Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոնեցքի Մէջ «Հակաահաբեկչական Գործողութիւնը» Ընթացք Առաւ

April 16, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1504UkraineՈւքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով երէկ յայտարարեց, որ ռուսամէտ անջատողականներու դէմ «հակաահաբեկչական գործողութիւն» մը ընթացք առած է: Ան խորհրդարանին յայտնեց, որ գործողութիւնը սկսած է Տոնեցք շրջանի հիւսիսը եւ «հանգրուան առ հանգրուան կ՛ընթանայ պատասխանատու… ձեւով մը»: Ան ըսաւ, որ գործողութիւնը ընթացք առած է «ուքրանացի քաղաքացիները պաշտպանելու, ահաբեկումը դադրեցնելու, ոճիրը կասեցնելու եւ մեր երկիրը մասնատելու փորձերը կասեցնելու համար»:

Ուքրանական զրահապատ մեքենաներ Տոնեցքի ուղղութեամբ ընթացան, մինչ ռուսամէտ զինեալները պատրաստուեցան յարձակումը ետ մղելու:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան: Պարաք Օպամա Վլատիմիր Փութինին կոչ ուղղեց Տոնեցքի եւ արեւելեան Ուքրանիոյ այլ շրջաններուն մէջ գտնուող անջատողականներուն մօտ իր ազդեցութիւնը օգտագործելու, որպէսզի անոնք իրենց զէնքերը վար դնեն: Օպամա նաեւ սպառնաց Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրել: Ան Մոսկուան մեղադրեց Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ երկրի դաշնակցայնացման կողմնակիցներուն աջակցելու յանցանքով:

Փութին իր կարգին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու անհանգստութիւնը հիմնուած է «ոչ ճիշդ տեղեկութիւններու» վրայ: Ան Օպամային կոչ ուղղեց իր կարելիութիւնները օգտագործելու Ուքրանիոյ մէջ արիւնահեղութիւն եւ ուժի օգտագործում չարտօնելու համար:

Քրեմլին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ. «Ռուսական կողմը նշած է, որ Տոնեցքի, Լուկանսքի, Խարքովի, Սլաւիանսքի եւ այլ քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցերը Քիեւի ղեկավարութեան կողմէ ռուս եւ ռուսախօս բնակչութեան շահերը հաշուի առնելու անկարողութեան արդիւնք են»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց, որ Քիեւի կառավարութեան կողմէ ուժի օգտագործումը կրնայ ականահարել ուքրանական տագնապի լուծման համար հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ նախատեսուած Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումը: «Չես կրնար քու սեփական քաղաքացիներուդ դէմ հրասայլեր ուղարկել եւ նոյն ատեն բանակցութիւններ վարել», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Մէջ Պատրաստ Են Վրաստանի Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնութեան Վերջնական Ձեւ Տալ Կարելի Եղածին Չափ Շուտ

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Ընտրութեան Արդիւնքներուն Կեղծումին Դէմ Ցոյցի Ընթացքին Ցուցարարներ-Ոստիկանութիւն Բախում

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.