Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմութիւն

July 1, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3006hay-tad29 յունիս, 2014-ին Սթոքհոլմի հայկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Շուէտի մէջ Հայ դատի յանձնախումբի կազմութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը: Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արտակ Աբիդոնեան, հիւպատոս Դաւիթ Մանուկեան, Հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնի նախագահ Կարլէն Մանսուրեան, ՀՅԴ Շուէտի կոմիտէի ներկայացուցիչ Արմենակ Մահտէսեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նախ խօսք առաւ Արմենակ Մահտէսեան, որ Հայ դատի յանձնախումբի կազմութիւնը Շուէտի հայկական համայնքին համար պատմական իրադարձութիւն մը նկատեց: Ապա իր կարգին դեսպան Աբիդոնեան, շնորհաւորական մաղթանք ուղղեց յանձնախումբի անդամներուն` իր համոզումը յայտնելով, թէ դեսպանութիւն եւ Հայ դատի յանձնախումբ սերտ գործակցութիւն պիտի ունենան մեր ազգային խնդիրներուն շուրջ:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան բացատրելէ ետք նոր կազմուող ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերուն կարեւորութիւնը, շեշտեց, որ վերջին ութ ամիսներուն ընթացքին Շուէտինը Հայ դատի յանձնախումբի չորրորդ կազմութիւնն է` Ռումանիոյ, Լեհաստանի եւ Աւստրիոյ յանձնախումբերուն կազմութենէն ետք: Կարապետեան աւելցուց, որ այս հոլովոյթը պիտի շարունակուի, եւ մինչեւ տարեվերջ պիտի կազմուին երկու նոր յանձնախումբեր եւս: Ան հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք ներկայիս հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ազգային գերխնդիրներն ու մարտահրաւէրները, իր համոզումը յայտնեց, որ Հայ դատի յանձնախումբերու ցանցին ընդլայնումով եւ նուիրեալ անձերու մասնակցութեամբ, Հայ դատի աշխատանքներու իրագործումը եւ մեր հիմնախնդիրներու հետապնդումը աւելի լայն կերպով ծրագրուած պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի մեծ թիւով երկիրներու մէջ համակարգուած ձեւով զանոնք ընթացքի մէջ դնել: Գասպար Կարապետեան յաջողութիւն մաղթեց նոր յանձնախումբի անդամներուն` յայտնելով, որ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը ամէն ձեւով պիտի զօրակցի իրենց աշխատանքներուն:

Յանձնախումբի ատենապետ Արշակ Գաւաֆեան հաւաստիացուց, Հայ դատի յանձնախումբը կարելին պիտի ընէ արդարացնելու իր առաքելութիւնը, եւ արդէն անմիջապէս պիտի մշակուի կարճաժամկէտ ծրագիր` ի տես Շուէտի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր ամսուն: Շուտով նաեւ պիտի մշակուի յանձնախումբի գործունէութեան ամբողջական ծրագիրը: Ան խնդրեց նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներէն, որ զօրավիգ կանգնին յանձնախումբի աշխատանքներուն:

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին Գասպար Կարապետեան մանրամասնօրէն պատասխանեց ներկաներուն ուղղած հարցումներուն:

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ. Հայկական Պատուիրակութիւնը Յաջողութիւններ Արձանագրեց

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.