Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

February 15, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Arm-Nat-Committe1Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ առաւօտուն այցելեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթի հետ: Հանդիպման նպատակն էր դեսպանին հետ արծարծել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ որոշումը: Փերինչեք Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանած էր «միջազգային սուտ», որուն իբրեւ հետեւանք դատապարտուած  եւ տուգանուած էր զուիցերիական դատարաններու կողմէ, Զուիցերիոյ ժխտողականութեան դէմ օրէնքը ոտնահարած ըլլալուն համար: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը 17 դեկտեմբեր 2013-ին, քննելով Փերինչեքի դիմումը, գտած էր, որ Փերինչեքի դէմ զուիցերիական դատարաններու որոշումները ոտնահարած են անոր խօսքի ազատութիւնը:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը դեսպան Ֆլինթի փոխանցեց մարմինի զօրակցութիւնը եւ քաջալերանքը` զուիցերիական իշխանութիւններուն կողմէ եւրոպական դատարանի որոշման բողոքարկման գծով:

Դեսպան Ֆլինթ իր կարգին հաստատեց, որ ինք լաւատեղեակ է հարցին էութենէն եւ կը գնահատէ Հայ դատի մարմինի զօրակցական այցելութիւնը: Ան նշեց, որ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները կը բաժնեն հայ ժողովուրդի արդար ընդվզումը եւ լրջօրէն կը սերտեն եւրոպական դատարանի որոշման հանգամանքները: Ան ընդգծեց, որ Փերինչեք դատապարտուած է համաձայն օրէնքի մը, որ որդեգրուած է արգիլելու համար բոլոր ցեղասպանութիւններուն ժխտումը, եւ Փերինչեքի գծով զուիցերիական դատարաններուն որոշումները եղած են արդար:

Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց այն իրողութիւնը, որ եւրոպական դատարանի որոշումը անփոփոխ պահելը կը յանգեցնէ Եւրոպայի մէջ ժխտողականութիւնը հանդուրժող մթնոլորտի մը հաստատման, ինչ որ պիտի նպաստէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին թուրք ծայրայեղականներու կողմէ հակահայ քարոզչութեան եւ ժխտողականութեան սաստկացման:

Դեսպանը խոստացաւ հանդիպումին բովանդակութիւնը եւ պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած եւրոպական դատարանի որոշման բողոքարկման պահանջը շուտով փոխանցել Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սուրիոյ Հարցով Զբաղող Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.