Ն. Բ.
Հայ ազգին երկու հիմնական ներկայացուցիչները` սփիւռքահայն ու հայաստանցին բեմին վրայ են` իրենց սովորութիւններով, նկարագրային գիծերով, մտածելակերպով, թերութիւններով, իրարու նկատմամբ ունեցած մօտեցումներով…
Բեմին վրայ են նաեւ այսօրուան Հայաստանի եւ Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցիչները` իրենց բնորոշ գիծերով, կեանքը ընկալելու ձեւերով եւ հաւատալիքներով…
Տաղանդաւոր դերասան եւ թատերախաղի հիմնական դերակատար Նարեկ Տուրեանն ու անոր ընկերացող օժտեալ դերասաններ` Թամարա Պետրոսեան, Գոհարիկ Կարապետեան, Զաւէն Աբրահամեան, Արային Տեխտրիկեան, Աշոտ Գարտաշեան, Գրիգորի Յակոբեան շաբաթ, 11 եւ կիրակի, 12 յունուարին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ մեծ վարպետութեամբ կրցան շուրջ երկուքուկէս ժամ անընդհատ կլանել հանդիսատեսը` անոր ներկայացնելով վերոնշեալ տիպարները եւ անոնց ընդմէջէն ստեղծուած տարաբնոյթ կացութիւններ:
Համազգային Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ կայացած «Մօրաքոյրը` Փարիզէն» կատակերգութեան ընթացքին հանդիսատեսը լիաթոք խնդալու, դերասաններուն, յատկապէս Նարեկ Տուրեանի, որ հանդէս կու գայ մօրաքրոջ դերով, երգիծական բարձր կարողականութեամբ իրենց առօրեայէն անջատուելով թատերախաղին հետ միաձուլուելու, դէպքերն ու զարգացումները ապրելու իւրայատուկ պահեր վայելելու առիթ ունեցաւ: Բայց ծիծաղին ետին թաքնուած են ցաւալի իրականութիւններ, որոնց մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ արտագաղթը, ներգաղթող հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, նոյն ազգին զաւակը ըլլալով հանդերձ սփիւռքահայուն եւ հայաստանցիին միջեւ առկայ մեծ տարբերութիւնները, որոնք հակասութիւններ կը ստեղծեն որոշ պարագաներու, Խորհրդային Հայաստանի մէջ ապրած հայուն ունեցած մտայնութիւնը, որ այսօր եւս երբեմն զգալի կը դառնայ: Բաւական ճշգրիտ կերպով կը բացայայտուի, որ սփիւռքահայն ու հայաստանաբնակ հայը ի՛նչ կը մտածեն մէկզմէկու մասին, ինչպէ՛ս կ՛ընկալեն միւսը: Յատկանշական է յատկապէս այն, որ Նարեկ Տուրեան երգիծանքի ճամբով լուսարձակը կը հրաւիրէ շատ արագ կերպով օտարամոլ դարձող հայերուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայը իբրեւ լեզու չընկալելու հայաստանցիներուն մօտեցումին վրայ:
«Մօրաքոյրս` Փարիզէն»-ին մէջ կան նաեւ մարդկային անհատնում իրականութիւններ, կացութիւններ, սէր, սիրոյ պայքար, նիւթականի տիրանալու միտումով ամուսնութեան առաջարկներ, պարզամտութենէ ծնունդ առնող կացութիւններ, որոնք կը ներկայացուին դերասանական հմտութեամբ եւ հանդիսատեսին թատերական գործ մը ընկալելու հաճոյք ու գոհունակութիւն պատճառելու բարձր արուեստով:
Լիբանանահայութեան կողմէ արդէն իսկ սիրուած Նարեկ Տուրեանի այս թատերախաղը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ բեմին վրայ տիրական ներկայութիւն է ան եւ թատերական կեանքին մէջ ունի իր դրոշմն ու ներդրումը: Մեր իրականութեան մէջ առկայ, սակայն զանոնք անտեսել ձեւացնելու մեր փորձերը ձախողութեան կը մատնուին Նարեկ Տուրեանի բեմադրութեան ընդմէջէն, որովհետեւ ան լուսարձակ կը բանայ անոնց վրայ` ծիծաղի ընդմէջէն խարազանելով այդ երեւոյթները, անուղղակիօրէն քննադատելով:
Երաժշտախառն կատակերգութեան ամբողջ ընթացքին դերասաններուն միջեւ նկատելի էր ներդաշնակութիւնը, մէկ ամբողջութիւն ըլլալու իրականութիւնը, իւրաքանչիւրը մաս մըն էր` թատերական ընդհանուր պատկերը իր ամբողջութեան հասցնող: Թատերախաղը Նարեկ Տուրեանի կողմէ կը բեմադրուի 20 տարիէ ի վեր:
Լիբանանահայ հանդիսատեսի բուռն փափաքին ընդառաջելով` «Մօրաքոյրը` Փարիզէն»-ը պիտի ներկայացուի նաեւ ուրբաթ, 17 յունուարին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:


