Ուքրանիոյ տագնապի լուծման դիւանագիտական ջանքերը երէկ թափ ստացան, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փարիզի մէջ Լիբանանի օժանդակութեան շուրջ խորհրդաժողովին ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցան:
«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը համաձայն են, որ պէտք է օժանդակել Ուքրանիոյ, որպէսզի գործադրէ 18 փետրուարի համաձայնութիւնը: Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու միջնորդութեամբ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի եւ ընդդիմութեան միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ Ուքրանիոյ մէջ ազգային միութեան կառավարութիւն, նախագահական ընտրութիւն եւ 2004¬ի սահմանադրութեան վերադարձ կը նախատեսուէր: Միացեալ Նահանգներ անմիջապէս հերքեցին, թէ Լաւրովի հետ այդպիսի համաձայնութիւն մը գոյացած է:
Աւելի ուշ, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան անդամ այլ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ քառակողմ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Լաւրով հանդիպումէն հեռացաւ առանց Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպում ունենալու եւ յայտնեց, որ հանդիպումները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին:
Մինչ այդ, Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ 11 միլիառ եւրոյի օժանդակութիւն առաջարկեց: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Խոսէ Մանուէլ Պարոսօ յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու տարուան համար նախատեսուած վարկերու եւ փոխատուութեանց թղթածրարը «ծրագրուած է օժանդակելու համար (Քիեւի մէջ) յանձնառու, բոլորը ներառող եւ բարեփոխումներ կատարելու ուղղուածութիւն ունեցող կառավարութեան մը»: Ուքրանիոյ ելեւմուտքի նախարարութեան նախատեսութեամբ տնտեսութեան փրկութեան համար կարիքը կայ 35 միլիառ տոլարի:
Այլ զարգացումներու ծիրին մէջ երէկ Արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնեցք քաղաքի տեղական կառավարութեան շէնքէն վար առնուեցաւ հինգ օր առաջ այդտեղ բարձրացուած Ռուսիոյ դրօշը եւ անոր տեղ անգամ մը եւս բարձրացաւ Ուքրանիոյ դրօշը: Խրիմի մէջ զինեալներ ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Սերրին պատանդ բռնեցին եւ անոր սպառնացին, սակայն հետագային զինք ազատ արձակեցին:
Ըստ չհաստատուած տեղեկութեանց, ռուսական ուժեր Խրիմի մէջ գրաւած են ուքրանական հակաօդային պաշտպանութեան երկու դիրքեր:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդը սկսած է օրինագիծի մը նախապատրաստումը, ըստ որուն ռուսական իշխանութիւնները պիտի կարենան ամերիկեան եւ եւրոպական ընկերութիւններէն, ներառեալ` սեփական ընկերութիւններէն բռնագրաւել կալուածներն ու դրամատնային հաշիւները: Օրինագիծը պատրաստուած է ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան խոստացած պատժամիջոցներուն:
Խրիմի վարչապետ Սերկէյ Աքսիոնով յայտնեց, որ ինքնավար հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ներկայիս պատրաստ չէ Քիեւի հետ բանակցելու, որովհետեւ ներկայ իշխանութիւնները ապօրինի կը նկատէ:
Ռուսիա Հայաստանի Իր Ռազմակայանը Համալրած Է
Կատարելագործուած «Միկ-29»-երով
«ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով Ռուսիոյ Հարաւային զինուորական շրջանի գնդապետ Իկոր Կորպուլի խօսքերը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիա Հայաստանի մէջ իր ռազմակայանը համալրած է խումբ մը կատարելագործուած «Միկ¬29»¬երով:
Նախապէս «Էրեբունի» օդակայանի 3624¬րդ օդուժի ռազմակայանը առնուազն 16 «Միկ¬29 Ֆուլքրում» կործանիչներ ունեցած է, սակայն այս անգամ խօսքը 4¬րդ սերունդի «Միկ¬29» բազմաթիւ առաքելութիւններ կատարելու կարող, կատարելագործուած կործանիչներու մասին է, սակայն անոնց թիւը չի նշուիր:
Նախապէս ռուս զինուորականները յայտնած էին, որ ռազմակայանը պիտի համալրուի առնուազն 18 զինուորական փոխադրութեան եւ յարձակողական ուղղաթիռներով:
Կիւլ. «Թուրքիա Ուքրանիոյ Տարածքային
Ամբողջականութեան Կ՛աջակցի»
Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Անգարայի մէջ Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքիի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան կ’աջակցի Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիան կը հետեւի Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութիւններու զարգացումներուն:
Կայքը նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 4 մարտին թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած են: Էրտողան Փութինի ըսած է. «Ուքրանիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ճգնաժամի կարգաւորումը ուքրանացիներու գործն է»: Ըստ անոր, Ուքրանիոյ մէջ անկայունութիւնը բացասաբար պիտի ազդէ ամբողջ շրջանին վրայ:
Ըստ Քրեմլինի պաշտօնական կայքին, Փութին եւ Էրտողան քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ, մասնաւորաբար Խրիմի մէջ տիրող իրավիճակը: Ըստ կայքին. «երկու կողմերն ալ համոզում յայտնած են, որ հակառակ Մայտանի արմատական եւ ծայրայեղական ուժերու գործողութիւններուն, Խրիմի մէջ պիտի յաջողուի հաստատել միջյարանուանական եւ ազգամիջեան խաղաղութիւն ու հանգստութիւն»:


