ին, պարգեւատրուեցաւ առողջապահութեան նախարարին կողմէ, իբրեւ բարձրորակ աշխատանք ու ծառայութիւն մատուցող կեդրոն»: «Այսօր Ձեր այս այցելութեամբ եւ Ձեր օրհնութեամբ պիտի շարունակենք կեդրոնի ընկերաբժշկական առաքելութիւնը` ի սպաս եւ յօգուտ մեր ժողովուրդին», եզրափակեց Խորշիտեան:

Իսկ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան, ողջունելով ներկաները եւ յատկապէս վեհափառ հայրապետը, ըսաւ. «Ձեր այս մտերմիկ այցելութիւնը ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին համար օրհնութիւն, ցնծութիւն եւ մեծ պատիւ է վեհափառ հայր»: «ԼՕԽ-ի փշոտ ուղին դիւրին չէ եղած ամենեւին. անիկա ծնած է տարաբախտ ու գաղթական հայ ազգի բիւր կարիքներէն: Բարեսիրական կամ մարդասիրական գործունէութիւններով չեն սահմանափակուած ԼՕԽ-ի գործունէութեան անդաստանները: Հայը հա՛յ է ամէնուրեք: Արդարեւ, այս համոզումով եւ կարեկցանքով ԼՕԽ-ը իր այս կեդրոնի ծառայութիւններով եւ «Սուրիահայերու օժանդակութեան մարմին»-ին հետ համագործակցելով անկարելին դարձուցած է կարելի` օժանդակութեան ձեռք երկարելով Սուրիայէն գաղթած մեր քոյր-եղբայրներուն» շեշտեց Յովհաննէսեան: Երախտագիտութեան խոր զգացումներով ան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ ըսաւ. «Ձեր գուրգուրանքը առ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը լուսաւոր աստղի մը նման կը ճառագայթէ ձեր այս գօտեպնդիչ այցելութեամբ ու մեզ` ԼՕԽ-ականներս կը մղէ յաւելեալ հաւատքով ու վճռակամութեամբ ընթանալու` զոհողութեան ու նուիրումի ճամբէն դէպի հզօր ազգի կերտում, դէպի հզօր ապագայ»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը իր հայրական խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, գնահատեց կատարուած աշխատանքը, իր անձնական վկայութիւնը տուաւ ընկերաբժշկական կեդրոնին մասին, որ իր առաջնորդութեան տարիներուն հիմնուած էր եւ Ինք եւս իր ներդրումը ունեցած էր այս կեդրոնի ստեղծման մէջ, ինչպէս նաեւ բարձրօրէն գնահատեց կեդրոնի բարերար Մելքոն Պուլղուրճեանը, որ անձնապէս ներկայ էր: Խօսելով ԼՕԽ-ի ունեցած դերակատարութեան մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «ԼՕԽ-ը լիբանանահայութեան եւ մանաւանդ Պուրճ Համուտի համար եղաւ մարդասիրական այն օճախը, ուրկէ լոյս ու ջերմութիւն տարածուեցաւ բոլորին` անխտիր, առանց դաւանանքի ու համայնքի խտրութեան: Լիբանանի ամէնէն տագնապալի օրերուն եւ մինչեւ մեր օրերը ԼՕԽ-ը եղաւ ու մնաց մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողքին` կատարելով մարդասիրական անշահախնդիր ծառայութիւն»: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր աջակցութիւնը, զօրակցութիւնն ու վստահութիւնը փոխանցեց ԼՕԽ-ին եւ մաղթեց, որ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը բազմանան` ի խնդիր հայ ժողովուրդի զաւակներու ծառայութեան: Ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքի Նոր տարին ու Ս. Ծնունդը` նորանոր իրագործումներ մաղթելով:

Ազգային Ծերանոց

2-24122013Արամ Ա. կաթողիկոսի վերջին հանգրուանը եղաւ Ազգային ծերանոցը: Վեհափառ հայրապետին ընկերակցող միաբան հայրերը իրենց շարականներով ու երգերով հոգեւոր ու ազգային ցնծութեան մթնոլորտ ստեղծեցին Ծերանոցին մէջ: Ծերերը եւս իրենց երգերով ու արտասանութիւններով իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին վեհափառ հայրապետին ներկայութեան համար: Խօսք առնելով` Ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան ողջունեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով, որ Ազգային ծերանոցը միշտ մօտ եղած է վեհափառ հայրապետի սիրտին:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան, խնամակալութեան ու տիկնանց միութեան կատարած մարդասիրական, ընկերային ու ազգային ծառայութիւնը: Ծերերուն ուղղելով իր խօսքը, վեհափառ հայրապետը բացատրեց, թէ վերջին տարիներուն իւրաքանչիւր տարի մեր հայ իրականութեան վերաբերող արժէքի մը կը նուիրէ, եւ «2014 տարին որոշած եմ հռչակել «Հայ տարեցներու տարի», եւ առաջին անգամ այստեղ է, որ կը յայտարարեմ: Մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է սէր, կապուածութիւն, յարգանք ու հաւատարմութիւն ցուցաբերեն մեր տարեցներուն նկատմամբ: Մենք պէտք է սիրենք ու պաշտպանենք մեր տարեցները»: Ազգային ծերանոցին անդրադառնալով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ասիկա հաստատութիւն չէ՛: Ասիկա տո՛ւն է: Ձեր տունն է, մեր տունն է, ազգին տունն է: Այս տան միջոցով աստուածահաճոյ գործ կը կատարուի: Այս տունը մեզի համար սիրելի է, որովհետեւ մեր տարեցներուն խնամք, գուրգուրանք, պաշտպանութիւն ու ծառայութիւն կը մատուցէ»:

Յայտնենք նաեւ, որ վեհափառ հայրապետը երեք հաստատութիւններուն տուած այցելութիւններուն ընթացքին, իր հայրական խօսքերուն մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ մեր բարերարներուն ունեցած կարեւոր դերակատարութեան` կատարուած ընկերային ու մարդասիրական ծառայութիւնները ալ աւելի հասու դարձնելու հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի ունեւոր զաւակներուն, որ Աստուծմէ իրենց պարգեւուած բարիքէն բաժին հանեն նաեւ կարօտեալներուն ու կարիքաւորներուն:

Յայտնենք նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն վեհափառ հայրապետը պիտի շարունակէ իր այցելութիւնները ընկերային ծառայութիւն մատուցող այլ հաստատութիւններու:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Հայկական Քաղաքական Դաշտին Մէջ 2013-ի Երեք Կարեւոր Զարգացումներու Շուրջ

Յաջորդը

Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին Ս. Ծննդեան Պատգամը. «Յիսուսի Ծնունդը Յոյսի Տօն Մըն Է Մեզի Համար, Որովհետեւ Ան Կը Յաղթէ Մեր Յոռետեսութեան»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.