Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տահեշ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

June 14, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1306MosulՔրտական Փեշմերկա ուժերը յայտարարեցին, որ յաջողած են կասեցնել Ժալուլա քաղաքին արեւմտեան կողմը ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն մէկ յարձակումը:

Իրաքեան ներքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ իր ուժերը կանխարգիլած են Անպար նահանգի արեւմտեան սահմանէն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու ներթափանցման փորձը:

Մինչ այդ, ՏԱՀԵՇ յայտարարեց, որ Տիալի եւ Սալահէտտին նահանգներուն մէջ երեք գիւղեր գրաւած է: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Թիքրիթի հարաւը գտնուող Սարա շրջանին մէջ յարձակում գործած են իրաքեան բանակի չորրորդ վաշտի մէկ գումարտակին դէմ եւ անոր անդամ շարք մը սպաներ ու զինուորներ մահապատիժի ենթարկած են:

Միւս կողմէ, իրաքեան օդուժը հարուածեց Մուսուլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող շարք մը դիրքեր, իսկ իրաքեան մասնայատուկ ուժերը անկարգելներով գործողութիւններ կը կատարեն քաղաքին մէջ: Իրաքեան բանակը կը ջանայ վերատիրանալ Ղազլանի զինուորական օդակայանին: Բանակը նաեւ յառաջացած է ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող Սլէյման Պեքի ուղղութեամբ, որ կը գտնուի Թիքրիթի արեւելքը` այդպիսով մեկուսացնելու համար այդտեղ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:

Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ՏԱՀԵՇ կ՛ուզէ Պաղտատ-Պապել-Անպար եռանկիւնին տիրել: Իրաքի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Պաղտատը պաշտպանելու ծրագիր մը մշակած է: «Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իրաքեան բանակի առաջին ջոկատը նահանջած է Անպար նահանգէն, եւ անոր տեղ նահանգին մէջ տեղակայուած են ոստիկանութեան անմիջական միջամտութեան ուժերը:

ՄԱԿ հաղորդեց, որ անցնող քանի մը օրուան ընթացքին տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով արձանագրուած են հարիւրաւոր զոհեր եւ աւելի քան հազար վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ կէս միլիոն մարդ գաղթական դարձած է:

Միւս կողմէ, Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի վստահեցուցած է, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է Իրաքին յատկացուած ապահովական աջակցութիւնը աւելցնելու: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին յայտարարեց. «Նկատի ունենալով Իրաքի մէջ վտանգաւոր կացութիւնը, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն արագ որոշումներ կը նախատեսենք»:

Մինչ այդ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ պաղեստինեան ոստիկանութիւնը անմիջապէս միջամտած եւ ցրուած է Կազայի Ռաֆահ քաղաքին մէջ իրաքեան քաղաքներու ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւումը տօնելու ժիհատական սալաֆականներու հաւաքը:

Նախորդը

Ըստ Թուրք Երեսփոխանի Մը. Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Քաղաքներ Գրաւած Ահաբեկիչներուն Եկամուտի Աղբիւրը Թուրքիան Է

Յաջորդը

Լիվնի Լոնտոնի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Պաղեստինի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։