
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան համաձայնութիւն չյայտնեց այն տեսակէտներուն, որոնց համաձայն` ոչ իշխանական քառեակը իր 12 կէտնոց յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարած է միայն ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն:
Երէկ Ազգային ժողովի աւանդական հարցում-պատասխան բաժինի ընթացքին Աղուան Վարդանեան նշեց, որ ոչ իշխանական քառեակի յայտարարութեան յառաջաբանին մէջ կար յատուկ կէտ մը, որ կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ապահովութեան խնդիրներուն, որոնք գերակայ խնդիրներ են: «Լրատուամիջոցները հաւանաբար կա՛մ մոռցած են այս կէտը, կա՛մ կը ցանկան անտեսել: Անոնք, որոնք մեզի կը մեղադրեն միայն ընկերային-տնտեսական հարցերու անդրադառնալու գծով, չարաչար կը սխալին», ընդգծեց Վարդանեան:
Պատգամաւորը ընդգծեց, որ քառեակի յայտարարութեան մէջ ամրագրուած կէտերէն շատ կարեւոր է կուտակային կենսաթոշակներու մասին օրէնքի վերաբերեալ կէտը, որով իրենք կ՛առաջարկեն վերցնել պարտադիր բաղադրիչը:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը օրէնքի նոր ձեւի մշակման համար քաղաքական ուժերուն առաջարկած է մասնագէտներ ներկայացնել, որոնք կը մասնակցին օրէնքի մշակման հոլովոյթին` աւելցնելով. «Այս պահուն մեզի առաջարկած մասնագէտներու հետ տակաւին կապ չէ հաստատուած, իսկ մեզի խօսակցութիւններ հասած են, որ նոր ձեւը շուտով արդէն պատրաստ պիտի ըլլայ եւ պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի քննարկման, ինչ որ մտահոգիչ է մեզի համար»:
Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ իշխանութիւնները իրենց խօսքին տէրը չեն, կենսաթոշակային բարեփոխումներու շուրջ այլ քաղաքական ուժերու հետ չեն համագործակցիր: «Խնդրած էին, որ մասնագէտներ ներկայացնենք` քննարկումներու համար: Մեր խմբակցութիւնը չորս անուն տուած էր, սակայն մինչեւ այսօր այդ անձերը որեւէ քննարկումներու չեն ներգրաւուած: Մինչ այդ, մեզի հասած տեղեկութիւններով, նոր օրէնսդրական ծրարը արդէն պատրաստ է: Միասին չէին ուզեր` իրենց գործն է, տեսնենք` առանձին ի՛նչ կատարած են: Կը կարծեմ, որ ատիկա իշխանութեան փորձաքարը պիտի դառնայ»:
Խօսելով ելեկտրուժի սպասող թանկացման մասին` Աղուան Վարդանեան նշեց, որ մինչեւ 1999 թուական ուժանիւթը պարբերաբար քիչ-քիչ կը սղէր, այդ տարի եղաւ կտրուկ թանկացում, որմէ ետք մօտ տասը տարի գինը մնաց նոյնը, ապա սղեցաւ 2009-ին, որմէ ետք` 2013-ին, եւ ապա` հիմա: «Ատիկա կը նշանակէ, որ կանխատեսելիութիւն չկայ», յայտնեց Վարդանեան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ փութինեան քարոզչամեքենայի գլխաւոր դերակատարներէն մէկուն` Տմիթրի Քիսելիովի այցելութեան: «Մինչեւ այսօր ալ ռուսական կողմը փորձած է լեզուի ազդեցութիւնը ընդլայնել մեր երկրին մէջ, բայց տակաւին երբեք չէ եղած, որ այս հանգամանքով, այս ձեւով, այս սանձարձակութեամբ ընէին: Ասիկա շանթաժ է Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան, իշխանութեան եւ պետականութեան հանդէպ` եթէ չընէք` ձեր ապահովութիւնը ապահովել չ՛ըլլար, կարծես թէ մենք ռազմավարական գործընկերներ չենք, կարծես թէ մեր երկիրներուն միջեւ չկան միջպետական յարաբերութիւններ, այլ` տէր ու ծառայի, կարծես թէ մենք չենք համագործակցիր Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ®»:
Այս առիթով Աղուան Վարդանեան երկու դիտարկում կատարեց. «Այդ մարդիկը կ՛ըսեն` կարելի չէ ապահովութեան գծով միութիւն մը ընտրել` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը, իսկ մշակութային գծով այլ: Իսկ ի՞նչ ըսաւ Սերժ Սարգսեան այս մասին երկու օր առաջ Վիեննայի մէջ` «մեծ ցանկութեան պարագային նոյնիսկ չենք կրնար հրաժարիլ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութենէն, որովհետեւ մենք մեզմէ չենք կրնար հրաժարիլ, մենք եւրոպական արժէքներ կրող ժողովուրդ ենք»:
Կուտակայինի Հարցով
Արտակարգ Նիստ Չի Բացառուիր
Եթէ գործատուները շարունակեն ճնշել իրենց աշխատակիցները եւ պահանջեն կուտակայինի վերաբերեալ դիմումներ չներկայացնել, Ազգային ժողովի չորս ոչ իշխանական ուժերը արտակարգ նիստ պիտի հրաւիրեն:
Այս մասին News.am-ին յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
«Կուտակայինի վերաբերեալ մենք կէտ մը ունինք մեր հրապարակած 12 պահանջներուն մէջ: Յստակ է, որ միջանկեալ օրէնքը միայն կարիք ունէր հիմնաւորելու, ամրացնելու կամաւորութեան սկզբունքը, իսկ նոր մշակուելիք ծրարին մէջ մեր պահանջներն են, զորս մենք յառաջիկային պիտի հրապարակենք, ուր յստակ կ՛երեւին մեր մօտեցումները, պատկերացումները կուտակայինի մասին օրէնքին վերաբերեալ», ընդգծեց Մինասեան:
Արծուիկ Մինասեան չբացառեց նաեւ, որ մինչեւ նոր օրէնքի մշակումը` իրենք արտակարգ նիստ հրաւիրեն, իսկ ատիկա պիտի ըլլայ այն պարագային, եթէ պարզուի, որ գործատուները կը ճնշեն իրենց աշխատակիցներուն վրայ` պահանջելով կուտակայինի վերաբերեալ դիմումներ չգրել:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք հաւանակա՞ն է, որ քառեակը այս հարցին մէջ համագործակցի «Դէմ եմ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան հետ` դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց. «Քառեակը միշտ ալ կը համագործակցի «Դէմ եմ»-ի հետ:


