Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Ասթանայի Մէջ Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Յանձնախումբի Ժողովին

September 16, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0915_armen-astanaՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի հերթական ժողովը այս անգամ տեղի կ՛ունենայ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ, այդ երկրի Համազգային ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ:   Ժողովին կը մասնակցին ներկայացուցիչներ Մոլտովայի, Պիելոռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Տաճիկիստանի, Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ կուսակցութիւններէն: Ներկայ է նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալան: Ժողովին մասնակից ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան կազմին մէջն են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ կը համանախագահէ նիստին, եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ժողովին միւս համանախագահն է Ալեքսանտրա Թոփոլին (Հունգարիա):

Ժողովին ողջոյնի խօսք ուղղեց Ղազախստանի Համազգային ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Ժարմախան Թոյաքպայ: Ժողովին առաջին օրակարգը կը վերաբերի շրջանին մէջ  տագնապներու եւ խաղաղութեան որոնման ճիգերուն: Գլխաւոր նիւթը Ուքրանիոյ իրադարձութիւններն են: Խօսքեր արտասանեցին Ուքրանիոյ Ընկերվար ժողովրդավար, «Արդար Ռուսիա», ՀՅԴ (Արմէն Ռուստամեան) եւ այլ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նշենք, որ Ընկերվար միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ կը համախմբէ բոլոր ցամաքամասերէն աւելի քան 140 երկիրներու  170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: ԱՊՀ-ի երկիրներու կուսակցութիւններէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ունեցող առաջին կուսակցութիւնն է: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ է, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան` ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի համանախագահ: ՀՅԴ-ի համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կիներու ընկերվար միջազգայնականին եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան:

 

 

 

Նախորդը

Կումինսքի. «Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Ճամբուն Վրայ Խոչընդոտներ Կան»

Յաջորդը

Ստեփանակերտի Եւ Տոնոսթիոյ Միջեւ Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրուած Է

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.