Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին Ս. Ծննդեան Պատգամը. «Յիսուսի Ծնունդը Յոյսի Տօն Մըն Է Մեզի Համար, Որովհետեւ Ան Կը Յաղթէ Մեր Յոռետեսութեան»

December 25, 2013
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Ծննդեան աստուածապարգեւ տօնին առիթով` ձեզի կը փոխանցենք ցնծութեան եւ յոյսի հայրապետական պատգամը սիրեցեալ առաջնորդներ, պատուարժան հովիւներ եւ կրօնաւորներ, սարկաւագներ, կուսաններ եւ ի սփիւռս աշխարհի գտնուող բարեպաշտ հաւատացեալներ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ:

Ս. Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք հրեշտակին խօսքը Բեթղեհէմի հովիւներուն.

«Ահա ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ ամբողջ ժողովուրդինը պիտի ըլլայ:

Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ, ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ 2, 10-11):

Վերոյիշեալ Ս. աւետման խօսքը մեզի ոչ միայն ուրախութիւն կը պատճառէ, այլ մանաւանդ մեզի նոր յոյս մը կը ներշնչէ, որ կը յաղթէ մեզ շրջապատող բոլոր դժուարութիւններուն եւ կը փարատէ մեր բոլոր մտահոգութիւնները:

Եթէ առօրեայ լուրերուն հետեւինք, կը գտնենք միեւնոյն անկայուն վիճակը եւ անապահով մթնոլորտը, որոնք մեզի անհանգստութիւն եւ անձկութիւն կը պատճառեն, եւ որոնք մօտ կամ հեռաւոր ապագայի վրայ լոյս կամ յոյս չեն սփռեր:

Մենք մեզի կը հարցնենք. արդեօք մեր Հայր Աստուածը չի՞ տեսներ մեր ցաւերն ու նեղութիւնները, եւ միջոց չունի՞ արդեօք մեզի օգնութեան հասնելու:

Արդեօք մեր Հայր Աստուածը լուծում չունի՞ տալու 3 տարիէ ի վեր տառապող ժողովուրդներուն` արաբական երկիրներուն մէջ տիրապետող պայքարներուն պատճառով, անոնց վերջ տալու համար:

Մեր Հայր Աստուածը կարողութիւն չունի՞ արդեօք կեցնելու գաղթականութեան հոսքը եւ ստեղծուած անարդար կացութիւնը, որուն զոհ կ՛երթան հարիւր հազարաւոր անմեղ ընտանիքներ:

Արդեօք մեր Հայր Աստուծոյ ձեռքը չի՞ հասնիր վերջ տալու համար քրիստոնեաներու ցաւերուն, որոնք կը թալանուին, կը սպաննուին եւ երբեմն ալ կը նահատակուին` իրենց քրիստոնեայ հաւատքին հաւատարիմ մնալուն համար:

Սիրելինե՛ր, մեր Հայր Աստուածը ամէն բան կը տեսնէ եւ դարերու ընթացքին միշտ պատասխան տուած է նման տմարդի եւ անարդար դէպքերուն:

Նախ եւ առաջ, մեր Հայր Աստուածը մեզի աւետեց եւ յատուկէն այսօր կը շարունակէ մեզի աւետել փրկիչին ծնունդը` Յիսուս Քրիստոսը, որ աշխարհ եկաւ մարդիկ Աստուծոյ զաւակ դարձնելու եւ իրարու նկատմամբ սիրող ու ներող եղբայրներ եւ քոյրեր վերադարձնելու համար: Յիրաւի Ս. պատարագին ընթացքին կ՛երգենք. «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ, թշնամութիւնն հեռացաւ, սէրն ընդ հանուրս սփռեցաւ»:

Յաճախ կը սպասենք, որ մեր Հայր Աստուածը ամբարտաւաններուն դէմ նոյն բռնակալ միջոցները գործածէ, անօրէններուն դաս տայ եւ չարին վերջակէտ մը դնէ: Այս մտածելակերպը, սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, կը նշանակէ, որ մենք Աստուծոյ ծրագիրները չենք հասկցած տակաւին: Կը նշանակէ, որ Ս. Գիրքը չենք կարդար` ըմբռնելու համար Աստուծոյ իմաստուն ծրագիրները եւ անցեալին մէջ Անոր կատարած փրկարար գործերը:

Այս մտածելու ձեւը կը նշանակէ, որ մենք տակաւին աշխարհիկ մտայնութեամբ կ՛ապրինք, եւ ասոր համար կը գայթակղինք Աստուծոյ ընթացքէն, ինչպէս առաքեալները գայթակղեցան Յիսուսի չարչարանքներուն, խաչելութեան ու մահուան առջեւ:

Բայց առաքեալները, Յիսուսի յարութենէն ետք, հասկցան Աստուծոյ ծրագիրը, որ կ՛ուզէ աշխարհը փրկել սիրով եւ ոչ ուժով: Անոնք պատրաստ եղան այս բարի լուրը աւետելու բոլոր մարդոց եւ իրենց կեանքն իսկ զոհելու` Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը իրագործելու համար:

Եւ ահա այսօր երկինքին մէջ ունինք բիւրաւոր սուրբեր եւ Քրիստոսի վկաներ, որոնք Աստուծոյ փրկարար գործը հասկցան եւ չվարանեցան ամէն զոհողութիւն յանձն առնել` մարդոց աւետելու համար այս բարի լուրը, եւ դարձան իսկական առաքեալներ իրենց սերունդին ու միջավայրին մէջ:

Ասոնք հասկցան Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը եւ զայն ապրեցան ու քարոզեցին:

Ասոնք ուրախ կեանք մը ունեցան եւ հազարներ ուրախացուցին իրենց բարի օրինակով:

Ասոնք յոյսով ապրեցան եւ իրենց շրջանակին մէջ բիւրաւոր մարդոց յոյս սփռեցին:

Ասոնք իմաստ տուին աշխարհի ելեւէջներուն եւ իրենց կեանքի վկայութեամբ համոզեցին շատերը, որ կարելի չէ չարով չարին յաղթել, այլ միայն` ներողամտութեամբ եւ սիրով: Այս է քրիստոնեայ սկզբունքը:

Այս նիւթին առնչութեամբ, Ս. Պօղոս հռոմէացիներուն յստակ կերպով կը բացատրէ այս վիճակը, երբ կ՛ըսէ. «Եթէ թշնամիդ անօթի է, կերցո՛ւր անոր, եթէ ծարաւ է, խմցո՛ւր անոր. այսպէս ընելով` հրաբորբոք կայծեր կը կուտակես անոր գլխուն վրայ»: Այսինքն, քու այս ընթացքովդ, մեղաւորը` բարի գործերդ տեսնելով, խղճի խայթ պիտի ունենայ, ինչ որ զինք պիտի մղէ դարձի գալու: Եւ Ս. Պօղոս կը շարունակէ իր խօսքը ըսելով. «Մի՛ յաղթահարուիր չարէն, այլ` բարիով յաղթէ չարին» (Հռ. 12,20-21):

Այս իմաստով է, որ, սիրելինե՛ր, Յիսուսի Ծնունդը յոյսի տօն մըն է մեզի համար, որովհետեւ ան կը յաղթէ մեր յոռետեսութեան: Այսպէս կ՛արտայայտուի Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս սրբազան պապը, երբ կ՛ըսէ. Յիսուսի ծննդեան տօնը մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուած մեզի հետ է եւ թէ Աստուած մեր վրայ իր վստահութիւնը դրած է: Աստուծոյ Որդին մարդացաւ, որպէսզի միշտ բնակի մեր մէջ` թէ՛ մեր ուրախութիւններուն եւ թէ՛ մեր ցաւերուն ատեն: Ուստի, աշխարհ արցունքներու հովիտ մը չէ այլեւս եւ բնաւ պիտի չըլլայ ասկէ վերջ, քանի Աստուծոյ Միածին Որդին բնակեցաւ անոր մէջ, եւ ուզեց մարդոց կեանքին բաժնեկից դառնալ: Արդարեւ, Յիսուս չծնաւ իտէալական աշխարհի մը մէջ, այլ` իրական աշխարհի մը մէջ, ուր լաւ կողմերուն առընթեր, կային նաեւ չարութիւններ, խեղճութիւններ եւ պատերազմներ: Յիսուս ապրեցաւ այս տեսակ աշխարհի մէջ` իր սահմաններով եւ իր ցաւերով:

Սիրելինե՛ր, Յիսուս միշտ մեզի հետ է: Արդեօք կը հաւատա՞ք այս խօսքին: Յիսուս մեզի հետ է իր ծննդեան օրէն ի վեր, եւ միշտ մեզի հետ պիտի մնայ մեր պատմութեան ընթացքին, որպէսզի մեզ վերցնէ մեր դժուարութիւններէն եւ մեր մեղքերէն: Այս է մեծ նուէրը, որ Մանուկ Յիսուսը մեզի կը շնորհէ այսօր: Ան մեզի նոր թափ մը կու տայ, որպէսզի չընկճուինք մեր յուսալքումներուն եւ մեր տխրութիւններուն ծանրութեան տակ: Որովհետեւ, նոր թափը, որ Յիսուս մեզի տուաւ, կը ջերմացնէ մեր սիրտը եւ զայն կը փոխէ: Ուստի, Յիսուսի Ծննդեան տօնը մեզի բարի լուր մը կը բերէ, որ մենք անձնապէս եւ մեծապէս Աստուծմէ սիրուած ենք: Աստուած չի պատմեր միայն իր սէրը մեզի, այլ` այդ սէրը մեզի հայրաբար կը փոխանցէ: Ասոր համար, ներկայ մեր ցաւերուն եւ նեղութիւններուն հետ մէկտեղ, Ծննդեան տօնը մեզի կը շնորհէ յոյսի եւ ուրախութեան նշաններ: Յիսուսի Ծնունդը մեզմէ ամէն մէկուն սփոփանք, զօրակցութիւն եւ մխիթարութիւն կու տայ:

Յոյժ սիրելինե՛ր, մեր վստահութիւնը դնենք Աստուածամօր բարեխօսութեան վրայ, Ան որ եղած է Յիսուսին մայրը եւ մեր երկնաւոր մայրը, որպէսզի այս Ծննդեան տօնին առիթով Ան մեզի օգնէ կարենալ ճանչնալու համար մեր ընկերոջ դէմքին վրայ, մանաւանդ ամենատկարին մօտ, ճանչնալու մարդացած Յիսուսին դէմքը. ամէն:

Յիսուս ծնաւ եւ յայտնեցաւ – օրհնեալ է Յիսուսին Ծնունդը

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

 

 

Նախորդը

«Ընկերային Ծառայութիւնը Եկեղեցւոյ Առաքելութեան Առանցքը Կը Կազմէ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.