Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի 4 Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներ Այցելեցին Ազգային Միացեալ Վարժարան

December 19, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1718_tbrotsԿազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` հինգշաբթի, 18 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող 4 Ազգային վարժարաններու աշակերտները ` Լ. եւ Ս. Յակոբեան, Աբգարեան, Աքսոր Գասարճեան եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց, ընկերակցութեամբ իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, այցելեցին Պուրճ Համուտի մէջ նոր կառուցուող Ազգային միացեալ վարժարան` մօտէն ծանօթանալու վարժարանի կառոյցին եւ բաժանմունքներուն:

Սոյն այցելութեան, ներկայ էր նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան շրջեցաւ աշակերտներուն մէջ եւ զրուցեց անոնց հետ` «իրենց նոր վարժարանին մասին»:

Ուսումնական խորհուրդին անունով Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք աշակերտներուն նկատել տուաւ, որ իրենք պիտի ըլլան այն բախտաւոր սերունդը, որ պիտի վայելէ Ազգային միացեալ վարժարանի բարիքները: «20 տարուան երազը ահաւասիկ վերջապէս կ՛իրականանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին: Դուք պէտք է ուրախ ըլլաք, որ պիտի ըլլաք այն սերունդը, որ պիտի վայելէ տարիներէ ի վեր որոշուած ծրագիրը, որ մօտ օրէն պիտի հասնի իր աւարտին», շեշտեց Ս. Մանկասարեան` խօսքը ուղղելով ներկայ աշակերտներուն: Ան նաեւ յայտնեց, որ  սոյն արդիական կառոյցը բոլոր հայ աշակերտներուն համար է, ի մասնաւորի Պուրճ Համուտի մէջ բնակողներուն:

Այնուհետեւ, «փաուըր փոյնթ»-ով աշակերտներուն ցուցադրուեցան վարժարանի շինարարական աշխատանքները եւ ներքին դասաւորումները:

Աշակերտները բաւական խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ շրջեցան վարժարանին մէջ եւ այցելեցին զանազան բաժինները` մեծ յոյսով, որ յառաջիկայ տարիներուն իրենք պիտի վայելեն այդ արդիական եւ գեղեցիկ կառոյցը:

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Հրաւէրով. 3500 Աշակերտներ Վայելեցին «Ֆանթասթիք Ուըրլտ»-ի Ներկայացումները

Յաջորդը

Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա` Աշխարհի Մէջ Ամէնէն Շատ Լրագրողներ Ձերբակալած Երկիրներու Տասնեակին Մէջ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.