Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Բաժակակիր` Առաջին Անգամ Ըլլալով

July 1, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները`
Տիտղոսակիր

10479825_10152536216794429_1186080078_oԵրէկ գիշեր ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան քանի մը օրեր առաջ Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած Ռիատի Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները արգելք հանդիսացան, որ Ռիատի տուպլէ մը իրագործէ` նկատի ունենալով, որ իրենք բարձրացուցին բաժակը` առաջին անգամ ըլլալով, արձանագրելով 52-39 արդիւնքով յաղթանակ մը:

***

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), իրարու դէմ հանեց Ռիատի Պէյրութը եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասը:

Բնականաբար, քանի մը օրեր առաջ Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած Ռիատի Պէյրութ պիտի ուզէր յաղթել այս մրցումին ալ` տուպլէ մը իրագործելու համար:

Սակայն, առաջին քորթըրէն մինչեւ վերջին քորթըրը, ՀՄԸՄ տիրապետելով իր մրցակիցին վրայ արգելք հանդիսացաւ Ռիատիի, որ իր փափաքածը իրականացնէ:

10512112_10152536217509429_162505974_oԱրձանագրելով 52-39 արդիւնքով յաղթանակ մը (9-17, 13-33, 27-42 եւ 39-52), ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին:

ՀՄԸՄ-ի մարզիկները այս մրցումին դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով.

Լուպնա Ապտալլա (34′ 50″, 9 կէտ, 11 ռիպաունտ), Ալիք Թապաքեան (8′ 53″, 2 կէտ), Մեղրի Թորոս (35″), Լէյլա Ֆարես (33′ 39″, 3 կէտ, 3 ռիպաունտ), Քրիսթին Մուֆարրեժ (5 09″, 2 ռիպաունտ), Նաթալի Սվաճեան (38′ 44″, 10 կէտ, 5 ռիպաունտ), Սանտրա Նաժըմ (40′, 14 կէտ, 4 ռիպաունտ) եւ Այտա Պախոս (38′ 07″, 21 կէտ, 14 ռիպաունտ):

Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Շատա Նասըր (40′, 13 կէտ, 5 ռիպաունտ):

Աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար տիտղոսը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի հաշուապահ Ժորժ Սապունճեանի:

Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Անթիլիասը` անոր կատարած իրագործումին համար:

 

Նախորդը

2014-ի Մոնտիալ. Ֆրանսա Եւ Գերմանիա Ապահովեցին Իրենց Տոմսերը. Այսօր Կը Յստականան Իրենց Տոմսերը Ապահովող Վերջին Երկու Խումբերը

Յաջորդը

Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Հալէպի Բնակչութիւնը` Կենցաղային Ծանր Պայմաններու Մէջ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.