
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ լրագրողներու հետ պատկերասփռուած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ տակաւին Ուքրանիա ռուսական զօրք ուղարկելու կարիք չկայ, սակայն Ռուսիա իրեն կը վերապահէ իր քաղաքացիներն ու Արեւելեան Ուքրանիան պաշտպանելու «բոլոր միջոցներուն» կիրարկման իրաւունքը:
Ան ըսաւ, որ «ուքրանացի ժողովուրդին դէմ պատերազմ պիտի չմղենք»` աւելցնելով, որ «զինուորական ընտրանքի օգտագործումը վերջին ընտրանքը պիտի ըլլայ, եւ կը յուսանք, որ չստիպուինք զայն օգտագործել»: «Անմեղներու վարկաբեկման ի տես ձեռնածալ պիտի չմնանք», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը` նշելով, որ «նոյնիսկ եթէ Ռուսիա որոշէ զինուորական ընտրանքին դիմել, ապա ատիկա օրինաւոր է»` հարց տալով, որ «Լիպիոյ եւ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու կատարածը օրինաւո՞ր էր»:
Փութին ըսաւ, որ Խրիմի մէջ երեւցած զինեալ խմբաւորումները տեղական ուժեր են եւ ոչ թէ ռուսական զօրք եւ նշեց. «Որոշեցինք Խրիմի մէջ մեր շահերը պաշտպանել եւ ոչ իսկ փամփուշտ մը արձակեցինք»: Ան յայտնեց. «Ուքրանիոյ մէջ զինուորական ընտրանքը տակաւին սեղանի վրայ է», սակայն «ներկայիս այդ ընտրանքին դիմելու պատճառ մը գոյութիւն չունի»` աւելցնելով, որ «եթէ տեսնենք, որ արեւելեան շրջաններուն մէջ անիշխանութիւն կը սկսի, բոլոր միջոցները կիրարկելու իրաւունքը մեզի կը վերապահենք»:
Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ Ուքրանիոյ նախկին նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնութիւն ստորագրելը չմերժեց, այլ` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները խզելն ու վառելանիւթի սակը բարձրացնելը: Փութին ընդգծեց. «Չեմ կարծեր, որ Եանուքովիչ քաղաքական ապագայ մը ունի»:
Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ. «Ռուսիոյ դեսպանը Ուաշինկթընէն տուն կանչելը վերջին ընտրանք մըն է, եւ չեմ փափաքիր, որ այդ մէկը պատահի»` աւելցնելով, որ «ան որ պատժամիջոցներ հաստատելու հարցը կը քննարկէ, պէտք է իրեն հասնելիք վնասին մասին մտածէ»: Ան նշեց, որ Ռուսիա պատրաստ է Ութերու խմբակի վեհաժողով մը գումարել, «սակայն եթէ գործընկերները այդ մէկը չեն փափաքիր, ապա հարց չէ»:
Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ համար հիմնական մտահոգութիւնը Քիեւի փողոցներուն մէջ բազմաթիւ ծայրայեղականներու գոյութիւնն է` աւելցնելով, որ «եթէ Քիեւի մէջ տիրած ահաբեկման նոյն մթնոլորտին մէջ Ուքրանիոյ նախագահ մը ընտրուի, ապա զինք պիտի չճանչնանք»:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ եթէ Ուքրանիա փետրուարին մատակարարուած բնական կազի գինը չփակէ, ապա Ռուսիոյ շուրջ երկու միլիառ տոլար պարտական պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ եթէ Ուքրանիա «Կազփրոմին» իր ունեցած պարտքերը չվճարէ, ապա իրեն յատուկ գիները պիտի չստանայ:
Մինչ այդ, ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան ղեկավար Ալեքսէյ Միլըր Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ ընկերութիւնը որոշած է ապրիլէն սկսեալ չեղեալ նկատել Ուքրանիոյ համար կազին գինի զեղչերը:
Ըստ անոր, ռուսական կազին դիմաց Ուքրանիոյ ընդհանուր պարտքը 1 միլիառ 529 միլիոն տոլար է: Անցեալ տարուան ընթացքին Ուքրանիան վճարած է պարտքի 50 առ հարիւրէն ալ քիչ մասը` 1.3 միլիառ տոլար: Մետվետեւ ելեւմուտքի նախարարութեան յանձնարարած է գնահատել Ուքրանիոյ 2-3 միլիառ տոլարի վարկ տալու կարելիութիւնը` ռուսական կազի պարտքը վճարելու համար:
Ռուսիոյ նախագահի խորհրդական Սերկէյ Կլազեւ երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատման պարագային, Ռուսիա պիտի հրաժարի տոլարէն եւ պիտի որոշէ այլ օտար դրամանիշի անցնիլ, իր վճարման համակարգը ստեղծել: Աւելի ուշ, Քրեմլին յայտարարեց, որ Կլազեւի յայտարարութիւնը անոր անձնական կարծիքն է եւ չի համապատասխաներ Քրեմլինի դիրքորոշումին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Քիեւ հասաւ` հանդիպում ունենալու համար Ուքրանիոյ նոր ղեկավարներուն հետ եւ երկրին գերիշխանութեան զօրակցութիւն յայտնելու համար: Ան իրեն հետ տարաւ Ուքրանիոյ ելեւմտական տագնապը մեղմացնելու համար 1 միլիառ տոլարի թղթածրար մը: Քերրի նախ եւ առաջ այցելեց Քիեւի Մայտան հրապարակ եւ անցեալ ամսուան բռնարարքներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն յիշատակին ծաղկեպսակ մը զետեղեց, ապա հանդիպում ունեցաւ նոր կառավարութեան հետ:
Քերրի Քիեւի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խօսքը Փութինին ուղղելով ըսաւ. «Ուքրանիոյ մէջ կացութեան հանդարտութիւնը կ՛ուզենք եւ լայնածաւալ ճակատումի չենք ձգտիր»: Ան ըսաւ, որ «Ուքրանիոյ տագնապի մագլցումը եւ ետդարձ չունեցող կէտի հասնիլ չենք ուզեր»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Ռուսիան ամբաստանեց Ուքրանիոյ մէջ ահաբեկման արարքներ եւ գրգռութիւն կատարելու յանցանքով` աւելցնելով, որ իրենք Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութեան կոչ կ՛ուղղեն եւ կը դատապարտեն Ռուսիոյ կատարած արարքները:
«Ռուսիա կ՛անտեսէ այն իրողութիւնը, որ Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը հանդարտ է», ըսաւ ան` նշելով, որ «չկայ փաստ, թէ Քիեւ Խրիմի կայունութիւնը կը քայքայէ»:
Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ «Ռուսիոյ հետ ճակատումի չենք ձգտիր… «Ռուսիա ուքրանական հողեր ներխուժեց, երբ կրնար միջազգային կառոյցներու դիմել` իր քաղաքացիները պաշտպանելու համար»:
Քերրի պահանջեց դէտեր ուղարկել` Ուքրանիա իրողութեան ծանօթանալու համար: «Ամերիկա կ՛ուզէ Ուքրանիոյ տագնապին վերջ տալ, եւ Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղէ կացութիւնը հանդարտեցնելու եւ ոչ թէ բարդացնելու», նշեց Քերրի: Ան Ռուսիոյ կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւններուն հետ երկխօսութիւն կատարելու:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց. «Եթէ Ուքրանիոյ մէջ իր քաղաքականութիւնը չփոխէ` մեր դիմաց Ռուսիան միջազգային գետնի վրայ մեկուսացնելու միջոցառումներ որդեգրելուն այլընտրանք չունինք»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը` մէջբերելով Քերրիի խօսքերը, յայտնեց, որ «Ամերիկա պատրաստ է մօտ օրէն` քանի մը օրէն եւ ոչ թէ շաբաթներ ետք Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու»: Փենթակոն երէկ յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ կը սառեցնէ Ռուսիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը: Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ներկայացուցիչի գրասենեակի բանբերը իր կարգին յայտնեց, որ իրենք կասեցուցած են Ռուսիոյ կառավարութեան հետ յառաջիկայ երկկողմանի առեւտրական եւ ներդրումային պարտաւորութիւնները, որոնք առեւտրական կապերու խորացման ծրագիրի մաս կը կազմեն:
Տաւութօղլու. «Մենք Անտարբեր Պիտի Չմնանք:
Պիտի Շտապենք Մեր Եղբայրներուն Օգնութեան»
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու 3 մարտին Թուրքիոյ մէջ թաթարներու միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած է Խրիմի կացութիւնը եւ այս հարցին մէջ Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուող միջոցառումները: Այդ առիթով ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պիտի չարտօնէ, որ Խրիմի մէջ լարուածութիւնը ռուս-թրքական ճգնաժամի վերածուի: «Ուժ մը կրնայ փորձել Խրիմի հարցը վերածել ռուս-թաթարական եւ, հետեւաբար, ռուս-թրքական ճգնաժամի: Մենք ատիկա պիտի չարտօնենք», ըսած է ան:
«Երբեք չմտածէք, որ մենք անտարբեր պիտի մնանք: Մենք մեր եղբայրներուն օգնութեան պիտի շտապենք», ըսած է Տաւութօղլու` աւելցնելով, որ Խրիմի ճգնաժամի ռուս-թրքական տագնապի վերածուիլը պիտի չնպաստէ հարցի լուծման, եւ «թաթարները եւս տեղեակ են ատկէ»:
«Թուրքիան պատրաստ է բանակցելու ռուս պաշտօնատարներու հետ` կարգաւորելու համար ոչ միայն Խրիմի ճգնաժամը, այլ նաեւ ռուս-ուքրանական յարաբերութիւնները», ըսած է ան:
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Խրիմի մէջ բնակող շուրջ 300 հազար թաթարներու հարցը կը մտահոգէ թուրքերը, որոնք ազգային եւ մշակութային կապեր ունին թաթարներուն հետ: Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ հարցը քննարկած է արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ: Վերջինս նախապէս Խրիմի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր իր ռուս գործընկեր Կրիկորի Քարասինի հետ: Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին, երկու դիւանագէտները ընդգծած են Ուքրանիոյ մէջ քաղաքական լուծման ուղղուած ջանքերուն կարեւորութիւնը, բացի ատկէ, Սինիրլիօղլու Քարասինին ներկայացուցած է Տաւութօղլուի Ուքրանիա այցելութեան արդիւնքները:
Միւս կողմէ, Թուրքիա երէկ յայտարարեց, որ իր կործանիչները պատրաստ վիճակի մէջ դրած է, երբ ռուսական լրտեսական օդանաւ մը Սեւ ծովուն վրայ թրքական ծովափին վերեւ թռիչք կատարած է:


