Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Հայաստանի Մօտեցումները Կը Վայելեն Միջազգային Հանրութեան Աջակցութիւնը» Կ՛ըսէ Էդուարդ Նալբանդեան

March 4, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էդուարդ Նալբանդեան
Էդուարդ Նալբանդեան

Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագէտի օրուան առիթով ուղղած իր խօսքին մէջ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ Հայաստան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ միացեալ ջանքեր կը գործադրէ` հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն հիման վրայ լուծման վերաբերեալ: Նախարար Նալբանդեան վստահեցուց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն հինգ միացեալ յայտարարութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ կը վկայեն, որ Հայաստանի մօտեցումները ոչ միայն ըմբռնելի են, այլ նաեւ կը վայելեն միջազգային  հանրութեան աջակցութիւնը:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրին` Նալբանդեան նշեց հետեւեալը. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին մեր դիւանագիտութիւնը հետամուտ է անոր` իբրեւ մարդկութեան դէմ իրականացուած ծանրագոյն ոճիրի միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման: Հայաստանը միջազգային բեմահարթակին վրայ հետեւողականօրէն կը բարձրաձայնէ մարդկութեան դէմ նմանատիպ ոճիրներու կանխարգիլման անհրաժեշտութիւնը, կը կատարէ համապատասխան նախաձեռնութիւններ, ինչպէս ատիկա եղաւ անցեալ տարի Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի նստաշրջանին փոխզիջումով մեր նախաձեռնութեամբ առաջադրուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը»:

Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հոլովոյթին առնչութեամբ Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց, որ 2013 թուականը յատկանշուեցաւ Մաքսային միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու որոշումով, որ կը բխի Հայաստանի տնտեսական եւ ռազմավարական շահերէն: Ան շեշտեց, որ Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հաւանական մարզերուն մէջ համապարփակ համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ ամրապնդելու յանձնառութիւնը:

«Հայաստան հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ սերտացնելու իր ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, զարգացնելու բարեկամական գործընկերութիւնը Միացեալ Նահանգներու հետ, խորացնելու փոխադարձ գործակցութիւնը եւրոպական, ասիական երկիրներուն հետ, ընդլայնելու փոխադարձ յարաբերութիւններու աշխարհագրութիւնը», յայտարարեց Էդուարդ Նալբանդեան:

«Մեր դիւանագիտութիւնը կեդրոնացած է տնտեսական, մշակութային, մարդկային կապերու զարգացման, խորհրդարանական դիւանագիտութեան օժանդակումին, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան զարգացման, արտերկրի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման, տարբեր երկիրներու մէջ բնակող մեր քաղաքացիներու շահերու պաշտպանութեան, յատկապէս ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներու սատարման հարցերուն վրայ»: Նախարար Նալբանդեան աւելցուց, որ «այսօր Սուրիոյ մէջ պատերազմի պայմաններուն մէջ աշխատող կամ տարբեր հարթակներու վրայ մեր երկրի շահերուն վնասող տարաբնոյթ փորձերուն հակազդող, մեր հայրենիքի դրօշը բարձր պահող դիւանագէտները դիւանագիտական ծառայութեան համակարգի այն դերակատարներն են, առանց որոնց այս համակարգը կուռ եւ կանգուն չ՛ըլլար»:

 

Նախորդը

Գերմանիա. Յովհաննիսեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդին Եւ Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի Վարչութեան Հետ

Յաջորդը

Աշոտեան Մեկնեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.