Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով երէկ` հինգշաբթի, 2 հոկտեմբերին Լիբանան հասաւ Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբը:
Գաղութային կառոյցներուն ծանօթանալու շրջագիծին մէջ երէկ «Վարդանանց» երգչախումբին անդամները այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ծանօթացան կեդրոնին մէջ գործող մշակութային եւ տեղեկատուական կառոյցներու աշխատանքներուն: Այցելութեան յաջորդական հանգրուաններն էին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը, գրատունը եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը, «Ազդակ»-ի խմբագրատունը եւ «Վանայ ձայն»-ը:
Երգչախումբին անդամները առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ պիտի ունենան Պէյրութի մէջ շաբաթ, 4 հոկտեմբեր 2014¬ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ:
Կիրակի, 5 հոկտեմբերին «Վարդանանց»¬ի անդամները պիտի մասնակցին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Ս. պատարագին:


