Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Եկեղեցական Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

February 17, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

sarkisԱնցնող շաբաթավերջին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, եկեղեցւոյ թաղականութիւնը կազմակերպած էր ժողովրդային տօնախմբութիւն մը` նպատակ ունենալով Ս. Սարգիսի տօնը ազգային-տոհմիկ մթնոլորտով կայացնել:

Տօնախմբութիւնը սկսաւ շաբաթ, 15 փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, եկեղեցւոյ թաղին մէջ կանգնեցուած տաղաւարներուն մէջ տեղի ունեցած ցուցադրութիւն-վաճառքով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի «Ազիրեան» եւ «Արագած» մասնաճիւղերը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, «Քրիստափոր» եւ «Հրայր դժոխք» պատանեկան միութիւնները եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը:

sarkis1Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր կիրակնօրեայ վարժարաններու «Բարեւ փոքրիկներ» մանկապատանեկան խումբի ելոյթ, ժամանցի յատուկ պահ` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտներուն հետ, իսկ երեկոյեան` ժողովրդային եւ ազգային երգերու երգահանդէս:

Իսկ երէկ առաւօտեան մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց 4-րդ դարուն ապրած Ս. Սարգիս զօրավարի կեանքին եւ նահատակութեան վրայ:

«Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ հաւանաբար Ս. Սարգիսի համազօր սուրբ չկայ: Հաւատքի եւ զգացական տարօրինակ թելերով մեր ժողովուրդը կապուած է այս սուրբին, որ բոլոր ժամանակներուն ալ մեր ժողվուրդին կողմէ կոչուած է արագահաս, բարեխօս եւ շնորհատու», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Ս. Սարգիս կեանքէն եւ աշխարհէն եկող անձնաւորութիւն մըն էր, բայց հակառակ իր զինուորական ասպարէզին, դարձած էր Քրիստոսի հետեւորդ եւ իր հաւատքին մէջ այնքան խորացած էր, որ նկարագիրով մօտեցած էր Քրիստոսի ու Աստուծոյ:

sarkis2Սրբազանը բացատրեց, որ ժողովուրդը Ս. Սարգիսին մէջ տեսած էր սրբութիւն, մեծազօրութիւն, ինչպէս նաեւ նկատած էր, որ Աստուծոյ նկատմամբ սուրբին ունեցած սէրը մարդոց նկատմամբ իր ունեցած յարգանքով ու սիրով կ՛արտայայտուէր: «Եկէք հաւատքով փարինք անցեալէն եկող մեր նուիրական սրբութիւններուն, մեր եկեղեցւոյ, ամրանանք մեր հաւատքով, փարինք մեր նուիրական, ազգային եւ եկեղեցական արժէքներուն…», եզրափակեց սրբազանը հայրը:

Աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄՄ – ՀՄԸՄ` 1-1

Յաջորդը

Ազգային Երեսփոխանական Ընտրութիւններ` Լիբանանի Հայոց Թեմի 15 Եկեղեցիներու Մէջ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.