Ըստ «Անատոլու»-ի. Անիի Առաջին Բնակիչները Թուրքերն Են, Ժառանգութիւնը` Մզկիթները
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը գրէ, որ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը պատրաստած է պատմական Հայաստանի Անի քաղաքին նուիրուած ակնարկ մը, ուր կը փորձէ «ջնջել» հայկական հետքը: Ըստ պաշտօնական գործակալութեան համբաւ ունեցող «Անատոլու»-ի, 7 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող քաղաքին առաջին բնակիչները թուրքերն են, իսկ Անիի ամէնէն կարեւոր մշակութային ժառանգութիւնը` մզկիթները: «Ակօս» «Անատոլու»-ի այս քայլը կը համեմատէ 2008-ին Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Անիի վերաբերեալ...

















