Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Մարմինը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

December 19, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

BKM_7210-MՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ Պքերքէի մէջ պիտի զետեղուի խաչքար մը` եկեղեցիներուն միջեւ քրիստոնէական միասնականութեան իբրեւ խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ իբրեւ գնահատական` 1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը հիւրընկալելու Լիբանանի կեցուածքին:

Հանդիպումէն ետք 100-ամեակի Լիբանանի մարմինի նախագահ Սեդա Խտըշեան յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը առաջադրուած է Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու անդամ Սարգիս Պուտագեանի կողմէ:

Ան նշեց, որ առաջարկուած է լիբանանեան քրիստոնէական երեք կեդրոններու մէջ զետեղել հայկական քրիստոնէական խաչքարեր, ընդգծելու համար լիբանանցիներուն հետ հայութեան ամրապնդուած յարաբերութիւնները:

«Պքերքէ քրիստոնէութեան խորհրդանիշ մըն է` հայութեան եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն համար: Մենք կը փափաքինք խաչքար մը զետեղել հոս` Պքերքէի մէջ` Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած ու բռնագաղթի ենթարկուած հայութիւնը հիւրընկալած լիբանանցի ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնելու համար: Այդ խաչքարը պիտի ըլլայ Լիբանանին եւ լիբանանցիին յայտնուած յարգանքն ու շնորհակալիքը: Անիկա քրստոնէութիւն խորհրդանշող քրիստոնեայ արտայայտութիւնն է», ըսաւ Ս. Խտըշեան` աւելցնելով, որ երեք կեդրոններուն մաս կը կազմեն նաեւ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու կեդրոնատեղին, որպէսզի խորհրդանշուի նաեւ հայութեան ունեցած ներդրումն ու գործակցութիւնը Լիբանանի տնտեսութեան եւ բարգաւաճման մէջ:

Իր կարգին, Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան շեշտեց, որ Պքերքէ քրիստոնեայ Արեւելքին փարոսն է, եւ այդ պատճառով ալ մենք կը փափաքինք հոն զետեղել մեր երկրէն բեկոր մը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Ռայի պատրիարք կը զօրակցի Հայ դատի արդարացիութեան եւ ընդառաջած է պատուիրակութեան  նախաձեռնութեան, ինչպէս միշտ կառչած մնալով քրիստոնեայ ժողովուրդի իր հողերուն վրայ պահելու իր համոզումին:

Միւս կողմէ, Սարգիս Պուտագեան շեշտեց, որ իրենց քրիստոնեայ արմատները պինդ են ու ամուր իրենց գտնուած հողին վրայ եւ անոնք աւելի եւս կը հզօրանան, երբ Պքերքէի կը նուիրեն Հայաստանէն բերուած քարի բեկորը, որ կը կրէ կենաց խաչը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շաբաթ, 20 Դեկտեմբերին` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.