Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից «Փարոս» վարժարանին վրայ երէկ առաւօտեան հրթիռ ինկած է: Հրթիռներու պատճառով զոհուած է աշակերտ մը, կան նաեւ վիրաւոր աշակերտներ եւ ուսուցիչներ: Վիրաւորները տեղափոխուած են Դամասկոսի ֆրանսական հիւանդանոց: Հրթիռարձակումը ահ ու սարսափ տարածած է բնակիչներուն մօտ եւ բացի մարդկային վնասներէն, վարժարանը նիւթական վնասներ կրած է: Ընդհանուր առմամբ, վիրաւորներուն թիւը գերազանցած է 60-ը:
Վիրաւորուած են 4 հայ աշակերտներ եւ 2 ուսուցչուհիներ: Դէպքի վայր այցելած են Սուրիոյ առողջապահութեան եւ կրթութեան նախարարները:
Աւելի կանուխ սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուցած էր, որ Դամասկոսի քրիստոնէական Պապ Թումա եւ Տուելա թաղամասերուն մէջ հրասանդի հրթիռներ ինկած են դպրոցներու վրայ, որուն հետեւանքով զոհուած է երեխայ մը, իսկ 41 անձեր վիրաւորուած են: Դամասկոսի ոստիկանութիւնը տեղեկացուց, որ հրասանդներէն մէկը ինկած է Պապ Թումայի «Մանար» դպրոցին վրայ, որուն հետեւանքով 1 երեխայ զոհուած է եւ 36 հոգի վիրաւորուած: Այլ հրասանդ մը ինկած է Տուելայի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մօտ գտնուող դպրոցին վրայ, որուն պատճառով 5 քաղաքացիներ վիրաւորուած են:


