Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անգարան` Ընդլայնուող Դաշինքին Եւ Իսլամականներուն Միջեւ

September 16, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Agnarg_jeddahՄիացեալ Նահանգներու կողմէ առաջադրուած նոր դաշինքը` ընդդէմ Իսլամական պետութեան, տակաւին ձեւ ու մարմին չէ ստացած: Եւ այստեղ այնքան մշուշոտ է դաշտը, այնքան տակաւին անորոշ գործընթացներ կ՛արձանագրուին, որ բազմաբնոյթ հարցադրումները չեն ունենար յստակ պարզաբանումներ:

Հարցը կը վերաբերի Իսլամական պետութեան շարժումներուն, անոնց գոյառման եւ զարգացման միտումներուն, ֆինանսաւորման, զինման եւ կարմիր գիծերու մէջ առած քայլերուն, գործողութիւններուն եւ վայրագութիւններուն:

Կատարուածներուն արդիւնքներէն դատելով  քանի մը դիտարկում պէտք է արձանագրել, որմէ ետք իրադրութիւնները համեմատել` յայտարարութիւններու եւ գետնի վրայ իրականացածներու ընդհանուր պարունակին մէջ:

Իսլամական պետութեան հետամուտները ներսուրիական պատերազմի էութիւնը դիմափոխեցին: Սուրիական դասական զինեալ ընդդիմութեան չէզոքացումին մասին կը խօսուի այսօր, ինչ որ սուրիական պատերազմի դաշտը կը բեւեռացնէ վարչակարգ ընդդէմ իսլամականներ կամ քարոզչաքաղաքական բառապաշարով վարչակարգ ընդդէմ ահաբեկիչներ տարազով: Այստեղ արդէն կը ծագի համատարած հարցը: Սուրիական վարչակարգին դէմ դիրքորոշուած Արեւմուտքը տեսականօրէն դիրքորոշուած է նաեւ  միջազգային ահաբեկչութեան դէմ, որուն նորագոյն մարմնաւորումը կը նկատուի Իսլամական պետութիւնը:

Սուրիական տագնապին օրին միջամտել- չմիջամտելու պարանաձգութիւնը ցուցադրած Ուաշինկթընը այսօր կը թուի  աւելի հաստատ քայլերով ընթանալ դէպի միջամտութիւն: Առ երեւոյթ կը թուի, որ եթէ օրին ամերիկեան զինուորական միջամտութեան որոշումը չարդարացնողներ կային, այսօր աւելի համոզիչ կրնայ ըլլալ իսլամական ահաբեկիչներու դէմ կատարուելիք գործողութիւններու որոշումը: Մինչ  պաշտօնական Դամասկոս կը զգուշացնէ բացառել առանց իր համաձայնութեան որեւէ զինեալ գործողութիւն իրականացնել իր սահմաններուն մէջ, աւելի պարզ կը դառնայ, որ նման ահաբեկչութեան ծաւալումը անհրաժեշտ պայման էր ամերիկեան հաւանական միջամտութեան:

Եթէ չէզոքացումն ու արմատախլումն է Ուաշինկթընի զինուորական շրջանակներուն նպատակը, ապա ի՞նչը կ՛արգիլէր, որ իրաքեան տարածքներու վրայ իրականանային թէկուզ օդային յարձակումներու լայնածաւալ եւ ոչ թէ սահմանափակ գործողութիւններ: Իրաքի մէջ կատարուած ամերիկեան օդուժի հարուածները պարզ դարձուցին, որ տարածքներ կան, որոնց մէջ իսլամականները կրնան անարգել գործել, եւ այլ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կէտեր, սահմաններ, որոնց մօտենալը արգիլուած է:

Տարածքներու ամայացումը, քաղաքացիներու գլխատումը, վայրագութիւններու ցուցադրութիւնը եւ որոշ շրջաններու մէջ օր ցերեկով կատարուող ցեղային զտումներն ու տեղահանութիւնները անհրաժեշտ պատճառ եւ շարժառիթ չեն, որ միջազգային ընտանիքը սանձէ այս արշաւը: Ինչ որ մտածել կու տայ, որ խալիֆայական այս շարժումը` տեղ մը ներշնչուած արտաքին կեդրոններէ, այլ տեղ ուղղակի զինուած ու ֆինանսաւորուած կրօնական պիտակին տակ եւ խուճապային ամբոխային տրամադրութիւններու ալիք բարձրացնելով ուղղակի գործիքի դեր կը կատարէ աշխարհաքաղաքական ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութիւններու վրայ:

Գործիքային հանգամանքի եւ գործիքաւորողի վերաբերող տեսութիւններուն մէջ առանց խորանալու պահ մը կեդրոնանանք շրջանային ուժի դիրքերէ խօսող Անգարայի վերջին պահուածքին վրայ` այնտեղ ընդգծելու համար որոշ կարեւորութիւն ներկայացնող երեւոյթներ:

Նման տարրերու զինման, ֆինանսաւորման, տարածման եւ դէպի Սուրիա եւ Իրաք անարգել անցման մասին Անգարայի ունեցած դերակատարութիւնը դժուար է շուքի մէջ ձգել: Ճիշդ է, որ քաղաքական պաշտօնական ամբաստանութիւններ չեն հնչեր այս մասին, այսուհանդերձ միջազգային հեղինակաւոր մամուլի տեսութիւնները այս մասին սեւով ճերմակի վրայ սկսած են գրել: Անգարան կը թուի, որ նեղ կացութեան մատնուած է, որովհետեւ հիմա կը հրաւիրուի մաս կազմելու Միացեալ Նահանգներու առաջադրած դաշինքին եւ մասնակցելու պատժիչ գործողութիւններուն: Հակասական դիրքերէ դուրս գալու համար Անգարա մէջտեղ նետած է Մուսուլի իր դիւանագիտական անձնակազմի պատանդի կարգավիճակին մէջ ըլլալը:

Դաշինքին ընդլայնումը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Թուրքիա կատարած այցելութեան գլխաւոր նպատակն է: Անգարան համաձայնութիւն տուած է  համագործակցիլ Ուաշինկթընի ծրագիրներուն հետ, սակայն չի պատրաստուիր ռազմական գործողութիւններուն աշխուժ մասնակցութիւն ունենալու:

Անկախ այն իրողութենէն, որ խալիֆայութիւնը պարարտ ենթահող է Միացեալ Նահանգներուն համար նոր ռազմական դաշինքներ կազմելու, շրջանի այս կամ այն երկրին մէջ զինուորական գործողութիւններ իրականացնելու եւ ի վերջոյ ազդեցութեան նոր գօտիներ ամրապնդելու, այստեղ Անգարան դժուար կացութեան մէջ յայտնուած է:

Եւ ճիշդ այս գիծին վրայ, Միացեալ Նահանգներուն եւ իրենց կողմէ  ընդլայնուած դաշինքին պատկանող պետութիւններուն եւ Թուրքիոյ միջեւ կարեւոր հակասութիւնը կրնայ քաղաքական մակարդակի վրայ գործնական դրսեւորումներ ունենալ:

«Ա.»

Նախորդը

Արիաւան. Երազանք, Որ Դարձաւ Իրականութիւն

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.