Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ու հեռաձայնային խօսակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի ու Սուրիոյ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցերու եւ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւններուն շուրջ` «Ժընեւ – 2» խորհրդաժողովին լոյսին տակ:
Հանդիպում Զաքքա Պատրիարքին Հետ
Հինգշաբթի գիշեր վեհափառ հայրապետը այցելեց ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Զաքքա պատրիարքին` դրան եպիսկոպոս Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի ընկերակցութեամբ: Պատրիարքին հետ վեհափառ հայրապետին ունեցած խօսակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Սուրիոյ կացութեան եւ մանաւանդ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան հետ կապ ունեցող հարցեր:
Հեռաձայնային Խօսակցութիւն
Եազիժի Պատրիարքին Հետ
Անցնող շաբթուան ընթացքին վեհափառ հայրապետին եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքին միջեւ երկու առիթներով հեռաձայնային խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ: Եազիժի պատրիարքին նստավայրը կը գտնուի Դամասկոսի մէջ: Երկու հոգեւոր պետերու խորհրդակցութիւններուն լուսարձակը Սուրիոյ ներքին կացութիւնն էր եւ յատկապէս` քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու ու քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը աւելի խորացնելու կարելիութիւններու քննարկումը` Սուրիոյ պատմութեան ներկայ դժուար հանգրուանին:
Հանդիպում Ռայի Պատրիարքին Հետ
Ուրբաթ գիշեր մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի պատրիարքը հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուելու կարճ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Սանտրի կարտինալին ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին: Յիշեալ ճաշկերոյթին ներկայ եղան կաթողիկէ պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները: Սանտրի կարտինալը, որ նախագահն է Վատիկանի մէջ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքին, իր խօսքին մէջ դրուատիքով անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ունեցած սերտ յարաբերութեան Վատիկանի հետ:
Ընթրիքէն ետք վեհափառ հայրապետը ու Ռայի պատրիարքը առանձին հանդիպում մը ունեցան: Պատրիարքը տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը նոյն օրը Հըզպալլայի ներկայացուցիչներուն հետ իր ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն կառավարութեան կազմութեան գծով Պքերքէի տարած աշխատանքներու մասին: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին պատրիարքին հետ բաժնեց այն մտահոգութիւններն ու սպասումները, որոնք փոխանցուած էին իրեն վերջին օրերուն Անթիլիասի մայրավանք այցելած քաղաքական ու համայնքային պատասխանատուներուն կողմէ: Հանդիպման ընթացքին նաեւ ակնարկութիւններ կատարուեցան կառավարութեան կազմութեան, յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան եւ «Ժընեւ – 2» խորհրդաժողովին:
Երեք պատրիարքներն ալ վեհափառ հայրապետին յայտնեցին, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած ներկայ կացութեան լոյսին տակ անհրաժեշտ է, որ մնայուն խորհրդակցութիւն տեղի ունենայ հոգեւոր պետերուն միջեւ:


