Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Կարկաչ» Մանկապատանեկան Երգչախումբ . Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօնական Համերգ

December 22, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1021_gar-1Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը «Պէյրութ Չանթս»-ի նախաձեռնած հոգեւոր երաժշտութեան Պէյրութի 7-րդ փառատօնի ծիրին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով տօնական համերգ մը ներկայացուց շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը: Խումբերու գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարն էր Զաքար Քէշիշեան, իսկ դաշնակահարները` Լիանա Յարութիւնեան եւ Արեգ Տաղլեան:

Համերգին բարի գալուստի խօսքը փոխանցուեցաւ արաբերէնով, նշուեցաւ, որ հաւաքուեր ենք մասնակից դառնալու փոքրիկ հրեշտակներու Ամանորի հոգեւոր եւ աւանդական երգերու կատարումներուն: Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ Փոլա Եագուպեանին, որ հովանաւորեց համերգը եւ նեցուկ կանգնեցաւ անոր կայացման:

Երգչախումբի փոքրիկ անդամները` ուրախ եւ աշխուժ, գրաւելէ ետք իրենց տեղերը, Ամանորի ուրախ երգերով սկսան յայտագիրը: Հայերէն երգերուն զուգահեռ հնչեցին նաեւ արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն գեղեցիկ ու հետաքրքրական յօրինումներ եւ մշակումներ: Գեղեցիկ հնչեցին Զեքի Նասիֆի «Նայիլի ահլա Զահրա» եւ «Ռաժեհ ռաժեհ» երգերը: Ուշագրաւ էր նաեւ «Տը սաունտ աֆ միուզիք» երգին բարձրորակ կատարումը: Ս. Ծնունդի անգլերէն երգերու շարքով մը յայտագիրի առաջին բաժինը իր աւարտին հասաւ:

1021_gar-2Փոքրիկներուն փայլուն դէմքերէն ճառագայթած նշոյլները ջերմացուցին իւրաքանչիւրի հոգին ու իրենց կարկաչուն ձայնով յաջողեցան բոլորին սրտերը լեցնել սիրով ու բարութեամբ:

Յայտագիրին երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը, որ ներկայացուց «Հայաստան» երգը: Հիանալի կատարում էր «Աւէ Մարիա»-ն եւ «Է ֆրենչ Քարոլ Սուիթ» երգերը: Մեծապէս խանդավառեց «Ճինկըլ պելզ»-ի կատարումը իր իւրայատուկ մշակմամբ: «Ուի ուիշ եու է մերի քրիսմըս» երգով իր աւարտին հասաւ երկրորդ բաժինը:

Հանդիսականները հիանալի երգեցողութեամբ հրապուրուած էին, երբ փոքրերը իրենց ափերուն մէջ վառած մոմերով «Խորհուրդ մեծ» շարականի խորհրդաւոր երգեցողութեամբ եւ հանդիսաւոր մուտքով եկեղեցի մտան եւ միացան երիտասարդներուն, որոնք իրենց ձայները միացուցին փոքրերուն եւ բոլորին հաղորդեցին Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը:

Երգչախումբերուն ոգեշունչ կատարումներով եւ հոգեպարար տրամադրութեամբ տեղի ունեցած համերգը աւարտեցաւ ներկաներուն բուռն ծափողջոյններով եւ ծաղկեփունջերու նուիրմամբ խմբավարին եւ դաշնակահարներուն:

 

 

Նախորդը

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 2015-ի Բացառիկին Կը Մասնակցին 45 Աշխատակիցներ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.