Գլխաւոր լուրեր

PresidentSargsian_MinHovig

Յովիկ Աբրահամեան` Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ

Յովիկ Աբրահամեան եւ Սարգսեան Երէկ երեկոյեան Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած կուսակցութեան գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի նիստերը աւարտեցան: Նիստերուն աւարտէն ետք լրագրողներուն համար յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով: «Կուսակցութեան նախագահը գործադիր մարմինի անդամներուն ներկայացուց վարչապետի թեկնածուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի թեկնածու առաջադրուեցաւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախագահի տեղակալ...

Adrin-Nazarian

Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Վերաբերեալ Քալիֆորնիոյ Բանաձեւը Կը Վաւերացուի

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի կրթութեան յանձնախումբը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է երեսփոխան Ատրին Նազարեանի ներկայացուցած թիւ 1915 բանաձեւը, որ կը պահանջէ Հայոց ցեղասպանութեան դասանիւթը ներառել պետական վարժարաններու 7-12 դասարաններու ընկերային գիտութեանց նիւթի դասաւանդութեանց մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Քալիֆորնիոյ կրթութեան նախարարութեան, որ Ցեղասպանութեան մասին հրատարակութիւններ կատարէ եւ դասաւանդման նիւթեր պատրաստէ: Այժմ բանաձեւը պիտի քննուի խորհրդարանի Յատկացումներու...

Aghvan1304

«Վարչապետի Նշանակումը Քաղաքական Մեծամասնութեան Մենաշորհն Է» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան Վարչապետի նշանակումը քաղաքական մեծամասնութեան մենաշնորհն է, կ՛ապրինք եւ կը տեսնենք, թէ որքանո՛վ Յովիկ Աբրահամեան ինքզինք կ՛արդարացնէ: Նոր վարչապետի առաջադրման տեղեկութեան այսպէս արձագանգած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: Արձագանգելով Էդուարդ Շարմազանովի յայտարարութեան, որ կ՛ըսէ, թէ իշխանութիւնները պատրաստ են ՀՅԴ-ին նախարարի պաշտօն առաջարկելու կառավարութեան կազմին մէջ, Աղուան Վարդանեան ըսած է. «Բազմիցս ըսած ենք, որ մենք կը քննարկենք...

dzaghgazart1304

Անթիլիասի Մայրավանքը Ծաղկազարդուեցաւ Հայ Ժողովուրդի Զաւակներուն Բազմահազար Ներկայութեամբ

Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի օրը` Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակին, հազարաւոր հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն հետ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցած էին Անթիլիասի մայրավանքը: Տօնական խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ մանուկներու թափօրը ծայր առաւ Մայր տաճարէն ու կաթողիկոսարանի հիւսիսային դարպասէն դուրս, ամբողջ մայրավանքի շրջանը ըրաւ, ու մայր դարպասէն ներս մտաւ, ցնծագին ուրախութեամբ լեցնելով մանուկներու սրտերը: Ս. պատարագը մատուցեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Ներկայ...

Bolsahay-Kaghout2

Միլտանօղլու, Ալթուն Եւ Կիւլեկեչ Զեկուցեցին Պոլսահայ Գաղութի Մասին

Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պոլսահայ գաղութին մասին հետաքրքրական ու շահեկան դասախօսութիւն տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ ազգային, միութենական ներկայացուցիչներու եւ խուռներամ բազմութեան մը: Համազգայինի անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ յայտնեց, թէ վերջին տասնամեակին պոլսահայութիւնը կարեւոր ժամանակաշրջան կ՛ապրի, ուր ակներեւ են մտաւորականներու փոխադարձ այցելութիւնները Պոլսոյ եւ...

yerespokhan

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Երկրորդ Նիստի Գումարում

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2-րդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 11 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն, նաեւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն: Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախագահ...

14-100-amyagi-nergayasoutssychner

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նշումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերուն Մէջ. Համագումար. Անթիլիաս, չորեքշաբթի 9 ապրիլ 2014

Չորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչեները, կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամները, թեմակալ առաջնորդները եւ հրաւիրեալ մասնակիցներ գումարեցին 100-ամեակի ծրագիրները համադրող համագումար մը: Համագումարը լսեց վեհափառ հայրապետին պատգամը, ծանօթացաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն եւ քննարկեց կիլիկեան թեմերու 100-ամեակի յանձնախումբերու զեկուցումները: Համագումարը որոշեց...

ArmenianEmbassy1104a

Մամուլի Հաղորդագրութիւն

Ապրիլի 10-ին Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնում տեղի է ունեցել յուշ երեկոյ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին: Լիբանանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգներից յետոյ բացման խօսքով հանդէս է եկել Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Նա իր խօսքում նշել է, որ 99 տարի յետոյ էլ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը մնում է բաց, քանի որ հայ ժողովրդի հանդէպ իրականացուած յանցագործութեան հետեւանքները չեն վերացուել:...

MariaTitizian_1104

Զրոյց «Սիվիլնէթ»-ի Լրագրող Մարիա Թիթիզեանի Հետ` Լաթաքիա Տուած Այցելութեան Եւ Լրատուամիջոցին Մասին

Նախորդ շաբաթներուն Քեսապի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ իրադարձութիւններուն լուսաբանման մէջ իրենց դերը ունեցան բոլոր լրատուամիջոցները` սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի: Լաթաքիոյ մէջ ապաստան գտած քեսապահայերուն վիճակին մօտէն ծանօթանալու, անոնց հետ զրուցելու միտումով քանի մը օր առաջ Լաթաքիա այցելեցին «Սիվիլնէթ»-ի լրագրողներ Սեդա Գրիգորեան եւ Մարիա Թիթիզեան: Այս այցելութեան մասին, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս «Սիվիլնէթ»-ի մասին տեղեկութիւններ առնելու նպատակով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ...

Hrant-Margaryan_Kessab-f

Քեսապի Ազատագրումը Եօթ Սարերի Հետեւում Չի, Նրանք Կը Վերադառնան. Հրանդ Մարգարեան

Ապրիլ 7-ին «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» հաղորդաշարին հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Քեսապի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, քեսապահայութեան ներկայ վիճակին: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այն, ինչ վերջերս տեղի ունեցաւ Քեսապում, եւ յարակից շրջաններում, շարունակում է մնալ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կենտրոնում: Խնդրին անդրադառնում է նաեւ միջազգային մամուլը, ցաւօք երբեմն չճշդուած տեղեկութիւններով, երբեմն...

6052_b

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Նախագահ Սարգսեանի Հետ

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան հանդիպում ունեցան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ` վարչապետի նշանակման շուրջ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ: Հանդիպումէն ետք Ռուստամեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ «մեր մօտեցումները յստակօրէն արտայայտած էինք մինչ այդ հանդիպումը: Հանդիպման ժամանակ ներկայացուցինք եօթը կէտերէն բխող առաջարկներ` իրավիճակին հետ կապուած, փոփոխութիւններուն վերաբերեալ մեր պատկերացումները,...

6049_b

Սերժ Սարգսեան Այլեւս Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Չառաջադրէ Երկրի Ղեկավարի Պաշտօնին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպեցաւ Հայաստանի նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամներուն հետ: Ըստ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան, հանդիպման ընթացքին յանձնախումբի նախագահ, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծի նախնական տարբերակը արդէն պատրաստ է եւ տեղադրուած է Արդարադատութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ: Յանձնախումբի նախագահը ներկայացուց հայեցակարգի հիմնական դրոյթները եւ...

Menendez-1004

Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

Ռոպըրթ Մենենտես Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ հինգշաբթի, 10 ապրիլին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 5-ի դէմ 12 քուէով վաւերացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող նոր բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Ծերակոյտին` ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան զոհերը: Միաժամանակ, բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ երաշխաւորէ ամերիկեան այնպիսի արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ առաջնորդուի ցարդ անպատիժ մնացող Ցեղասպանութեան մասին ամերիկեան...

EU_Parl_Giro_+

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Զօրակցի Պոնտոսի Յոյներուն

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Պրիւքսէլի մէջ 7 ապրիլ 2014-ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, կազմակերպուած` Պոնտոսի համայունական միութիւններու դաշնութեան կողմէ, իբրեւ հիմնական նիւթ ունենալով եկեղեցապատկան հարստութեան վերադարձը յոյն ժողովուրդին: Խորհրդաժողովին ներկայ էին յոյն պետական անձնաւորութիւններ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ եւ պոնտական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ներկայ էր նաեւ Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբերու պատուիրակութիւն մը: Խորհրդաժողովին իր...

zina

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Աւետիս Կիտանեան եւ Մելիք Գարագաւորեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ որուն մաս կը կազմէին կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի նախագահ, նախկին նախարար Ալի Քանսօ, նախկին երեսփոխան Ղասսան Աշքար եւ Հիւսիսային Լեռնալիբանանի քաղաքական ներկայացուցիչ Նեժիպ Խնայսեր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները,...

Hrand.-Intereview-Kessab-f

Մարգարեան. «Քեսապցին Սպասում Է, Որ Վերադառնայ Քեսապ»

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանը «Երկրի հարցը» հաղորդաշարի ծիրին մէջ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ` Քեսապի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ: Մարգարեան մասնաւորապէս ըսաւ, որ ներկայիս «սպասողական վիճակ է: Ամենալաւ երեւոյթն այն է, որ քեսապցին սպասում է, որ վերադառնա Քեսապ: Մտածում է ժամանակաւոր կեցութեան մասին, ոչ թէ հիմնաւոր: Եւ սա լաւ է, որովհետեւ առանց քեսապցիների` Քեսապի վերակագնումն անիմաստ է:...

Ancme-f

Եագուպեան Դատապարտեց Քեսապի Դէմ Յարձակումին Մէջ Թուրքիոյ Ուղղակի Մեղսակցութիւնը

Քեսապի վերջին իրադարձութիւններուն մասին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը: Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ քեսապահայութեան տարհանումին եւ դատապարտեց այդ իմաստով Թուրքիոյ ուղղակի մեղսակցութիւնը: «Զինեալներուն Քեսապ ներխուժումը պիտի չպատահէր, եթէ թրքական ուժերը դիւրացուցած չըլլային անոնց մուտքը: Ճիշդ է որ աւանին մէջ սպանդներ չեն գործուած, հակառակ շրջանառութեան մէջ ներկայիս դրուած ապատեղեկատուութեան, սակայն զինեալները,...

His-Holiness-Aram-I-f

Ուղեգիծ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նշման. Յիշել, Յիշեցնել Ու Պահանջել

Ներկայ գրութիւնը հայրապետական պատգամն է Արամ Ա. կաթողիկոսին, ուղղուած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդներուն եւ 100-ամեակի յանձնախումբերու ատենապետներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համագումարին, չորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հայ դատը իւրաքանչիւր հայուն եւ ամբո՛ղջ հայութեան դատն է: Ա՛յս խոր գիտակցութեամբ ու ամբողջական յանձնառութեամբ կոչուած ենք մասնակից ու զօրակից դառնալու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման աշխատանքներուն: Կը գտնուինք Հայոց...

ashodmelkonian0904

«Ազդակ»-ի Մամլոյ 94-րդ Լսարանի Ծիրին Մէջ. «Այսօր Նահանջը, Արցախի Կորուստը Մեզի Համար Համազօր Է Հայութեան Բնաջնջման» Ընդգծեց Փրոֆ. Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 94-րդ լսարանին ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ խիստ շահեկան դասախօսութիւն մը` հայոց պատմութեան նենգափոխումի թուրք-ազրպէյճանական փորձերուն մասին: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց օրուան զեկուցումին խորագիրը` «Թուրք-ազրպէյճանական փորձերը հայոց պատմութեան խեղաթիւրման մէջ»: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան...

DSC00482

«Հայ Դատը Այսօր» Հաղորդաշար. «Հայ Դատը Եւ Հայ Դպրոցը»

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՔԱՍԻԱ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուող «Հայ դատը այսօր» հաղորդաշարին հիւրն էր Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ ձեւով Հայ դատը կը ներկայացուի մեր դպրոցներուն մէջ, այսինքն Հայ դատի ըմբռնումը ինչպէ՞ս կը փոխանցուի աշակերտներուն: ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Նախ պէտք է հաստատել, որ հայ դպրոցին գոյութիւնը խարսխուած է Հայ...

Page 857 of 885 1 … 856 857 858 … 885