Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի Կառավարիչը Տեսակցեցաւ Նախագահ Սարգսեանի Եւ Նախարար Նալբանդեանի Հետ

September 30, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8380_bՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը Հայաստանի մէջ է` հաստատակամօրէն օժանդակելու համար երկրի զարգացման: Երէկ այս մասին յայտարարեց ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի կառավարիչ Հելեն Քլարք` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ երէկ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Առաքելութիւնը իրականացնելու համար Քլարք կարեւոր նկատեց Հայաստանի կառավարութեան հետ երկրի զարգացման առաջնահերթութիւններու քննարկումը: Սարգսեան իր կարգին ընդգծեց, որ տարբեր մարզերու մէջ իրականացուած բարեփոխումներու, բազմաթիւ համայնքներու մէջ զարգացման ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ զգալի է ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի աշխատանքը:

Հելեն Քլարք շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի եւ անոր տարբեր կառոյցներու գործունէութեան Հայաստանի գործուն եւ շահագրգիռ մասնակցութեան, ներառեալ` կազմակերպութեան խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցելու որոշման համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին համար Հայաստանի հանգանակութեան եւ Սուրիոյ տագնապին պատճառով այդ երկրէն Հայաստան տեղափոխուած հազարաւոր սուրիացիներու աջակցութեան, ՄԱԿ-ի նոր օրակարգի մշակման մասնակցելու Հայաստանի պատրաստակամութեան համար, որուն մասին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին:

Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան  շրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի կառավարիչ Հելեն Քլարք  նաեւ տեսակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ ըսաւ. «Հայաստան բարձր կը գնահատէ ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի գործունէութիւնը եւ, մասնաւորապէս, ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի աջակցութիւնը Հայաստանի զարգացման, տարբեր մարզերու խնդիրներու լուծման ուղղուած օժանդակութիւնը»:

Քլարք իր կարգին ըսաւ, որ անցեալ տարիներուն Հայաստանի իշխանութիւններուն  հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կարելիութիւն ընձեռած է մեծ  ծրագիրներ իրականացնել երկրին մէջ, յառաջ մղել ՄԱԿ-ի հռչակած Հազարամեակի նպատակներու իրագործումը:

Տեսակցութեան  մասնակիցները միտքեր փոխանակեցին աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին կողմէ իրականացուող առաքելութեան եւ համաշխարհային խնդիրներու լուծման ուղղուած գործունէութեան վերաբերեալ, քննարկուեցան միացեալ ջանքերով իրականացուած ծրագիրներու արդիւնքները, հետագայ ընելիքներն ու հեռանկարային նախագիծերը:

Կողմերը նաեւ անդրադարձան միջազգային հրատապ խնդիրներուն եւ անոնց լուծման հոլովոյթներուն մէջ ՄԱԿ-ի դերակատարութեան: ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի ղեկավարը բարձր գնահատեց Հայաստանի մասնակցութիւնը խաղաղապահ գործողութիւններուն:

Զրոյցին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ ՄԱԿ-ի մասնագիտացած կառոյցներուն հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը անոնց աշխատանքներուն:

Զրուցակիցները խոր մտահոգութիւն յայտնեցին Միջին Արեւելքի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկիչներուն կողմէ իրականացուող բռնութիւններուն: Այս առումով Նալբանդեան ողջունեց անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ միաձայնութեամբ ընդունուած բանաձեւը, որ կը ճշդէ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարի հիմնական ուղղութիւնները:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին` նախարար Նալբանդեան ըսաւ. «Ազրպէյճանական կողմը կրկին ցոյց տուաւ, որ տակաւին պատրաստ չէ հիմնախնդիրի լուծման միջազգային հանրութեան կողմէ եռանախագահներուն միջոցով ներկայացուած միջազգային իրաւունքի  չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ:

Իսկ խօսելով հայ-թրքական արձանագրութիւններու ճակատագիրին մասին` նախարարը ըսաւ. «Պաշտօնական Երեւանը չի յստակացներ, թէ խորհրդարանէն ե՛րբ ետ պիտի կանչուին հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Եթէ այդպիսի բան ըլլար, Հանրապետութեան նախագահը թերեւս կ՛ըսէր այդ մասին, բայց ինք ըսաւ այն, ինչ որ ըսած է: Աւելցնելու ոչինչ ունիմ»:

Նախորդը

Հայաստան Կրնայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամ Դառնալ 2 Յունուարէն

Յաջորդը

Ֆութսալ. Եւրոպա-2016. Հայաստան Պիտի Մրցի Շուէտի, Իսրայէլի Եւ Սկովտիոյ Դէմ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.